ՂՈԻԿԱՍ 19
19
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԶԱՔԷՈՍ
1Օր մը Յիսուս Երիքովի մէջէն կ’անցնէր։ 2Ահա մարդ մը, Զաքէոս անունով, որ մաքսապետ ու հարուստ էր, 3Կ’ուզէր տեսնել թէ ո՞վ է Յիսուսը։ Բազմութենէն չէր կրնար, վասն զի հասակով կարճ էր։ 4Ուստի յառաջ վազեց ու ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ, որպէս զի զանիկա տեսնէ, քանի որ անկէ պիտի անցնէր։ 5Երբ Յիսուս այն տեղը եկաւ, վեր նայելով զանիկա տեսաւ ու ըսաւ անոր. «Զա՛քէոս, շո՛ւտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի այսօր քու տունդ պիտի կենամ»։ 6Ան ալ արտորալով վար իջաւ եւ ուրախութեամբ ընդունեց զանիկա։ 7Երբ ամէնքն ալ տեսան, կը տրտնջէին ու կ’ըսէին թէ՝ ‘Մեղաւոր մարդու քով մտաւ իջեւան ընելու’։ 8Զաքէոս կայնեցաւ ու ըսաւ Տէրոջը. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր»։ 9Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ, քանզի ասիկա ալ Աբրահամի որդի է։ 10Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ»։
ՄՆԱՍՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ
(Մատթ. 25:14-30)
11Երբ անոնք այս բաները կը լսէին, առակ մըն ալ ըսաւ իր Երուսաղէմ մօտենալուն եւ անոնց այնպէս կարծելուն համար թէ՝ շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի։ 12Ուստի ըսաւ. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւնը առնելու եւ դառնալու։ 13Իր տասը ծառաները կանչելով՝ իւրաքանչիւրին տասը մնաս տուաւ ու ըսաւ անոնց. ‘Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ’։ 14Անոր քաղաքացիները զանիկա կ’ատէին ու դեսպաններ ղրկեցին անոր ետեւէն, ըսելով թէ՝ ‘Չենք ուզեր որ ատիկա մեր վրայ թագաւորութիւն ընէ’։ 15Բայց երբ անիկա թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ, իրեն կանչեց այն ծառաները, որոնց ստակը տուեր էր, որպէս զի գիտնայ թէ՝ ո՞վ ինչ շահ ըրած է։ 16Առաջինը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մնասդ տասը մնաս շահ ըրաւ»։ 17Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ծառայ. որովհետեւ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, տասը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր»։ 18Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս շահ ըրաւ»։ 19Եւ ըսաւ անոր. «Դուն ալ հինգ քաղաքի վրայ եղիր»։ 20Ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա քու մնասդ՝ որ թաշկինակի մը մէջ ծրարած կը պահէի. 21Քանզի կը վախնայի քեզմէ, վասն զի դուն խիստ մարդ մըն ես, չդրած բանդ կը վերցնես ու չսերմանածդ կը հնձես»։ 22Անիկա ըսաւ անոր. «Քու բերնովդ քեզ պիտի դատեմ, ո՛վ չար ծառայ. գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, չդրած բանս կը վերցնեմ ու չսերմանածս կը հնձեմ, 23Ինչո՞ւ համար իմ ստակս սեղանաւորներուն չտուիր, որպէս զի ես եկած ատենս շահովը առնէի զանիկա»։ 24Հոն կայնողներուն ըսաւ. «Առէք ատկէ մնասը ու տուէք անոր որ տասը մնաս ունի». 25(Եւ ըսին իրեն, Տէ՛ր, անիկա տասը մնաս ունի.) 26«Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։ 27Բայց իմ այն թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց վրայ թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք ու իմ առջեւս սպաննեցէք»։ 28Այս բաները խօսելէն յետոյ՝ յառաջ գնաց Երուսաղէմ երթալու։
ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
(Մատթ. 21:1-11, Մարկ. 11:1-11, Յովհ. 12:12-19)
29Երբ Բեթփագէի ու Բեթանիայի մօտեցաւ՝ դէպի այն լեռը որ Ձիթենեաց լեռ կը կոչուի, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց 30Եւ ըսաւ. «Գացէք մեր դիմացի գիւղը, անոր մէջ մտնելնուդ պէս պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ բնաւ մարդ նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք։ 31Եթէ մէկը ձեզի հարցնէ թէ ‘Ինչո՞ւ կ’արձակէք’, ըսէք անոր թէ ‘Տէրոջը պէտք է’»։ 32Գացին անոնք որ ղրկուեցան, ինչպէս իրենց ըսած էր՝ գտան։ 33Երբ աւանակը կ’արձակէին, անոր տէրերը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ կ’արձակէք այդ աւանակը»։ 34Անոնք ալ ըսին. «Տէրոջը պէտք է»։ 35Զանիկա Յիսուսին բերին ու իրենց հանդերձները աւանակին վրայ ձգելով՝ Յիսուսը հեծցուցին։ 36Երբ կ’երթար, իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին։ 37Երբ աւելի մօտեցաւ եւ Ձիթենեաց լերան զառիվարէն կ’իջնէր, աշակերտներուն բոլոր բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ Աստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար որոնք տեսեր էին. 38Ու կ’ըսէին. «Օրհնեալ է թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ. երկնքի մէջ խաղաղութիւն ու փառք՝ բարձրութեան մէջ»։ 39Բազմութեանը մէջէն փարիսեցիներէն մէկ քանիները ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, այդ քու աշակերտներդ յանդիմանէ»։ 40Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն»։
ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՒ ԼԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՎՐԱՅ
41Երբ մօտեցաւ, քաղաքը տեսնելով՝ լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ. 42«Գոնէ այս քու օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ քու աչքերէդ։ 43Վասն զի օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն 44Եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ, քանի որ չճանչցար քու այցելութեանդ ժամանակը»։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԸ Կ’ԵՐԹԱՅ
(Մատթ. 21:12-17, Մարկ. 11:15-19, Յովհ. 2:13-22)
45Եւ տաճարը մտնելով՝ սկսաւ դուրս հանել անոր մէջ ծախողները եւ գնողները 46Եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ՝ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն է’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։
47Ամէն օր տաճարին մէջ կը սորվեցնէր եւ քահանայապետներն ու դպիրները եւ ժողովուրդին գլխաւորները կ’ուզէին կորսնցնել զանիկա։ 48Բայց բան չէին կրնար ընել, վասն զի բոլոր ժողովուրդը անոր կապուեր էր մտիկ ընելու։
S'ha seleccionat:
ՂՈԻԿԱՍ 19: WARMB
Subratllat
Comparteix
Copia
Vols que els teus subratllats es desin a tots els teus dispositius? Registra't o inicia sessió
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: