ՂՈԻԿԱՍ 17

17
ՄԵՂՔ
(Մատթ. 18:6-7,21-22, Մարկ. 9:41)
1Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չի գան. բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքով կու գան։ 2Աւելի աղէկ է, որ անոր պարանոցէն իշու ջաղացքի քար մը կախուի ու ծովը ձգուի, քան թէ այս պզտիկներէն մէկը գայթակղեցնէ։ 3Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն։ Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։ 4Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ ու օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի ու ըսէ. ‘Կ’ապաշխարեմ’, պէտք է ներես անոր»։
ՀԱՒԱՏՔ
5Առաքեալները ըսին Տէրոջը. «Մեր հաւատքը աւելցուր»։ 6Տէրը ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենայիք, այս թթենիին կրնայիք ըսել. ‘Արմատաքի խլուէ ու ծովուն մէջ տնկուէ’, ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի»։
ԾԱՌԱՅԻ ՄԸ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
7«Բայց ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ ունենայ երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, որ անիկա երբ ագարակէն տուն մտնէ, շուտով ըսէ անոր թէ՝ ‘Անցիր սեղան նստէ’։ 8Հապա չը՞սեր անոր թէ՝ ‘Պատրաստէ իմ ընթրիքս ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչեւ ես ուտեմ ու խմեմ ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ’։ 9Միթէ շնորհակա՞լ կ’ըլլայ այն ծառային, իրեն հրամայուած բաները կատարելուն համար։ Չեմ կարծեր։ 10Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍԸ ԲՈՐՈՏ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
11Երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’երթար, Սամարիայի եւ Գալիլիայի մէջտեղէն անցաւ։ 12Երբ գիւղ մը պիտի մտնէր, տասը բորոտ մարդիկ հանդիպեցան անոր, որոնք հեռուն կայնեցան, 13Ձայներնին վերցուցին ու ըսին. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։ 14Տեսնելով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք»։ Երբ կ’երթային, մաքրուեցան։ 15Անոնցմէ մէկը, երբ տեսաւ թէ բժշկուեցաւ, ետ դարձաւ ու մեծ ձայնով փառք կու տար Աստուծոյ 16Ու երեսի վրայ անոր ոտքը իյնալով՝ շնորհակալ կ’ըլլար անոր։ Ինք Սամարացի էր։ 17Յիսուս ըսաւ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ 18Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային»։ 19Եւ ըսաւ անոր. «Ելի՛ր, գնա՛, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։
ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
(Մատթ. 24:23-28,37-41)
20Երբ փարիսեցիները իրեն հարցուցին՝ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ», պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսէն երեւցած բաներով չի գար։ 21Օր մըն ալ պիտի չըսեն թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսի դին է»։
22Աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Օրեր պիտի գան երբ դուք Որդի մարդոյ օրերէն մէկը տեսնելու պիտի փափաքիք ու պիտի չտեսնէք։ 23Եւ եթէ ըսեն ձեզի թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, մի՛ երթաք ու անոնց մի՛ հետեւիք։ 24Վասն զի ինչպէս փայլակը երկնքին տակ մէկ դիէն փայլատակելով՝ մինչեւ երկնքի տակ միւս դին լոյս կու տայ, նոյնպէս պիտի ըլլայ Որդին մարդոյ իր գալուն օրը։ 25Միայն թէ պէտք է որ ինք առաջ չարչարանքներ կրէ ու մերժուի այս ազգէն. 26Ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ։ 27Կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին, էրկան կը տրուէին, մինչեւ այն օրը՝ որ Նոյ տապանը մտաւ եւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը կորսնցուց։ 28Նմանապէս՝ ինչպէս Ղովտին օրերը եղաւ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին. 29Բայց այն օրը երբ Ղովտ Սոդոմէն ելաւ, երկնքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բոլորն ալ կորսնցուց։ 30Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի։ 31Այն օրը ան որ տանիքին վրայ է եւ իր կարասիները տանը մէջ, թող վար չիջնէ զանոնք առնելու եւ ան որ արտին մէջ է, նոյնպէս թող ետ չդառնայ։ 32Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը։ 33Ով որ իր կեանքը կ’ուզէ ապրեցնել՝ պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ կը կորսնցնէ՝ պիտի ապրեցնէ զանիկա։ 34Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Այն գիշերը եթէ երկու հոգի մէկ անկողնի մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. 35Եւ եթէ երկու կին մէկտեղ աղալու ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. եւ եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի’»։ 36Պատասխան տալով՝ ըսին անոր. «Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի ըլլայ այս բանը»։ 37Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ուր մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները»։

S'ha seleccionat:

ՂՈԻԿԱՍ 17: WARMB

Subratllat

Comparteix

Copia

None

Vols que els teus subratllats es desin a tots els teus dispositius? Registra't o inicia sessió