YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 24

24
ՏԱՃԱՐԻՆ ԱՒԵՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ՅԻՍՈՒՍ
(Մարկ. 13.1-2, Ղուկ. 21.5-6)
1Երբ Յիսուս տաճարէն դուրս ելլելով կ’երթար, աշակերտները անոր քով գացին՝ տաճարին շէնքերը իրեն ցուցնելու։ 2Յիսուս անոնց ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք այդ ամէն բաները. ահա կ’ըսեմ ձեզի, ‘Քար քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի’»։
ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐ
(Մարկ. 13.3-13, Ղուկ. 21.7-19)
3Ու երբոր անիկա Ձիթենեաց լեռը նստեր էր, աշակերտները իրեն գացին առանձին ու ըսին. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ 4Յիսուս պատասխանեց. «Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ։ 5Վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն. ‘Ես եմ Քրիստոսը’ ու շատեր պիտի մոլորեցնեն։ 6Պիտի լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր։ Զգո՛յշ կեցէք որ չխռովիք, վասն զի այս ամէնը պէտք է որ ըլլան, բայց դեռ վերջը չէ։ 7Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ 8Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։ 9Այն ատեն ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք։ 10Շատեր պիտի գայթակղին ու մէկզմէկ պիտի մատնեն եւ մէկզմէկ պիտի ատեն։ 11Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ 12Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի։ 13Բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ 14Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ ՎԵՐՋը պիտի գայ»։
ՍՈՍԿԱԼԻ ԱՒԵՐՈՒՄՆԵՐ
15 «Ուստի երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ (ով որ կարդայ, թող հասկնայ). 16այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին։ 17Ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու։ 18Ան որ արտին մէջ է, թող ետ չդառնայ իր հանդերձները առնելու։ 19Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ 20Աղօթք ըրէք որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ, ոչ ալ Շաբաթ օրը. 21քանզի այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ 22Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան։ 23Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ ‘Ահա հոս է Քրիստոսը կամ հոն’, մի՛ հաւատաք. 24վասն զի սուտ քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու մեծ նշաններ ու հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որ եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։ 25Ահա ձեզի առաջուընէ ըսի։ 26Եթէ ձեզի ըսեն թէ ‘Ահա անապատին մէջ է’, մի՛ ելլէք. եւ թէ ՝ ‘Ահա ներքին սենեակներուն մէջ է’, մի՛ հաւատաք։ 27Վասն զի ինչպէս փայլակը արեւելքէն կ’ելլէ ու մինչեւ արեւմուտք կ՛երեւնայ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ գալուստը։ 28Քանզի ուր որ մեռած մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները»։
ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՅ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
(Մարկ. 13.24-27, Ղուկ. 21.25-28)
29 «Այն նեղութեան օրերէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ 30Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ 31Անիկա իր հրեշտակները պիտի ղրկէ մեծաձայն փողով ու պիտի ժողվեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»։
ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ
(Մարկ. 13.28-31, Ղուկ. 21.29-33)
32 «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ 33Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ 34Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան։ 35Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։
ՈՉ ՈՔ ԳԻՏԷ ՕՐԸ ԵՒ ԺԱՄԸ
(Մարկ. 13.32-37, Ղուկ. 17.26-30,34-36)
36 «Իսկ այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի #24.36 Ոմանք, հրեշտակները եւ ոչ Որդինհրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս։ 37Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ 38Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, 39չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ 40Այն ատեն եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. 41եւ եթէ երկու կին մէկ աղօրիքով աղալու վրայ գտնուին, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի»։
42 «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ 43Բայց այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ 44Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։
ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԾԱՌԱՆ
(Ղուկ. 12.41-48)
45 «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։ 46Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ 47Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։ 48Հապա եթէ այն չար ծառան իր սրտին մէջ ըսէ, ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’, 49եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել ու գինովներուն հետ ուտել ու խմել։ 50Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր 51եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը կեղծաւորներուն հետ պիտի դնէ։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 24: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in