1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:33
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին։
Compara
Explorar ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:33
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:13
Բայց երբ գայ ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, որովհետեւ անիկա ինքնիրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները։
Explorar ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:13
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:24
Մինչեւ հիմա իմ անունովս բան չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք եւ պիտի ստանաք, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։
Explorar ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:24
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:7-8
Բայց ես ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի.– Ձեզի համար լաւ է որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի։ Երբ անիկա գայ, ցոյց պիտի տայ աշխարհի մեղքը, իմ արդարութիւնս եւ չարին դատաստանը։
Explorar ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:7-8
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:22-23
Նոյնն է ձեր պարագային. դուք այժմ տրտմած էք, բայց ես կրկին պիտի տեսնեմ ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ պիտի լեցուին. ուրախութեամբմը՝ որ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել ձեզմէ։ Այդ օրը այլեւս ինծի բան պիտի չհարցնէք։ Լաւ գիտցէք, թէ ինչ որ Հօրմէս խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի տայ ձեզի։
Explorar ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:22-23
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:20
Լա՛ւ գիտցէք, թէ դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի։
Explorar ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 16:20
Inici
La Bíblia
Plans
Vídeos