ՂՈԻԿԱՍ 24
24
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
(Մատթ. 28.1-10, Մարկ. 16.1-8, Յովհ. 20.1-10)
1Մէկշաբթի օրը առտուն շատ կանուխ, կիները գերեզման գացին ու տարին այն խունկերը որոնք պատրաստեր էին եւ ուրիշ կիներ ալ անոնց հետ։ 2Ու քարը գերեզմանէն մէկդի գլորուած գտան։ 3Ներս մտնելով՝ Տէր Յիսուսին մարմինը չգտան։ 4Երբ դեռ անոնք այս բանին համար տարակուսանքի մէջ էին, ահա երկու մարդիկ լուսափայլ հանդերձներով հասան անոնց։ 5Երբ վախով լեցուած՝ երեսնին դէպի գետինը ծռեցին, այն մարդիկը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք. 6հոս չէ ան, հապա յարութիւն առաւ. մտքերնիդ բերէք թէ ի՛նչ ըսաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլիայի մէջ էր. 7‘Որդին մարդոյ պէտք է որ մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի ու խաչը ելլէ ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ’»։ 8Մտքերնին բերին անոր խօսքերը։ 9Ու գերեզմանէն դառնալով՝ այս բոլոր պատմեցին տասնըմէկին եւ ուրիշներու։ 10Այս կիներն էին Մարիամ Մագդաղինացին ու Յովհաննան եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ, որոնք այս բաները առաքեալներուն պատմեցին։ 11Բայց անոնց առջեւ ցնորական խօսքեր երեւցաւ ըսուածը ու չէին հաւատար անոնց։ 12Բայց Պետրոս ելաւ վազեց դէպի գերեզմանը ու ծռելով նայեցաւ եւ տեսաւ որ միայն կտաւները կը կենային ու գնաց՝ իր մտքին մէջ զարմանալով այն եղածին վրայ։
ԷՄՄԱՈՒՍԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ
(Մարկ. 16.12-13)
13Աշակերտներէն երկուքը նոյն օրը գիւղ մը կ’երթային, որ Երուսաղէմէն վաթսուն ասպարէզ հեռու էր, անոր անունը Էմմաուս էր։ 14Անոնք կը խօսէին իրարու հետ այս բոլոր եղած անցքերուն վրայով։ 15Երբ անոնք կը խօսակցէին ու խորհրդածութիւն կ’ընէին, Յիսուս՝ ինքն ալ մօտենալով՝ անոնց հետ կ’երթար։ 16Բայց անոնց աչքերը բռնուած էին, որպէս զի զինք չճանչնան։ 17Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք ու տրտմած ալ էք»։ 18Պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկը, որուն անունը Կղէովպաս էր ու ըսաւ անոր. «Դո՞ւն միայն Երուսաղէմի մէջ կաս ու չես գիտեր թէ ինչե՜ր եղան հոն այս օրերս»։ 19Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Նազովրեցի Յիսուսին համար, որ Աստուծոյ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ գործով ու խօսքով զօրաւոր մարգարէ մը եղաւ. 20ի՛նչպէս քահանայապետները ու մեր իշխանները մահուան մատնեցին զանիկա եւ խաչը հանեցին։ 21Իսկ մենք կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր։ Այս ամենուն վրայ այս երրորդ օրն է, որ այս բաները եղան։ 22Բայց մեր մէջէն մէկ քանի կիներ ալ մեզ զարմացուցին։ Անոնք առտու կանուխ գերեզմանը գացին 23բայց անոր մարմինը չգտնելով՝ եկան ու ըսին թէ հրեշտակներու տեսիլք ալ տեսան, որոնք ըսեր են թէ՝ ‘Անիկա ողջ է’։ 24Մերիններէն մէկ քանիներն ալ գերեզմանը գացին ու այնպէս գտան, ինչպէս այն կիները ըսին, միայն թէ զինք չտեսան»։ 25Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, հաւատալու այն բոլոր բաներուն, որոնք մարգարէները խօսեցան. 26չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները կրէր եւ իր փառքը մտնէր»։ 27Ու սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն, կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր։ 28Երբ մօտեցան այն գիւղին՝ ուր կ’երթային, ինք ալ ցուցուց որպէս թէ աւելի հեռու տեղ մը պիտի երթար։ 29Բայց ստիպեցին ու ըսին. «Մեր քո՛վ կեցիր, վասն զի իրիկունը մօտ է եւ օրը իջած»։ Ան մտաւ անոնց հետ։ 30Երբ ինք անոնց հետ սեղան նստաւ, հաց առաւ, օրհնեց ու կտրելով տուաւ անոնց։ 31Այն ատեն անոնց աչքերը բացուեցան ու զինք ճանչցան եւ ինք անոնցմէ աներեւոյթ եղաւ։ 32Իրարու կ’ըսէին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր»։
ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԵՒԻ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ
(Մատթ. 28.16-20, Մարկ. 16.14-18, Յովհ. 20.19-23, Գործ. 1.6-8)
33Նոյն ժամուն Երուսաղէմ դարձան ու մէկտեղ ժողվուած գտան տասնըմէկը ու անոնց հետ եղողները, 34որոնք կ’ըսէին թէ «Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ»։ 35Եւ իրենք պատմեցին ինչ որ ճամբան պատահեցաւ եւ թէ ի՛նչպէս ինքզինք իրենց ճանչցուց հացը կտրած ատենը։
36Քանի որ այս բաները կը խօսէին, Յիսուս ինք կայնեցաւ անոնց մէջտեղը ու ըսաւ անոնց. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ 37Բայց անոնք զարհուրելով կը վախնային ու կը կարծէին թէ ոգի մը կը տեսնեն։ 38Եւ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն։ 39Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս ու տեսէ՛ք, վասն զի ոգին մարմին ու ոսկոր չունենար, մինչդեռ կը տեսնէք թէ ես ունիմ»։ 40Այս ըսելով՝ ձեռքերը ու ոտքերը ցուցուց անոնց։ 41Երբ տակաւին իրենց ուրախութենէն չէին հաւատար եւ զարմանքի մէջ էին, ըսաւ անոնց. «Ուտելիք մը ունի՞ք հոս»։ 42Անոնք ալ կտոր մը խորոված ձուկ ու մեղրախորիսխ տուին իրեն։ 43Առաւ կերաւ անոնց առջեւ։ 44Եւ ըսաւ անոնց. «Ասոնք են այն խօսքերը որոնք ձեզի խօսեցայ, երբ դեռ ձեզի հետ էի, թէ՝ պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են»։ 45Այն ատեն անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան. 46եւ ըսաւ անոնց. «Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր, 47անոր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած։ 48Ու դուք էք այս բաներուն վկաները։ 49Եւ ահա՛ ես իմ Հօրս խոստումը ձեզի կը ղրկեմ. բայց դուք Երուսաղէմ քաղաքիս մէջ նստեցէք, մինչեւ վերէն զօրութիւն առնէք ձեր վրայ»։
ՅԻՍՈՒՍ ՀԱՄԲԱՐՁԱՒ
(Մարկ. 16.19-20, Գործ. 1.9-11)
50Եւ զանոնք մինչեւ Բեթանիա հանեց ու իր ձեռքերը վեր վերցնելով՝ օրհնեց զանոնք։ 51Երբ զանոնք կ’օրհնէր, զատուեցաւ անոնցմէ ու վեր կ’ելլէր երկինք։ 52Անոնք ալ երկրպագութիւն ընելով անոր՝ մեծ ուրախութեամբ Երուսաղէմ դարձան. 53եւ ամէն ատեն տաճարին մէջ էին ու կը գովաբանէին եւ Աստուած կ’օրհնէին։ Ամէն։
S'ha seleccionat:
ՂՈԻԿԱՍ 24: WA2017
Subratllat
Comparteix
Copia
Vols que els teus subratllats es desin a tots els teus dispositius? Registra't o inicia sessió
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017