YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 35

35
ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՕՐՀՆԷ ՅԱԿՈԲԸ
1Աստուած ըսաւ Յակոբին. «Ելի՛ր վեր, դէպի Բեթէլ գնա ու հոն բնակէ եւ հոն սեղան մը շինէ Աստուծոյ, որ քեզի երեւցաւ քու եղբօրդ Եսաւին երեսէն փախած ատենդ»։ 2Յակոբ իր ընտանիքին ու բոլոր իրեն հետ եղողներուն ըսաւ. «Ձեր մէջ եղող օտար աստուածները վերցուցէք ու մաքրուեցէք եւ հանդերձնիդ փոխեցէ՛ք 3Ու ելլելով դէպի Բեթէլ երթանք ու հոն սեղան մը շինեմ Աստուծոյ, որ իմ նեղութեանս օրը ինծի լսեց ու իմ գացած ճամբուս մէջ ինծի հետ էր»։ 4Անոնք իրենց ձեռքը եղած բոլոր օտար աստուածները ու իրենց ականջները եղած օղերը Յակոբին տուին։ Յակոբ թաղեց զանոնք Սիւքէմի մօտ եղած բեւեկնիին տակ։ 5Ապա ճամբայ ելան։ Իրենց բոլորտիքը եղած քաղաքներուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ, որով Յակոբի որդիներուն ետեւէն չինկան։ 6Յակոբ Քանանի երկրին մէջ եղող Լուզ, այսինքն Բեթէլ եկաւ, ինք ու իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդը։ 7Հոն սեղան մը շինեց ու այն տեղին անունը #35:7 Այսինքն, Բեթէլի ԱստուածըԷլ-Բեթէլ դրաւ, քանզի իր եղբօրը երեսէն փախած ատենը Աստուած հոն իրեն երեւցեր էր։
8Ռեբեկային դայեակը՝ Դեբօրա մեռաւ ու Բեթէլի վարի կողմի կաղնիին տակ թաղուեցաւ։ Անոր անունը #35:8 Այսինքն, սուգի կաղնիԱլօն Պախութ դրուեցաւ։
9Աստուած նորէն երեւցաւ Յակոբին, երբ անիկա Միջագետքէն դարձեր էր եւ օրհնեց զանիկա։ 10Եւ Աստուած ըսաւ անոր. «Քու անունդ Յակոբ է. ա՛լ անգամ մըն ալ քու անունդ Յակոբ չըսուի, հապա Իսրայէլ ըլլայ քու անունդ» ու անոր անունը Իսրայէլ դրաւ։ 11Եւ Աստուած ըսաւ անոր. «Ես Ամենակարող Աստուածն եմ. աճիս ու շատնաս. քեզմէ ազգ ու ազգերու բազմութիւն թող ըլլայ եւ քու երանքէդ թագաւորներ ելլեն։ 12Այն երկիրը, որ Աբրահամին եւ Իսահակին տուի, քեզի պիտի տամ ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ պիտի տամ այն երկիրը»։ 13Աստուած այնտեղ, ուր անոր հետ խօսեցաւ, անոր քովէն վեր ելաւ։ 14Յակոբ քարէ արձան մը կանգնեցուց այն տեղ, ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ եւ անոր վրայ ըմպելի նուէր մատուցանեց ու անոր վրայ իւղ թափեց։ 15Յակոբ այն տեղին անունը, ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ, Բեթէլ դրաւ։
ՌԱՔԷԼԻՆ ՄԱՀԸ
16Ու Բեթէլէն ճամբայ ելան ու դեռ Եփրաթա չեկած քիչ մը ճամբայ մնալով՝ Ռաքէլ ծնաւ։
17Ու երբ իր ծնանելուն շատ դժուարութիւն կը քաշէր, ծնուցիչը ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, քանզի աս ալ քեզի որդի է»։ 18Երբ անոր հոգին կ’ելլէր, (քանզի մեռաւ,) անոր անունը #35:18 Այսինքն, նեղութեանս որդինԲենօնի դրաւ. բայց անոր հայրը #35:18 Այսինքն, աջ ձեռքին որդինԲենիամին կոչեց զանիկա։ 19Ռաքէլ մեռաւ ու թաղուեցաւ Եփրաթայի ճամբան, որ Բեթլէհէմ է։ 20Յակոբ անոր գերեզմանին վրայ արձան մը կանգնեցուց, որ մինչեւ այսօր Ռաքէլի գերեզմանին արձանն է։
21Իսրայէլ ճամբայ ելաւ եւ իր վրանը #35:21 Այսինքն, հօտի աշտարակՄիկտալեդերի անդիի կողմը կանգնեցուց։ 22Իսրայէլ այն երկիրը կը բնակէր, Ռուբէն գնաց ու իր հօրը Բաղղա հարճին հետ պառկեցաւ։ Իսրայէլ լսեց ասիկա։
ՅԱԿՈԲԻՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ
(Ա. Մնաց. 2:1-2)
Արդ Յակոբին որդիները տասներկու էին. 23Լիային որդիները՝ Յակոբին անդրանիկը Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար ու Զաբուղոն. 24Ռաքէլին որդիները՝ Յովսէփ ու Բենիամին. 25Եւ Ռաքէլին Բաղղա աղախինին որդիները՝ Դան ու Նեփթաղիմ։ 26Եւ Լիային Զեղփա աղախինին որդիները՝ Գադ ու Ասեր։ Ասոնք են Յակոբին որդիները, որոնք Միջագետքի մէջ ծնան անոր։
ԻՍԱՀԱԿԻՆ ՄԱՀԸ
27Յակոբ եկաւ իր հօրը Իսահակին՝ դէպի Մամբրէ, Արբայի քաղաքը, այսինքն Քեբրոն, ուր Աբրահամ ու Իսահակ պանդխտութեամբ բնակեցան։ 28Իսահակին օրերը հարիւր ութսուն տարի եղան։ 29Իսահակ ծերացած ու օրերը լեցուած՝ աւանդեց հոգին ու մեռաւ եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ ու անոր որդիները Եսաւ ու Յակոբ թաղեցին զանիկա։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 35: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in