YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 27

27
ԻՍԱՀԱԿ Կ’ՕՐՀՆԷ ՅԱԿՈԲԸ
1Երբ Իսահակ ծերացաւ ու իր աչքերուն տեսողութիւնը տկարացաւ, իր մեծ որդին Եսաւը կանչեց ու ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ իմ»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ 2Եւ Իսահակ ըսաւ. «Ահա ես ծերացեր եմ ու մեռնելուս օրը չեմ գիտեր։ 3Հիմա զէնքերդ՝ կապարճդ ու աղեղդ ա՛ռ եւ դաշտը ելիր ու ինծի որս մը որսայ 4Եւ իմ սիրածիս պէս ինծի խորտիկներ պատրաստէ ու ինծի բեր որ ուտեմ, որպէս զի մեռնելէս առաջ իմ հոգիս քեզ օրհնէ»։ 5Ռեբեկա լսեց, երբ Իսահակ իր որդիին՝ Եսաւին հետ կը խօսէր։ Եսաւ դաշտը գնաց որս մը որսալու եւ բերելու։
6Ռեբեկա իր որդիին Յակոբին ըսաւ. «Ահա ես լսեցի, երբ քու հայրդ քու եղբօրդ Եսաւին խօսեցաւ ու ըսաւ. 7‘Ինծի որս բեր ու ինծի խորտիկներ պատրաստէ, որպէս զի ուտեմ ու մեռնելէս առաջ քեզ Տէրոջը առջեւ օրհնեմ’։ 8Հիմա, որդեակ իմ, ինչ որ ես քեզի պատուիրեմ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ։ 9Հիմա դէպի հօտը գնա ու անկէ ինծի երկու աղէկ ուլ բեր այծերէն եւ անոնցմէ քու հօրդ համար խորտիկներ պատրաստեմ իր սիրածին պէս 10Ու հօրդ տար, որ ուտէ եւ իր մեռնելէն առաջ քեզ օրհնէ»։ 11Յակոբ ըսաւ իր մօրը Ռեբեկային. «Ահա իմ եղբայրս Եսաւ մազոտ մարդ մըն է ու ես լերկ մարդ մըն եմ, 12Գուցէ հայրս զիս շօշափէ ու ես իր աչքին խաբողի մը պէս երեւնամ եւ իմ վրաս անէծք բերեմ ու ոչ թէ օրհնութիւն»։ 13Եւ իր մայրը ըսաւ անոր. «Որդեակ իմ, քեզի գալու անէծքը թող իմ վրաս ըլլայ, միայն թէ դուն իմ խօսքս մտիկ ըրէ ու գնա ինծի բեր զանոնք»։ 14Յակոբ գնաց ու առաւ եւ իր մօրը բերաւ։ Մայրը անոր հօրը սիրածին պէս խորտիկներ պատրաստեց։ 15Ռեբեկա իր մեծ որդիին Եսաւին ազնիւ հանդերձները առաւ, որոնք տանը մէջ իր քով էին ու իր պզտիկ որդիին Յակոբին հագցուց։ 16Եւ այծի ուլերուն մորթերը անոր ձեռքերուն ու անոր լերկ պարանոցին վրա դրաւ. 17Եւ իր ըրած խորտիկները ու հացը իր որդիին Յակոբին ձեռքը տուաւ։
18Յակոբ իր հօրը գնաց ու ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ. ո՞վ ես դուն, որդեակ իմ»։ 19Ու Յակոբ իր հօրը ըսաւ. «Ես քու անդրանիկ որդիդ Եսաւն եմ, ինծի ըսածիդ պէս ըրի։ Շնորհք ըրէ՛, ելի՛ր, նստէ՛ եւ իմ որսէս կեր, որպէս զի քու հոգիդ զիս օրհնէ»։ 20Իսահակ ըսաւ իր որդիին. «Ի՞նչպէս այդչափ շուտով գտար, որդեակ իմ»։ Յակոբ ըսաւ. «Քանզի Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ իմ առջեւս բերաւ»։ 21Իսահակ ըսաւ Յակոբին. «Մօտ եկուր որպէս զի քեզ շօշափեմ, որդեա՜կ իմ, թէ արդեօք դուն իմ որդիս Եսա՞ւն ես, թէ ոչ»։ 22Յակոբ իր հօրը Իսահակին մօտեցաւ, որ շօշափեց զանիկա ու ըսաւ. «Ձայնը Յակոբին ձայնն է, բայց ձեռքերը Եսաւին ձեռքերն են»։ 23Այսպէս չճանչցաւ զանիկա, քանզի անոր ձեռքերը իր եղբօրը Եսաւի ձեռքերուն պէս մազոտ էին եւ օրհնեց զանիկա 24Ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես իմ որդիս Եսաւը»։ 25Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Հայրը ըսաւ. «Մօտ բեր ինծի ու իմ որդիիս որսէն ուտեմ, որպէս զի իմ հոգիս քեզ օրհնէ»։ Յակոբ մօտեցուց անոր, ան ալ կերաւ։ Յակոբ գինի բերաւ հօրը, որ խմեց։ 26Անոր հայրը՝ Իսահակ՝ ըսաւ անոր. «Հիմա մօտեցիր ու զիս համբուրէ, որդեակ իմ»։ 27Անիկա մօտեցաւ ու համբուրեց զանիկա եւ Իսահակ հանդերձին հոտը հոտուըտաց ու օրհնեց զանիկա եւ ըսաւ. «Ահա իմ որդիիս հոտը Տէրոջը օրհնած արտին հոտին պէս է։ 28Ուստի Աստուած տայ քեզի երկնքի ցօղէն ու երկրի պարարտութենէն եւ ցորենի ու գինիի առատութիւն. 29Թող ժողովուրդներ քեզի ծառայեն եւ ազգեր քեզի խոնարհութիւն ընեն. քու եղբայրներուդ տէրը եղիր եւ քու մօրդ որդիները քեզի խոնարհութիւն ընեն. քեզ անիծողը անիծեալ ըլլայ ու քեզ օրհնողը՝ օրհնեալ»։
ԵՍԱՒ ԻՍԱՀԱԿԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՆԴՐԷ
30Երբ Իսահակ դադարեցաւ Յակոբը օրհնելէ ու հազիւ թէ Յակոբ իր հօրը Իսահակին առջեւէն ելեր էր, անոր եղբայրը Եսաւ որսէն եկաւ։ 31Ան ալ խորտիկներ պատրաստեց ու իր հօրը բերաւ եւ իր հօրը ըսաւ. «Թող իմ հայրս ելլէ ու իր որդիին որսէն ուտէ, որպէս զի քու հոգիդ զիս օրհնէ»։ 32Անոր հայրը Իսահակ ըսաւ անոր. «Դուն ո՞վ ես»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ես քու որդիդ, քու անդրանիկդ, Եսաւն եմ»։ 33Իսահակ խիստ շատ սարսափեցաւ ու ըսաւ. «Այն որսը բռնողն ու ինծի բերողը ո՞վ էր, որ ես քու գալէդ առաջ ամենէն կերայ եւ օրհնեցի զանիկա։ Ա՛լ անշուշտ անիկա օրհնեալ պիտի ըլլայ»։ 34Երբ Եսաւ իր հօրը խօսքերը լսեց, խիստ մեծ ու դառն աղաղակով լացաւ եւ իր հօրը ըսաւ. «Զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՜վ հայր իմ»։ 35Անիկա ըսաւ. «Քու եղբայրդ եկաւ նենգութեամբ ու քու օրհնութիւնդ առաւ»։ 36Եսաւ ըսաւ. «Անոր անունը Յակոբ կոչուելո՞ւն համար է, որ երկու անգամ զիս խաբեց. իմ անդրանկութեան իրաւունքս առաւ եւ ահա հիմա օրհնութիւնս ալ առաւ»։ Նաեւ ըսաւ. «Ինծի համար օրհնութիւն մը չթողուցի՞ր»։ 37Եւ Իսահակ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Եսաւին. «Ահա զանիկա քեզի տէր ըրի եւ անոր բոլոր եղբայրները իրեն ծառաներ ըլլալու տուի ու զանիկա ցորենով ու գինիով հաստատեցի. ալ հիմա քեզի ի՞նչ ընեմ, որդեակ իմ»։ 38Եւ Եսաւ իր հօրը ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, քու օրհնութիւնդ միայն մէ՞կ է. զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՛վ հայր իմ»։ Ու Եսաւ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ։ 39Եւ իր հայրը Իսահակ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա քու բնակութիւնդ երկրի պարարտութենէն ու վերէն՝ երկնքի ցօղէն ըլլայ։ 40Քու սուրովդ ապրիս ու եղբօրդ ծառայութիւն ընես եւ եթէ անոր դէմ ապստամբիս՝ անոր լուծը քու պարանոցէդ կոտրես»։
41Եւ Եսաւ ատեց Յակոբը այն օրհնութեան համար, որով իր հայրը օրհնեց զանիկա ու Եսաւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Իմ հօրս սուգին օրերը մօտ են, յետոյ իմ եղբայրս Յակոբը պիտի մեռցնեմ»։ 42Ռեբեկային պատմուեցան իր մեծ որդիին Եսաւին խօսքերը, ուստի իր պզտիկ որդին Յակոբը կանչել տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա քու եղբայրդ Եսաւ քեզ մեռցնել խորհելով՝ քու վրայովդ ինքզինք կը մխիթարէ։ 43Հիմա, որդեա՛կ իմ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ ու ելի՛ր դէպի Խառան իմ Լաբան եղբօրս քով փախիր 44Եւ անոր քով կեցիր ատեն մը, մինչեւ եղբօրդ բարկութիւնը անցնի 45Ու քու անոր ըրածդ մոռնայ. ետքը քեզ անկէ բերել կու տամ. ինչո՞ւ ձեր երկուքէն ալ մէկ օրուան մէջ զրկուիմ»։
ԻՍԱՀԱԿ ՅԱԿՈԲԸ ԼԱԲԱՆԻՆ ԿԸ ՂՐԿԷ
46Եւ Ռեբեկա ըսաւ Իսահակին. «Քետի աղջիկներուն պատճառաւ հոգիէս զզուեր եմ. եթէ Յակոբ այս երկրին աղջիկներէն, ասոնց պէս Քետի աղջիկներէն, կին առնէ, ալ այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի»։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 27: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in