Skip to content
Bible App logo

Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 23

23
ԴԱՒԻԹԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ
1Դաւիթին վերջին խօսքերը ասոնք են։
Յեսսէի որդին Դաւիթ՝
Այն մարդը, որ բարձրացաւ՝
Յակոբի Աստուծոյն օծեալը՝
Ու Իսրայէլի վայելուչ երգերը շարադրողը, կ’ըսէ.
2«Տէրոջը Հոգին ինծմով խօսեցաւ
Ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր։
3Իսրայէլին Աստուածը ըսաւ
Ու Իսրայէլին Վէմը ինծի խօսեցաւ
Ըսելով. ‘Մարդոց վրայ իշխողը թող արդար ըլլայ
Ու Աստուծոյ վախովը իշխէ’,
4Այն ատեն անիկա առաւօտեան լոյսին կը նմանի,
Որ արեւուն ծագած ատենը կ’երեւնայ,
Այնպիսի առաւօտի մը՝ որ առանց ամպի է
Ու արեւու ճառագայթին՝
Որ անձրեւէն ետքը գետնէն կանանչ խոտ կը բուսցնէ։
5Թէեւ իմ տունս Աստուծոյ քով այսպէս չէ,
Սակայն ինծի հետ յաւիտենական ուխտ մը ըրաւ,
Որ ամէն բանի մէջ պատրաստ ու հաստատ է.
Քանզի իմ բոլոր փրկութիւնս ու իմ բոլոր բաղձանքս այս է.
# 23:5 Կամ, Թէեւ չծաղկեցնէ Ու պիտի չծաղկեցնէ՞՝ ՝ զայն։
6Բայց բոլոր անօրէնները
Դուրս նետուած փուշերու պէս պիտի ըլլան,
Քանզի անոնք ձեռքով չեն բռնուիր։
7Անոնց դպչող մարդը
Երկաթը ու նիզակին բունը #23:7 Եբր., պիտի լեցուիիրեն զէնք պիտի ընէ՝ ՝
Ու իրենց եղած տեղը
Բոլորովին կրակի մէջ պիտի այրին»։
ԴԱՒԻԹԻՆ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ
(Ա. Մնաց. 11:10-41)
8Դաւիթին զօրաւոր մարդոցը անունները ասոնք են. #23:8 Կամ, աթոռը նստողՅօսէբ-Բասեբեթ Թահքեմոնացին, որ զօրավարներուն գլխաւորն էր. անիկա է #23:8 Կամ, իր նիզակը վերցուց ութ հարիւր մարդոց վրայ ու զանոնք մէկէն մեռցուցԱսօնացի Ադինօն, որ անգամ մը ութ հարիւր մարդ մէկէն մեռցուց՝ ՝։
9Անկէ ետքը Աքուքացի Դովդայի որդին Եղիազարը, որ Դաւիթին հետ եղող երեք զօրաւորներէն մէկն էր, երբ անոնք պատերազմելու համար հոն հաւաքուած Փղշտացիները նախատեցին ու Իսրայէլի մարդիկը փախան։ 10Ասիկա ելաւ ու Փղշտացիները զարկաւ, մինչեւ որ ձեռքը յոգնեցաւ ու ձեռքը իր սուրին վրայ փակաւ։ Տէրը այն օրը մեծ փրկութիւն ըրաւ ու ժողովուրդը անոր ետեւէն դարձաւ՝ միայն կողոպուտը առնելու համար։
11Անկէ ետքը Արարացի Ագէին որդին Սամման էր։ Փղշտացիները #23:11 Կամ, Քայայի մէջ հաւաքուեցանգունդ մը կազմեցին՝ ՝ ու հոն ոսպով լեցուն ագարակ մը կար։ Ժողովուրդը Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ։ 12Բայց անիկա ագարակին մէջտեղը կեցաւ, զանիկա պաշտպանեց ու Փղշտացիները զարկաւ եւ Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ։
13Երեսուն #23:13 Կամ, գլխաւորներունզօրավարներուն երեքը իջան եւ հունձքի ատեն Ոդողոմին քարայրը՝ Դաւիթին եկան։ Փղշտացիներուն մէկ գունդը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր։ 14Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր։ Փղշտացիները Բեթլէհէմի մէջ բերդապահ զօրք ունէին։ 15Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլէհէմին դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր պիտի խմցնէ»։ 16Այն ատեն այս երեք զօրաւորները Փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին անցան ու Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին ու Դաւիթին բերին. բայց անիկա չուզեց անկէ խմել, հապա զանիկա թափելով՝ Տէրոջը նուիրեց 17Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քա՜ւ լիցի որ ես այս բանը ընեմ. իրենց կեանքը վտանգի մէջ դնելով գացող մարդոց արի՞ւնը խմեմ» ու անկէ խմել չուզեց։ Ասոնք են այն երեք զօրաւոր մարդոց ըրածները։
18Շարուհեան Յովաբին եղբայրը Աբեսսա այն երեք մարդոց գլխաւորն էր։ Անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց դէմ վերցնելով՝ սպաննեց զանոնք։ Անիկա երեքին մէջ անուանի էր։ 19Այն ամենէն աւելի համարում ունենալուն համար, անոնց գլուխ եղաւ. բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։
20Մեծ գործեր գործող Կաբեսէելացի զօրաւոր մարդու մը որդիին Յովիադայի որդին Բանիա Մովաբացի Արիէլին երկու որդիները մեռցուց։ Ձիւնի ժամանակ իջաւ ու գուբին մէջ առիւծը մեռցուց։ 21Ասիկա տեսքով երեւելի Եգիպտացի մարդ մըն ալ մեռցուց։ Եգիպտացիին ձեռքը նիզակ մը կար, բայց Բանիա ցուպով մը անոր վրայ գնաց ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց եւ անոր նիզակովը զայն մեռցուց։ 22Յովիադայի որդին Բանիա այս բաները ըրաւ ու երեք զօրաւորներուն մէջ անուանի եղաւ. 23Երեսունէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ։
24Յովաբին եղբայրը Ասայէլ երեսունէն էր. նաեւ Բեթլէհեմացի Դովդայի որդին Ելէանան, 25Հարօդացի Սամմա, Հարօդացի Եղիկա, 26#23:26 Կամ, ՓելօնացիՓելլատացի Քեղղէս. Թեկուացի Եկգեսի որդին Իրաս, 27Անաթովթացի Աբիեզեր, Ովսացի Մեբունայ 28Աքուքացի Սելմօն, Նետոփաթացի Մաարայ, 29Նետոփաթացի Բաանայի որդին Ալաբ, Բենիամինի որդիներուն Գաբաայէն՝ Ռիփայի որդին Եթթի, 30Փարաթոնացի Բանիա, Գաասի ձորերէն Ադդայի, 31Արաբաթացի Աբիելբոն, Բարումացի Ազամօթ, 32Սաղաբինացի Եղիաբա, Յասենի որդիներէն՝ Յովնաթան, 33Արարացի Սամմա, Արարացի Սարարի որդին Աքիամ, 34Մաքաթիի որդիին Ահասբայի որդին Եղիփաղէտ, Գեղոնացի Աքիտոփէլի որդին Եղիամ, 35Կարմելացի Ասարէ, Արբացի Փաարայ, 36Սուբացի Նաթանի որդին Իգաղ, Գադացի Բանի, 37Ամմոնացի Սելեկ, Շարուհեան Յովաբի կապարճակիրը Բերովթացի Նաարա, 38Յեթերացի Իրաս, Յեթերացի Գարեբ, 39Քետացի Ուրիա. ամէնքը երեսունըեօթն էին։