ՄԱՐԿՈՍ 13
13
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԻՆ ԱՒԵՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մատթ. 24:1-2, Ղուկ. 21:5-6)
1Երբ տաճարէն դուրս կ’ելլէր, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Վա՛րդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են եւ ի՛նչ կերպ շէնքեր»։ 2Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի»։
ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐ
(Մատթ. 24:3-14, Ղուկ. 21:7-19)
3Երբ անիկա Ձիթենեաց լեռը՝ տաճարին դէմ՝ նստեր էր, Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսն ու Անդրէասը հարցուցին իրեն առանձինն. 4«Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բաներուն կատարուելու ատենը»։ 5Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ. 6Վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ ‘Ես եմ Քրիստոսը’ ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ 7Բայց երբ լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր՝ մի՛ խռովիք, վասն զի պէտք է ըլլայ, բայց դեռ «վերջ»ը չէ։ 8Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։ 9Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն համար. քանզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու ժողովարաններու մէջ ձեզ պիտի ծեծեն եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ անոնց վկայութիւն տալու համար։ 10Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։ 11Բայց երբ ձեզ մատնելու տանին, առաջուընէ հոգ մի՛ ընէք եւ մի՛ մտածէք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք, հապա այն ժամուն ինչ որ ձեզի տրուի՝ զանիկա խօսեցէք. վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա Սուրբ Հոգին»։
ՍՈՍԿԱԼԻ ԱՒԵՐՈՒՄՆԵՐ
(Մատթ. 24:15-28, Ղուկ. 21:20-24)
12«Եղբայր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։ 13Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք։ Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի։ 14Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցաւ ըսուած է, թէ արժան չեղած տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ՝ թող հասկնայ) այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին 15Եւ ան որ տանիքին վրայ է՝ թող տուն չիջնէ ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու 16Եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու։ 17Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ 18Աղօթք ըրէք, որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ։ 19Քանզի այն օրերը այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ 20Եթէ Տէրը այն օրերը չկարճեցնէ, բնաւ մարմին մը պիտի չապրի։ Բայց ընտրեալներուն համար որոնք ընտրեց՝ այն օրերը կարճեցուց։ 21Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ՝ ‘Ահա հո՛ս է Քրիստոսը’, կամ ‘Ահա հո՛ն’, մի՛ հաւատաք. 22Վասն զի սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու նշաններ եւ հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որպէս զի եթէ կարելի ըլլայ, ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։ 23Իսկ դուք զգո՛յշ կեցէք. ահա առաջուընէ ըսի ձեզի ամէնը»։
ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՅ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
(Մատթ. 24:29-31, Ղուկ. 21:25-28)
24«Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ 25Եւ աստղերը երկնքէն պիտի թափթփին ու երկնքին մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։ 26Այն ատեն Որդին մարդոյ պիտի տեսնեն ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութեամբ եւ փառքով։ 27Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը»։
ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ
(Մատթ. 24:32-35, Ղուկ. 21:29-33)
28«Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. երբ անոր ոստերը կը կակուղնան ու տերեւները կը ցցուին, կը հասկնաք թէ՝ ամառը մօտ է։ 29Նոյնպէս ալ դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ 30Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս ամէն բաները ըլլան։ 31Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։
ՈՉ ՈՔ ԳԻՏԷ ՕՐԸ ԵՒ ԺԱՄԸ
(Մատթ. 24:36-44)
32«Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը։ 33Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ 34Ինչպէս օտար երկիր գացող մարդ մը իր տունը կը թողու ու իր ծառաներուն իշխանութիւն կու տայ եւ ամէն մէկուն իր գործը ու դռնապանին կ’ապսպրէ որ արթուն կենայ։ 35Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն։ 36Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ։ 37Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։
S'ha seleccionat:
ՄԱՐԿՈՍ 13: WARMB
Subratllat
Comparteix
Copia

Vols que els teus subratllats es desin a tots els teus dispositius? Registra't o inicia sessió
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.