YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 20

20
ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՒ ԱԲԻՄԵԼԷՔ
1Աբրահամ անկէ դէպի հարաւային երկիրը չուեց եւ Կադէսի ու Սուրի մէջտեղ բնակեցաւ ու Գերարայի մէջ պանդուխտ եղաւ։ 2Աբրահամ իր կնոջ Սառային համար՝ «Ասիկա իմ քոյրս է», ըսաւ եւ Գերարայի թագաւորն Աբիմելէք մարդ ղրկեց ու առաւ Սառան։
3Աստուած գիշերը երազի մէջ եկաւ Աբիմելէքին ու ըսաւ անոր. «Ահա այդ կնոջ համար, որ դուն առիր, պիտի մեռնիս. քանզի անիկա այր ունի»։ 4Բայց Աբիմելէք անոր մօտեցած չէր եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, արդար ա՞զգ մը պիտի մեռցնես։ 5Ինք ինծի ‘Անիկա իմ քոյրս է’ չըսա՞ւ եւ աս ալ՝ ‘Անիկա իմ եղբայրս է’, ըսաւ. ես այս բանը ուղիղ սրտով ու մաքուր ձեռքերով ըրի»։ 6Եւ Աստուած անոր ըսաւ երազի մէջ. «Ես ալ գիտցայ որ այս բանը ուղիղ սրտով ըրիր, նաեւ քեզ ինծի դէմ մեղք գործելէ ետ պահեցի. անոր համար քեզ չթողուցի որ անոր մօտենաս։ 7Բայց հիմա կինը իր էրկանը դարձուր. քանզի անիկա մարգարէ է եւ քեզի համար աղօթք թող ընէ, որ ապրիս եւ եթէ դուն զանիկա ետ չի տաս, գիտցիր թէ անշուշտ պիտի մեռնիք՝ դուն եւ բոլոր քուկիններդ»։
8Ուստի առտուն կանուխ Աբիմելէք ելաւ ու կանչեց իր բոլոր ծառաները եւ բոլոր այս բաները անոնց պատմեց ու մարդիկը շատ վախցան։ 9Եւ Աբիմելէք կանչեց Աբրահամը ու ըսաւ անոր. «Մեզի ի՞նչ ըրիր. ես քեզի դէմ ի՞նչ յանցանք ըրի, որ իմ վրաս ու թագաւորութեանս վրայ մեծ մեղք մը բերիր. չգործուելու գործեր ընել տուիր ինծի»։ 10Եւ Աբիմելէք ըսաւ Աբրահամին. «Ի՞նչ տեսար որ այս բանը ըրիր»։ 11Եւ Աբրահամ ըսաւ. «Ես կարծեցի թէ իրաւցընէ այս տեղ Աստուծոյ վախը չկայ ու կնոջս համար զիս պիտի մեռցնեն։ 12Եւ ասկէ զատ իրաւցընէ իմ քոյրս է. հօրս աղջիկն է, բայց մօրս աղջիկը չըլլալուն՝ իմ կինս եղաւ։ 13Եւ երբ Աստուած զիս իմ հօրս տունէն օտարութեան հանեց, ըսի ատոր. ‘Ինծի ընելու շնորհքդ այս ըլլայ, ուր որ երթալու ըլլանք, հոն ինծի համար ըսէ թէ «Իմ եղբայրս է»’։ 14Եւ Աբիմելէք ոչխարներ ու արջառներ եւ ծառաներ ու աղախիններ առաւ եւ Աբրահամին տուաւ. անոր կինը Սառան ալ անոր դարձուց։ 15Եւ Աբիմելէք ըսաւ. «Ահա իմ երկիրս քու առջեւդ է, ուր որ կ’ուզես բնակէ»։ 16Եւ Սառային ըսաւ. «Ահա եղբօրդ հազար կտոր արծաթ տուի։ Ահա այն քեզի չքմեղանքի միջոց ըլլայ բոլոր քեզի հետ եղողներուն եւ ամենուն առջեւ»։ Այսպէս անիկա յանդիմանուեցաւ։ 17Աբրահամ աղօթք ըրաւ Աստուծոյ եւ Աստուած բժշկեց Աբիմելէքը ու անոր կինը եւ անոր աղախինները սկսան ծնանիլ, 18Քանզի Տէրը Աբրահամին կնոջ Սառային համար՝ Աբիմելէքի ընտանիքին բոլոր արգանդները գլխովին գոցեր էր։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 20: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in