YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 28

28
1Իսահակ կանչեց Յակոբը, օրհնեց զանիկա եւ անոր պատուիրեց ու ըսաւ. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ։ 2Ելի՛ր, դէպի Միջագետք քու մօրդ հօրը Բաթուէլին տունը գնա եւ անկէ քու մօրդ եղբօրը Լաբանին աղջիկներէն քեզի կին առ 3Ու Ամենակարող Աստուածը քեզ օրհնէ ու քեզ աճեցնէ եւ քեզ շատցնէ ու շատ ժողովուրդներու հայր ըլլաս։ 4Եւ քեզի Աբրահամին օրհնութիւնը տայ, քեզի ու քեզի հետ քու սերունդիդ, որպէս զի ժառանգես քու պանդխտացած երկիրդ, որ Աստուած Աբրահամին տուաւ»։ 5Իսահակ ղրկեց Յակոբը եւ անիկա գնաց դէպի Միջագետք Ասորի Բաթուէլի որդիին Լաբանին, որ Յակոբին ու Եսաւին մօրը Ռեբեկային եղբայրն էր։
ԵՍԱՒ ՈՒՐԻՇ ԿԻՆ ՄԸ Կ’ԱՌՆԷ
6Եսաւ տեսնելով, որ Իսահակ օրհնեց Յակոբը ու ղրկեց զանիկա դէպի Միջագետք, անկէ իրեն կին առնելու համար եւ զանիկա օրհնած ատենը պատուիրեց անոր ըսելով. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ» 7Եւ Յակոբ հնազանդեցաւ իր հօրը ու մօրը ու Միջագետք գնաց։ 8Նաեւ Եսաւ տեսնելով, որ Քանանի աղջիկները իր հօրը Իսահակի հաճելի չեն, 9Այն ատեն Եսաւ Իսմայէլին գնաց եւ իր առաջուան կիներէն զատ՝ Աբրահամին որդիին Իսմայէլին աղջիկը Նաբէօթի քոյրը Մայէլէթը իրեն կին առաւ։
ՅԱԿՈԲԻՆ ԵՐԱԶԸ ԲԵԹԷԼԻ ՄԷՋ
10Յակոբ Բերսաբէէէն ելաւ դէպի Խառան գնաց։ 11Տեղ մը հասաւ ու գիշերը հոն մնաց, որովհետեւ արեւը մարը մտած էր եւ այն տեղի քարերէն առաւ ու իր գլխուն տակ դրաւ եւ այն տեղը պառկեցաւ։ 12Երազ մը տեսաւ։ Սանդուխ մը երկրի վրայ դրուած էր, որուն գլուխը երկինք կը հասնէր եւ ահա Աստուծոյ հրեշտակները անկէ կ’ելլէին ու կ’իջնէին։ 13Եւ ահա Տէրը կայնեցաւ անոր վրայ ու ըսաւ. «Ես եմ Եհովան, քու հօրդ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը։ Այդ երկիրը, որուն վրայ դուն կը պառկիս, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ. 14Եւ քու սերունդդ երկրի աւազին չափ շատ պիտի ըլլայ ու դէպի արեւմուտք եւ արեւելք եւ դէպի հիւսիս ու հարաւ պիտի տարածուի ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով ու քու սերունդովդ պիտի օրհնուին։ 15Ահա ես քեզի հետ եմ ու ամէն ուր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ ու քեզ այս երկիրը պիտի դարձնեմ. քանզի մինչեւ որ իմ քեզի ըսածս չընեմ, քեզ պիտի չթողում»։ 16Յակոբ արթնցաւ իր քունէն ու ըսաւ. «Իրաւցընէ Տէրը այս տեղ է եղեր ու ես չգիտցայ»։ 17Եւ վախցաւ ու ըսաւ. «Ի՞նչ ահաւոր է այս տեղը. այս ուրիշ բան չէ՝ բայց միայն Աստուծոյ տունը։ Այս է երկնքի դուռը»։ 18Յակոբ առտուն կանուխ ելաւ ու իր գլխուն տակ դրած քարը առաւ եւ զանիկա իբր արձան կանգնեցուց ու անոր գլուխը իւղ թափեց։ 19Եւ այն տեղին անունը #28:19 Այսինքն, Աստուծոյ տունըԲեթէլ դրաւ. բայց առաջ այն քաղաքին անունը Լուզ էր։ 20Եւ Յակոբ ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ Աստուած ինծի հետ ըլլայ ու այս երթալու ճամբուս մէջ զիս պահէ ու ինծի ուտելու հաց ու հագնելու հանդերձ տայ 21Եւ իմ հօրս տունը խաղաղութեամբ դառնամ՝ Տէրը ինծի Աստուած թող ըլլայ 22Եւ այս քարը, որ ես իբր արձան կանգնեցուցի՝ Աստուծոյ տունը թող ըլլայ եւ այն ամենէն որ ինծի պիտի տաս, քեզի տասանորդ տամ»։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 28: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in