YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 26

26
ԴԱՒ ՅԻՍՈՒՍԻ ԴԷՄ
(Մարկ. 14.1-2, Ղուկ. 22.1-2, Յովհ. 11.45-53)
1Երբ Յիսուս լմնցուց այս բոլոր խօսքերը, ըսաւ իր աշակերտներուն. 2«Գիտէք թէ երկու օր յետոյ Զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի խաչը ելլելու»։
3Նոյն ատեն քահանայապետները ու դպիրները եւ ժողովուրդին ծերերը ժողուեցան քահանայապետին սրահը, որուն անունը Կայիափա էր 4ու խորհեցան նենգութեամբ բռնել Յիսուսը ու մեռցնել։ 5Բայց կ’ըսէին թէ՝ «Ո՛չ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։
ՅԻՍՈՒՍ ԲԵԹԱՆԻՈՅ ՄԷՋ Կ’ՕԾՈՒԻ
(Մարկ. 14.3-9, Յովհ. 12.1-8)
6Երբ Յիսուս Բեթանիա էր, բորոտ Սիմոնին տունը, 7կին մը եկաւ անոր։ Ան ունէր ծանրագին իւղի շիշ մը։ Իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն վրայ՝ երբ ան սեղան նստած էր։ 8Անոր աշակերտները տեսնելով՝ բարկացան ու ըսին. «Ինչո՞ւ այս կորուստը, 9քանզի այդ իւղը կրնար սուղ գնով ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»։ 10Յիսուս իմանալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք կինը։ Անիկա բարի գործ մը գործեց։ 11Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։ 12Անիկա, որ այդ իւղը իմ մարմնիս վրայ թափեց, իմ թաղումիս համար ըրաւ։ 13Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ բոլոր աշխարհի մէջ՝ ուր որ այս աւետարանը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։
ՅՈՒԴԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ՄԱՏՆԵԼՈՒ ԿԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻ
(Մարկ. 14.10-11, Ղուկ. 22.3-6)
14Այն ատեն տասներկուքէն մէկը, որ Յուդա Իսկարիովտացի կը կոչուէր, գնաց քահանայապետներուն ու ըսաւ. 15«Ի՞նչ կու տաք ինծի, որ ձեզի մատնեմ զանիկա»։ Անոնք երեսուն սիկղ արծաթ #26.15 Կամ, կշռեցինխոստացան անոր։ 16Անկէ յետոյ պատեհութիւն կը փնտռէր, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԶԱՏԻԿԸ Կ’ՈՒՏԷ
(Մարկ. 14.12-21, Ղուկ. 22.7-14,21-23, Յովհ. 13.21-30)
17Բաղարջակերաց առաջին օրը աշակերտները Յիսուսին եկան, անոր ըսին. «Ո՞ւր կուզես որ քեզի պատրաստենք Զատիկը՝ ուտելու համար»։ 18Անիկա ըսաւ. «Գացէք քաղաքը այս ինչ մարդուն ու ըսէք անոր, Վարդապետը կ’ըսէ. ‘Ժամանակս մօտ է. աշակերտներուս հետ մէկտեղ քու քովդ պիտի ընեմ Զատիկը’»։ 19Աշակերտներն ալ ըրին ինչպէս Յիսուս իրենց հրամայեց ու պատրաստեցին Զատիկը։
20Իրիկունը տասներկուքին հետ սեղան նստաւ։ 21Երբ կ’ուտէին, ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։ 22Շատ տրտմեցան եւ անոնցմէ ամէն մէկը սկսաւ ըսել անոր. «Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ»։ 23Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ան որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց, նոյնը պիտի մատնէ զիս։ 24Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։ 25Պատասխան տուաւ Յուդա, որ զանիկա պիտի մատնէր ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, միթէ ե՞ս եմ»։ Ըսաւ անոր. «Դուն ըսիր»։
ՏԷՐՈՋԸ ԸՆԹՐԻՔԸ
(Մարկ. 14.22-25, Ղուկ. 22.14-20, Ա. Կորթ. 11.23-25)
26Մինչ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս»։ 27Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. 28«Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար։ 29Բայց կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ, մինչեւ այն օրը՝ երբ ձեզի հետ նոր գինին խմեմ իմ Հօրս թագաւորութեանը մէջ’»։
ՅԻՍՈՒՍ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՈՒՐԱՆԱԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ
(Մարկ. 14.27-31, Ղուկ. 22.31-34, Յովհ. 13.36-38)
30Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան։ 31Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’։ 32Բայց յարութիւն առնելէս յետոյ ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։ 33Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»։ 34Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, այս գիշեր դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։ 35Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ»։ Այսպէս կ’ըսէին նաեւ բոլոր աշակերտները։
ՅԻՍՈՒՍ ԳԵԹՍԵՄԱՆԻԻ ՄԷՋ Կ’ԱՂՕԹԷ
(Մարկ. 14.32-42, Ղուկ. 22.39-46)
36Այն ատեն Յիսուս անոնց հետ տեղ մը գնաց, որուն անունը Գեթսեմանի էր ու ըսաւ աշակերտներուն. «Հոս նստեցէք մինչեւ որ ես երթամ հոն աղօթք ընեմ»։ 37Իրեն հետ առնելով Պետրոսը ու Զեբեդէոսի երկու որդիները, սկսաւ տրտմիլ ու վշտանալ։ 38Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է։ Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք»։ 39Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինծմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ՛ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։ 40Երբ եկաւ աշակերտներուն, զանոնք քնացած գտաւ եւ ըսաւ Պետրոսին. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ։ 41Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք։ Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ 42Դարձեալ երկրորդ անգամ գնաց աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ անկարելի է որ այս գաւաթը ինծմէ անցնի առանց անկէ խմելու՝ թող քու կամքդ ըլլայ»։ 43Եւ եկաւ զանոնք նորէն քնացած գտաւ, վասն զի աչքերնին ծանրացած էր։ 44Թողուց զանոնք ու նորէն գնաց՝ երրորդ անգամ աղօթք ըրաւ՝ նոյն խօսքը ըսելով։ 45Այն ատեն եկաւ իր աշակերտներուն ու ըսաւ անոնց. «Ասկէ յետոյ քնացէք ու հանգչեցէք. ահա ժամը հասաւ եւ Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։ 46Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ
(Մարկ. 14.43-50, Ղուկ. 22.47-53, Յովհ. 18.3-12)
47Դեռ անիկա կը խօսէր, երբ Յուդա, տասներկուքէն մէկը, եկաւ եւ իրեն հետ մեծ բազմութիւն՝ սուրերով ու բիրերով, քահանայապետներէն եւ ժողովուրդին ծերերէն։ 48Զանիկա մատնողը անոնց նշան մը տուեր էր՝ ըսելով. «Ով որ ես համբուրեմ, ա՛ն է, բռնեցէք զանիկա»։ 49Եւ շուտ մը Յիսուսին մօտենալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, վա՛րդապետ», ու համբուրեց զանիկա։ 50Յիսուս ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար եկար դուն»։ Այն ատեն մօտեցան, ձեռք զարկին Յիսուսին ու բռնեցին զանիկա։ 51Յիսուսին հետ եղողներէն մէկը ձեռքը երկնցուց եւ իր սուրը հանելով՝ զարկաւ քահանայապետին ծառային եւ անոր ականջը մէկդի հանեց։ 52Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին։ 53Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու #26.53 Յուն., լեգէոնէնգունդէն աւելի հրեշտակներ։ 54Բայց ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ»։
55Այն ատեն Յիսուս ըսաւ այն բազմութեանը. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ Ամէն օր տաճարին մէջ ձեզի հետ կը նստէի ու կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք։ 56Բայց այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուին մարգարէներուն գրքերը»։ Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։
ՅԻՍՈՒՍ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌՋԵՒ
(Մարկ. 14.53-65, Ղուկ. 22.54-55, Յովհ. 18.13-14,19-24)
57Անոնք որ Յիսուսը բռնեցին, Կայիափա քահանայապետին տարին, ուր դպիրները ու ծերերը ժողվուեր էին։ 58Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ քահանայապետին գաւիթը ու ներս մտաւ, սպասաւորներուն հետ նստաւ, որպէս զի վերջը տեսնէ։ 59Քահանայապետներն ու ծերերը եւ բոլոր ժողովը Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն մը կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն. 60բայց չգտան. թէեւ շատ սուտ վկաներ ալ եկան, կրկին չգտան։ Ետքը երկու սուտ վկայ եկան 61ու ըսին թէ՝ «Ասիկա ըսաւ, ‘Ես կրնամ Աստուծոյ տաճարը քակել եւ զանիկա երեք օրուան մէջ շինել’»։ 62Քահանայապետը ոտքի ելլելով՝ ըսաւ անոր. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։ 63Յիսուս լուռ կեցաւ։ Ուստի ելաւ քահանայապետը ու ըսաւ անոր. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ»։ 64Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն ըսիր. բայց կ’ըսեմ ձեզի, ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։ 65Այն ատեն քահանայապետը իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Հայհոյութիւն ըրաւ. ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ. ահա հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը. 66ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Անոնք պատասխան տուին ու ըսին. «Մահապարտ է»։ 67Այն ատեն անոր երեսը թքնեցին, բռունցքով ծեծեցին զանիկա։ Ոմանք ալ ապտակ զարնելով՝ ըսին. 68«Մարգարէացիր մեզի, դո՛ւն, Քրիստո՛ս, ո՞վ է ան որ քեզի զարկաւ»։
ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ՛ՈՒՐԱՆԱՅ
(Մարկ. 14.66-72, Ղուկ. 22.56-62, Յովհ. 18.15-18,25-27)
69Երբ Պետրոս դուրսը գաւիթը նստեր էր, աղախին մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Դուն ալ Գալիլիացի Յիսուսին հետ էիր»։ 70Բայց անիկա ամենուն առջեւ ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր դուն ի՛նչ կը խօսիս»։ 71Երբ դուռը ելաւ, ուրիշ աղախին մը զանիկա տեսաւ եւ հոն եղողներուն ըսաւ. «Ասիկա ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էր»։ 72Պետրոս նորէն երդում ընելով ուրացաւ, թէ՝ «Ես այն մարդը չեմ ճանչնար»։
73Քիչ մը յետոյ հոն եղողները եկան եւ ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն ալ անոնցմէ ես, վասն զի քու խօսուածքդ ալ քեզ կը յայտնէ»։ 74Այն ատեն սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով թէ՝ «Ես այն մարդը չեմ ճանչնար»։ Նոյն պահուն հաւը խօսեցաւ։ 75Պետրոս միտքը բերաւ Յիսուսին խօսքը, որ իրեն ըսեր էր թէ՝ «Դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս». ու դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 26: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in