1
ՂՈԻԿԱՍ 10:19
Western Armenian Bible 1853
Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու եւ թշնամիին բոլոր զօրութեանը վրայ կոխկռտելու ու բնաւ բան մը ձեզի պիտի չվնասէ։
Compara
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 10:19
2
ՂՈԻԿԱՍ 10:41-42
Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. Բայց մէ՛կ բան պէտք է եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 10:41-42
3
ՂՈԻԿԱՍ 10:27
Պատասխան տուաւ անիկա ու ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու ընկերդ՝ քու անձիդ պէս»։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 10:27
4
ՂՈԻԿԱՍ 10:2
Եւ ըսաւ անոնց. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 10:2
5
ՂՈԻԿԱՍ 10:36-37
Հիմա այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։ Անիկա ըսաւ. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ»։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 10:36-37
6
ՂՈԻԿԱՍ 10:3
Գացէք. ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ գառներ գայլերու մէջ։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 10:3
Inici
La Bíblia
Plans
Vídeos