ՄԱՐԿՈՍ 11
11
ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
(Մատթ. 21:1-11, Ղուկ. 19:28-40, Յովհ. 12:12-19)
1Երբ Երուսաղէմի մօտեցան, Բեթփագէ ու Բեթանիա դէպի Ձիթենեաց լեռը, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց, ըսելով. 2«Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը, անոր մէջ մտնելնուդ պէս՝ պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ մարդ մը նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք։ 3Եթէ մէկը ըսէ ձեզի թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընէք’, ըսէք ‘Տէրոջը պէտք է’. եւ շուտ մը հոս պիտի ղրկէ զանիկա»։ 4Գացին եւ գտան աւանակը՝ դուրսը փողոցին մէջ՝ դրանը քով կապուած ու արձակեցին զանիկա։ 5Եւ հոն կայնողներէն ոմանք ըսին անոնց. «Ի՞նչու կ’արձակէք այդ աւանակը»։ 6Անոնք ըսին անոնց ինչպէս Յիսուս պատուիրեր էր ու իրենց թող տուին։ 7Երբ աւանակը Յիսուսին բերին, անոր վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ անոր վրայ։ 8Շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։ 9Առջեւէն ու ետեւէն գացողները կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա. Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ 10Օրհնեալ է մեր Դաւիթ հօրը թագաւորութիւնը որ #11:10 Ոմանք, Տէրոջը անունովը կու գայկու գայ. Ովսաննա ի բարձունս»։
11Յիսուս մտաւ Երուսաղէմ ու գնաց տաճարը եւ չորս կողմը՝ ամէն բան աչքէ անցուց։ Արդէն ժամանակը իրիկուն ըլլալով՝ Բեթանիա ելաւ տասներկուքին հետ մէկտեղ։
ՅԻՍՈՒՍ ԹԶԵՆԻՆ Կ’ԱՆԻԾԷ
(Մատթ. 21:18-19)
12Հետեւեալ օրը Բեթանիայէն կ’ելլէին, անօթեցաւ 13Եւ հեռուէն տերեւալից թզենի մը տեսնելով գնաց, խորհելով թէ վրան բան մը կը գտնէ, բայց երբ անոր քով գնաց՝ տերեւներէն զատ բան չգտաւ, վասն զի դեռ թուզի ատենը չէր։ 14#11:14 Ոմանք, Եւ ՅիսուսԱյն ատեն ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ մէկը քեզմէ պտուղ չուտէ յաւիտեան»։ Իր աշակերտները լսեցին։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԸ Կ’ԵՐԹԱՅ
(Մատթ. 21:12-17, Ղուկ. 19:45-48, Յովհ. 2:13-22)
15Երբ հասան Երուսաղէմ, Յիսուս տաճարը մտնելով՝ դուրս հանեց զանոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին։ Ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց 16Եւ թող չտուաւ, որ մէկը տաճարին մէջէն աման մը անցնէ 17Եւ սորվեցուց անոնց ու ըսաւ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’, բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք»։ 18Դպիրներն ու քահանայապետները զայս լսելով՝ կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս կորսնցնեն զանիկա, քանզի անկէ կը վախնային. վասն զի բոլոր ժողովուրդը զարմացեր էր անոր վարդապետութեանը վրայ։ 19Իրիկունը քաղաքէն դուրս ելաւ։
ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ
(Մատթ. 21:20-22)
20Առտուն երբ անկէ կ’անցնէին, թզենին տեսան արմատէն չորցած։ 21Պետրոսին միտքը եկաւ ու ըսաւ անոր. «Ռաբբի՛, ահա՛ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է»։ 22Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք. 23Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ով որ այս լերան ըսէ՝ «Ելի՛ր ու ծովը ինկի՛ր» եւ իր սրտին մէջ չերկմտի, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ’ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր ինչ որ ըսէ’։ 24Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի’։ 25Երբ աղօթքի կը կայնիք, ներեցէ՛ք եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէս զի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները։ 26Իսկ եթէ դուք չներէք, ձեր Հայրն ալ որ երկինքն է, պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 21:23-27, Ղուկ. 20:1-8)
27Նորէն Երուսաղէմ եկան։ Երբ տաճարին մէջ կը պտըտէր, քահանայապետները եւ դպիրները ու ծերերը անոր եկան 28Ու ըսին անոր. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես»։ 29Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի պատասխան տաք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։ 30Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ։ Պատասխան տուէք ինծի»։ 31Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ըսենք՝ Երկնքէն, պիտի ըսէ, Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր. 32Իսկ եթէ ըսենք՝ Մարդոցմէ, ժողովուրդէն կը վախնային, վասն զի ամէնքը #11:32 Յուն., ունէինգիտէին թէ Յովհաննէսը ճշմարտապէս մարգարէ էր»։ 33Ուստի պատասխան տալով՝ ըսին Յիսուսին. «Չենք գիտեր»։ Յիսուս ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։
S'ha seleccionat:
ՄԱՐԿՈՍ 11: WARMB
Subratllat
Comparteix
Copia

Vols que els teus subratllats es desin a tots els teus dispositius? Registra't o inicia sessió
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.