1
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:8
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Բայց Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը յայտնեց անով՝ որ երբ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ էինք՝ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ։
Bandingkan
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:8
2
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:5
իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:5
3
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:3-4
Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:3-4
4
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:1-2
Հիմա որ ա՛լ հաւատքով արդարացած ենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ։ Քրիստոս ինք մեզի համար կարելի դարձուց՝ հաւատքով հասնիլ այն շնորհքին, որուն մէջ կ՚ապրինք հիմա եւ կը պարծենանք՝ Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:1-2
5
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:6
Որովհետեւ մինչ անկարող էինք փրկութեան հասնելու՝ Քրիստոս յարմար ժամանակին մեռաւ մեզի՝ մեղաւորներուս համար։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:6
6
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:9
Իսկ հիմա որ իր արիւնով արդարացած ենք՝ որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ Քրիստոսով պիտի փրկուինք Աստուծոյ բարկութենէն։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:9
7
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:19
Որովհետեւ, ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութեամբ բոլորը մեղաւոր եղան, այնպէս ալ մէկ հոգիին հնազանդութեամբ բոլորը պիտի արդարանան։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:19
8
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:11
Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ Աստուծմով, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ, որուն միջոցաւ հիմա հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ։
Telusuri ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 5:11