ՄԱՐԿՈՍ 12
12
ԱՅԳԻԻՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ
(Մատթ. 21:33-46, Ղուկ. 20:9-19)
1Ապա շարունակեց առակներով խօսիլ անոնց հետ ու ըսել. «Մարդ մը այգի տնկեց, անոր շուրջը ցանկ քաշեց, հնձան փորեց, աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ 2Ատենին ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի մշակներէն այգիին պտուղէն առնէ։ 3Իսկ անոնք բռնեցին, ծեծեցին զանիկա, պարապ ճամբեցին։ 4Նորէն ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց անոնց։ Զանիկա քարկոծելով գլուխը վիրաւորեցին ու անարգուած ճամբեցին։ 5Դարձեալ ուրիշ մը ղրկեց։ Զանիկա սպաննեցին։ Շատ ուրիշներ ալ ղրկեց, որոնցմէ մէկ քանիները ծեծեցին ու մէկ քանիները սպաննեցին։ 6Ուստի՝ սիրելի որդի մըն ալ ունենալով, վերջապէս զանիկա ալ ղրկեց անոնց՝ ըսելով. «Թերեւս ամչնան իմ որդիէս»։ 7Բայց այն մշակները ըսին իրարու. «Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու ժառանգութիւնը մերը ըլլայ»։ 8Բռնեցին զանիկա ու սպաննեցին ու այգիէն դուրս հանեցին։ 9Ուստի այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ։ Պիտի գայ ու կորսնցնէ մշակները եւ այգին ուրիշներու պիտի տայ։ 10Այս գիրը չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’. 11Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն»։
12Մտածեցին բռնել զանիկա, բայց ժողովուրդէն վախցան, քանզի իմացան որ այն առակը իրենց համար ըսաւ եւ ձգեցին զանիկա ու գացին։
ՏՈՒՐՔ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 22:15-22, Ղուկ. 20:20-26)
13Եւ Փարիսեցիներն ու Հերովդէսեանները քանի մը հոգի ղրկեցին անոր, որպէս զի խօսքով բռնեն զանիկա։ 14Անոնք եկան ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտասէր ես եւ մէկո՛ւն համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես. Կայսրին տուրք տալ օրինաւո՞ր է։ Տա՞նք թէ չտանք»։ 15Յիսուս գիտնալով անոնց կեղծաւորութիւնը՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք։ Բերէ՛ք ինծի դահեկան մը որ տեսնեմ»։ 16Անոնք բերին։ Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն է այս պատկերը ու գիրը»։ Անոնք ըսին. «Կայսրին»։ 17Յիսուս պատասխան տալով ըսաւ անոնց. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ Ու զարմացան անոր վրայ։
ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 22:23-33, Ղուկ. 20:27-40)
18Անոր քով եկան սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ անոր հարցուցին՝ ըսելով. 19«Վարդա՛պետ, Մովսէս մեզի գրեց թէ՝ ‘Եթէ մէկուն եղբայրը մեռնի ու կինը ձգէ եւ զաւակ չունենայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ 20Արդ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ եւ զաւակ չունեցաւ։ 21Երկրորդը առաւ զանիկա ու մեռաւ։ Ան ալ զաւակ չունեցաւ. նոյնպէս ալ երրորդը։ 22Ու եօթն ալ զանիկա առին եւ զաւակ չունեցան. ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ 23Ուրեմն յարութեան ատեն, երբ յարութիւն առնեն, անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։ 24Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ատոր համար չէ՞ որ մոլորած էք, որ ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը։ 25Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ’ըլլան։ 26Բայց մեռելներուն համար՝ թէ յարութիւն կ’առնեն, Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ 27Անիկա մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն. ուրեմն դուք խիստ մոլորած էք»։
ՄԵԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔԸ
(Մատթ. 22:34-40, Ղուկ. 10:25-28)
28Դպիրներէն մէկը եկաւ ու մտիկ կ’ընէր անոնց՝ երբ վիճաբանութիւն կ’ընէին ու երբ տեսաւ թէ աղէկ պատասխան տուաւ անոնց, հարցուց անոր ու ըսաւ. «Ո՞րն է բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը»։ 29Յիսուս պատասխանեց անոր. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’. 30‘Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ 31Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ»։ 32Դպիրը ըսաւ անոր. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ. 33Եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։ 34Յիսուս տեսնելով որ անիկա խելացութիւնով պատասխան տուաւ, ըսաւ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»։ Եւ ա՛լ ուրիշ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։
ՄԵՍԻԱՅԻՆ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 22:41-46, Ղուկ. 20:41-44)
35Երբ Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէր՝ ըսաւ. «Դպիրները ինչպէ՞ս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։ 36Ինք՝ Դաւիթ Սուրբ Հոգիով կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս. մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ 37Ուրեմն Դաւիթ ինք որ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։ Ժողովուրդէն շատերը յօժարութեամբ մտիկ կ’ընէին անոր։
ՅԻՍՈՒՍ ԴՊԻՐՆԵՐԷՆ Կ’ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
(Մատթ. 23:1-36, Ղուկ. 20:45-47)
38Իր վարդապետութեանը մէջ կ’ըսէր անոնց. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը փնտռեն 39Ու ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները. 40Որոնք որբեւարիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն։ Ասոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։
ՈՐԲԵՒԱՐԻԻՆ ՆՈՒԷՐԸ
(Ղուկ. 21:1-4)
41Եւ Յիսուս գանձանակին քով նստած՝ կը նայէր թէ ժողովուրդը գանձանակին մէջ ի՛նչպէս ստակ կը ձգէ։ Շատ հարուստներ շատ բան ձգեցին։ 42Աղքատ որբեւարի մըն ալ եկաւ ու երկու լումայ ձգեց, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ։ 43Իր աշակերտները իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց. 44Վասն զի ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։
Currently Selected:
ՄԱՐԿՈՍ 12: WARMB
Highlight
Share
Copy

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.