YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 21

21
ԻՍԱՀԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
1Տէրը իր ըսածին պէս Սառային այցելեց եւ խոստացածին պէս ըրաւ Սառային։ 2Սառա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ Աբրահամին՝ իր ծերութեան ատենը, այն նոյն ժամանակին, որ Աստուած ըսեր էր անոր։ 3Եւ Աբրահամ իրեն ծնած, այսինքն Սառային իրեն ծնած, իր որդիին անունը Իսահակ դրաւ։ 4Եւ Աբրահամ թլփատեց իր որդին Իսահակը, երբ ութը օրուան եղաւ, ինչպէս Աստուած իրեն պատուիրեր էր։ 5Աբրահամ հարիւր տարեկան էր, երբ իր որդին Իսահակ ծնաւ իրեն։ 6Սառա ըսաւ. «Աստուած զիս խնդացուց եւ ամէն լսող ինծի հետ պիտի խնդայ»։ 7Նաեւ ըսաւ. «Աբրահամին ո՞վ կ’ըսէր, թէ Սառան տղաքներ պիտի սնուցանէ. քանզի իր ծերութեան ատեն իրեն որդի ծնայ»։ 8Տղան մեծցաւ ու կաթէն կտրուեցաւ եւ Աբրահամ մեծ խնճոյք ըրաւ Իսահակին կաթէն կտրուած օրը։
ՀԱԳԱՐ ԵՒ ԻՍՄԱՅԷԼ ԿԸ ՀԵՌԱՑՈՒԻՆ
9Սառա տեսնելով որ Եգիպտացի Հագարին որդին, որ Հագար Աբրահամին ծնաւ, ծաղր կ’ընէ, 10Ըսաւ Աբրահամին. «Վռնտէ՛ այս աղախինը ու անոր որդին. վասն զի այս աղախինին որդին իմ որդիիս Իսահակին հետ ժառանգորդ պէտք չէ ըլլայ»։ 11Այս բանը Աբրահամին շատ դժուար երեւցաւ՝ իր որդիին պատճառով։ 12Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Տղուդ համար ու աղախինիդ համար՝ այդ բանը թող քեզի դժուար չերեւնայ, Սառային քեզի ըսած խօսքը մտիկ ըրէ, քանզի Իսահակով քու սերունդդ պիտի կոչուի։ 13Աղախինին որդին ալ ազգ մը պիտի ընեմ, վասն զի ան ալ քու սերունդդ է»։ 14Աբրահամ առտուն կանուխ ելաւ եւ հաց ու տիկ մը ջուր առաւ ու Հագարին տուաւ՝ անոր ուսին վրայ դնելով եւ տղան ալ տուաւ ու ղրկեց զանիկա։ Ան գնաց ու Բերսաբէէի անապատին մէջ անդին ասդին կը պտըտէր։ 15Երբ տիկին ջուրը հատաւ, մացառներէն մէկուն տակ ձգեց տղան։ 16Եւ նետընկեցի մը չափ հեռու գնաց ու գետինը նստաւ եւ ըսաւ. «Տղուն մեռնիլը չտեսնեմ» եւ գետինը նստելով իր ձայնը վերցուց ու լացաւ։ 17Աստուած տղուն ձայնը լսեց ու Աստուծոյ հրեշտակը երկնքէն կանչեց Հագարը ու անոր ըսաւ. «Հագա՛ր, քեզի ի՞նչ եղաւ. մի՛ վախնար, վասն զի Աստուած լսեց տղուն ձայնը՝ անոր եղած տեղէն։ 18Ելի՛ր, տղան վերցո՛ւր ու ձեռքովդ օգնէ անոր. վասն զի մեծ ազգ մը պիտի ընեմ զանիկա»։ 19Աստուած Հագարին աչքերը բացաւ ու ջրհոր մը տեսաւ եւ գնաց ու տիկը ջրով լեցուց ու տղուն խմցուց։ 20Աստուած տղուն հետ էր, որ մեծցաւ ու անապատը բնակեցաւ եւ աղեղնաւոր եղաւ։ 21Փառանի անապատին մէջ բնակեցաւ եւ մայրը անոր կին մը առաւ Եգիպտոսի երկրէն։
ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ԵՒ ԱԲԻՄԵԼԷՔԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ
22Այն ատեն Աբիմելէք եւ իր սպարապետը՝ Փիքօղ, խօսեցան Աբրահամին ըսելով. «Աստուած քեզի հետ է ամէն բանի մէջ՝ ինչ որ գործես։ 23Եւ հիմա հոս ինծի երդում ըրէ Աստուծմով, որ ինծի ու իմ զաւկիս եւ իմ սերունդիս հետ նենգութեամբ պիտի չվարուիս. հապա իմ քեզի ըրած երախտիքիս պէս պիտի ընես ինծի ու այս երկրին՝ որուն մէջ բնակեր ես»։ 24Եւ Աբրահամ ըսաւ. «Ես երդում կ’ընեմ»։ 25Ու Աբրահամ յանդիմանեց Աբիմելէքը ջրհորի մը համար, որ Աբիմելէքի ծառաները բռնութեամբ առած էին։ 26Աբիմելէք ըսաւ. «Այդ բանը ո՛վ ըրաւ չեմ գիտեր եւ դուն ալ չիմացուցիր ինծի ու ես ալ լսած չէի, միայն այսօր իմացայ»։ 27Եւ Աբրահամ ոչխարներ ու արջառներ առաւ ու Աբիմելէքին տուաւ ու երկուքն ալ ուխտ ըրին։ 28Եւ Աբրահամ ոչխարներէն եօթը հատ էգ գառներ զատ դրաւ։ 29Ու Աբիմելէք ըսաւ Աբրահամին. «Ինչ պիտի ըլլան այդ եօթը էգ գառները, որոնք դուն զատեցիր»։ 30Եւ անիկա ըսաւ. «Այս եօթը էգ գառները իմ ձեռքէս առ, որպէս զի անոնք վկայ ըլլան թէ այս հորը ես փորեր եմ»։ 31Անոր համար այն տեղին անունը #21:31 Այսինքն, երդումի ջրհորԲերսաբէէ կոչեց. քանզի երկուքն ալ հոն երդում ըրին։ 32Եւ Բերսաբէէի մէջ ուխտ ըրին։ Այն ատեն ելան Աբիմելէքն ու իր սպարապետը Փիքօղ եւ Փղշտացիներու երկիրը դարձան։
33Եւ Աբրահամ ծառեր տնկեց Բերսաբէէի մէջ ու հոն յաւիտենական Աստուծոյ, Եհովային անունը կանչեց։ 34Եւ Աբրահամ շատ օրեր պանդխտութիւն ըրաւ Փղշտացիներու երկրին մէջ։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 21: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in