ՂՈԻԿԱՍ 20

20
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 21:23-27, Մարկ. 11:27-33)
1Օր մը, երբ տաճարին մէջ ժողովուրդին կը սորվեցնէր եւ աւետարանը կը քարոզէր, քահանայապետներն ու դպիրները ծերերուն հետ մէկտեղ վրայ հասան 2Եւ անոր հետ խօսեցան՝ ըսելով. «Ըսէ մեզի, ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները. կամ ո՞վ է այդ իշխանութիւնը քեզի տուողը»։ 3Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ եւ ըսէք ինծի. 4‘Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկնքէ՞ն էր թէ մարդոցմէ’»։ 5Անոնք իրենց մէջ խորհեցան ու ըսին. 6«Եթէ ըսենք՝ ‘Երկնքէն’, պիտի ըսէ, ‘Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր’. իսկ եթէ ըսենք՝ ‘Մարդոցմէ’, բոլոր ժողովուրդը մեզ պիտի քարկոծեն, վասն զի հաստատ համոզուած էին թէ՝ Յովհաննէս մարգարէ էր»։ 7Պատասխան տուին թէ չեն գիտեր ուրկէ՛ էր։ 8Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։
ԱՅԳԻԻՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ
(Մատթ. 21:33-46, Մարկ. 12:1-12)
9Յիսուս այս առակը ըսաւ ժողովուրդին. «Մարդ մը այգի տնկեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր երթալով՝ շատ ժամանակ մնաց։ 10Ատենին՝ ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի այգիին պտուղէն անոր տան. իսկ մշակները ծեծեցին զանիկա ու պարապ ճամբեցին։ 11Ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց. անոնք զանիկա ալ ծեծեցին, անարգեցին ու պարապ ճամբեցին։ 12Երրորդ մըն ալ ղրկեց. անոնք զանիկա ալ վիրաւորեցին ու դուրս հանեցին։ 13Այն ատեն այգիին տէրը ըսաւ. ‘Ի՞նչ ընեմ, իմ սիրելի որդիս ղրկեմ, թերեւս զանիկա տեսնելով ամչնան’։ 14Բայց մշակները երբ տեսան զանիկա, իրարու հետ խորհուրդ ըրին՝ ըսելով. ‘Ասիկա է ժառանգորդը, եկէք զանիկա սպաննենք, որպէս զի ժառանգութիւնը մեզի մնա’։ 15Զանիկա այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին։ Ուստի այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ անոնց։ 16Պիտի գայ ու կորսնցնէ այն մշակները եւ այգին ուրիշներու պիտի տայ»։ 17Երբ այս լսեցին, ըսին. «Քա՛ւ լիցի»։ Ինք անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Հապա ի՞նչ է այս գրուածը, թէ ‘Այն քարը որ շինողները մերժեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ 18Ամէն ով որ այն քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ, պիտի փսորէ զանիկա»։ 19Քահանայապետներն ու դպիրները կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս նոյն ժամուն ձեռք զարնեն անոր, բայց ժողովուրդէն վախցան. քանզի իմացան որ այն առակը իրենց համար ըսաւ։
ՏՈՒՐՔ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 22:15-22, Մարկ. 12:13-17)
20 Ետքը յարմար ատենի սպասելով, ղրկեցին քանի մը խաբեբայ մարդիկ, որոնք կեղծաւորութեամբ ինքզինքնին արդար կը ձեւացնէին, որպէս զի զանիկա խօսքով բռնեն՝ տէրութեան եւ կուսակալին իշխանութեանը մատնելու համար։ 21Անոր հարցուցին՝ ըսելով. «Վա՛րդապետ, գիտենք որ ճշմարտախօս ես եւ աչառութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես։ 22Օրինաւո՞ր է կայսրին տուրք տալը։ 23Յիսուս անոնց խորամանկութիւնը հասկնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք։ 24Ցուցուցէք ինծի դահեկան մը։ Որո՞ւն պատկերը ու գիրը կան վրան»։ Պատասխան տուին ու ըսին. «Կայսրին»։ 25Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ 26Եւ չկրցան զանիկա խօսքով մը բռնել ժողովուրդին առջեւ ու զարմանալով անոր պատասխանին վրայ՝ լուռ կեցան։
ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 22:23-33, Մարկ. 12:18-27)
27Սադուկեցիներէն ոմանք եկան (որոնք կ’ըսէին թէ յարութիւն չկայ,) եւ անոր հարցուցին՝ 28Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս մեզի գրեց. ‘Եթէ մէկուն եղբայրը ամուսնանայ ու մեռնի ու մեռած ատենը զաւակ չունենայ, անոր եղբայրը առնէ այն կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ 29Արդ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին մը առնելով՝ զաւակ չունեցած մեռաւ։ 30Երկրորդն ալ առաւ այն կինը եւ ինք ալ մեռաւ առանց զաւակի։ 31Երրորդն ալ առաւ զանիկա. նմանապէս եօթն ալ ու զաւակ չձգեցին ու մեռան։ 32Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ 33Ուրեմն յարութեան ատենը անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ, վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։ 34Յիսուս պատասխան տալով անոնց՝ ըսաւ. «Այս աշխարհին որդիները կին կ’առնեն ու էրկան կը տրուին։ 35Բայց անոնք որ արժանի պիտի ըլլան մեռելներէն յարութիւն առնելու ու այն աշխարհը հասնելու, ո՛չ կին պիտի առնեն եւ ո՛չ էրկան պիտի տրուին. 36Որովհետեւ ա՛լ չեն կրնար մեռնիլ. քանզի հրեշտակներուն հաւասար են ու Աստուծոյ որդիներ եւ յարութեան որդիներ են։ 37Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելը Մովսէս ալ իմացուց մորենիին պատմութեանը մէջ, երբ կը կոչէ. ‘Տէրը՝ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը եւ Յակոբին Աստուածը’։ 38Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են»։ 39Դպիրներէն մէկ քանին պատասխան տուին ու ըսին. «Վա՛րդապետ, աղէկ ըսիր»։ 40Ու ա՛լ մէկը չէր համարձակիր անոր բան մը հարցնել։
ՄԵՍԻԱՅԻՆ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 22:41-46, Մարկ. 12:35-37)
41Բայց ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։ 42Երբ Դաւիթ սաղմոսներու գրքին մէջ կ’ըսէ. «Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. ‘Նստէ իմ աջ կողմս, 43Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ 44Ուրեմն քանի որ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա իր որդին կ’ըլլայ»։
ՅԻՍՈՒՍ ԴՊԻՐՆԵՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
(Մատթ. 23:1-36, Մարկ. 12:38-40)
45Բոլոր ժողովուրդին առջեւ ըսաւ իր աշակերտներուն. 46«Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը սիրեն ու ժողովարաններուն մէջ՝ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները. 47Անոնք որբեւարիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն. անոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։

S'ha seleccionat:

ՂՈԻԿԱՍ 20: WARMB

Subratllat

Comparteix

Copia

None

Vols que els teus subratllats es desin a tots els teus dispositius? Registra't o inicia sessió