1
ՂՈԻԿԱՍ 9:23
Western Armenian Bible 1853
Եւ ամենուն կ’ըսէր. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։
Compara
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 9:23
2
ՂՈԻԿԱՍ 9:24
Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 9:24
3
ՂՈԻԿԱՍ 9:62
Յիսուս ըսաւ անոր. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 9:62
4
ՂՈԻԿԱՍ 9:25
Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ՝ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ կամ վնաս ընէ։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 9:25
5
ՂՈԻԿԱՍ 9:26
Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր ու Հօրը եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքովը։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 9:26
6
ՂՈԻԿԱՍ 9:58
Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 9:58
7
ՂՈԻԿԱՍ 9:48
Եւ ըսաւ անոնց. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ՛ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ»։
Explorar ՂՈԻԿԱՍ 9:48
Inici
La Bíblia
Plans
Vídeos