ԾՆՆԴՈՑ 5
5
ԱԴԱՄԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
(Ա. Մնաց. 1:1-4)
1Այս է Ադամին ազգաբանութեան գիրքը։ Այն օրը որ Աստուած մարդը ստեղծեց, Աստուծոյ պատկերովն ըրաւ զանիկա. 2Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք եւ օրհնեց զանոնք ու անոնց ստեղծման օրը անոնց անունը #5:2 Այսինքն, մարդԱդամ դրաւ։
3Ադամ հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ եւ իր նմանութիւնովը՝ իր պատկերին պէս որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սէթ դրաւ։ 4Ադամին օրերը Սէթը ծնանելէն ետքը ութ հարիւր տարի եղան եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 5Ադամին կեանքին բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան ու մեռաւ։
6Սէթ հարիւր հինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ենովսը։ 7Սէթ Ենովսը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 8Սէթին բոլոր օրերը ինը հարիւր տասներկու տարի եղան ու մեռաւ։
9Ենովս իննիսուն տարի ապրեցաւ եւ Կայնանը ծնաւ։ 10Ենովս Կայնանը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տասնըհինգ տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 11Ենովսին բոլոր օրերը ինը հարիւր հինգ տարի եղան ու մեռաւ։
12Կայնան եօթանասուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Մաղաղիէլը։ 13Կայնան Մաղաղիէլը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր քառասուն տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 14Կայնանին բոլոր օրերը ինը հարիւր տասը տարի եղան ու մեռաւ։
15Մաղաղիէլ վաթսունըհինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Յարեդը։ 16Եւ Մաղաղիէլ Յարեդը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 17Մաղաղիէլին բոլոր օրերը ութը հարիւր իննիսուըհինգ տարի եղան ու մեռաւ։
18Յարեդ հարիւր վաթսունըերկու տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ենովքը։ 19Յարեդ Ենովքը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 20Յարեդին բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսունըերկու տարի եղան ու մեռաւ։
21Ենովք վաթսունըհինգ տարի ապրեցաւ եւ ծնաւ Մաթուսաղան։ 22Ենովք Մաթուսաղան ծնանելէն ետքը երեք հարիւր տարի Աստուծոյ հետ քալեց եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 23Ենովքին բոլոր օրերը երեք հարիւր վաթսունըհինգ եղան։ 24Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց եւ չէր գտնուեր, քանզի Աստուած առաւ զանիկա։
25Մաթուսաղա հարիւր ութսունըեօթը տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ղամէքը։ 26Մաթուսաղա Ղամէքը ծնանելէն ետքը եօթը հարիւր ութսունըերկու տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 27Մաթուսաղային բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսունըինը տարի եղան ու մեռաւ։
28Ղամէք հարիւր ութսունըերկու տարի ապրեցաւ ու որդի մը ծնաւ 29Եւ անոր անունը #5:29 Այսինքն, հանգստութիւնՆոյ դրաւ՝ ըսելով. «Ասիկա մեզ պիտի հանգստացնէ մեր գործերէն ու մեր ձեռքերուն աշխատութենէն, որ Տէրոջը անիծած երկրին պատճառով կը կրենք»։ 30Ղամէք Նոյը ծնանելէն ետքը հինգ հարիւր իննիսունըհինգ տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 31Ղամէքին բոլոր օրերը եօթը հարիւր եօթանասունըեօթը տարի եղան ու մեռաւ։
32Նոյ հինգ հարիւր տարեկան եղաւ եւ Նոյ ծնաւ Սէմը, Քամը ու Յաբեթը։
Valgt i Øjeblikket:
ԾՆՆԴՈՑ 5: WARMB
Markering
Del
Kopiér
Vil du have dine markeringer gemt på tværs af alle dine enheder? Tilmeld dig eller log ind
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.