ՄԱՏԹԷՈՍ 4
4
ՅԻՍՈՒՍԻ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ
(Մարկ. 1.12-13, Ղուկ. 4.1-13)
1Այն ատեն Յիսուս անապատը տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն, որպէս զի Սատանայէն փորձուի։ 2Քառասուն ցորեկ ու քառասուն գիշեր ծոմ պահելէն ետքը անօթեցաւ։
3Փորձողը անոր մօտենալով՝ ըսաւ. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ որ այս քարերը հաց ըլլան»։ 4Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։
5Այն ատեն Սատանան առաւ տարաւ զանիկա սուրբ քաղաքը եւ կայնեցուց զանիկա տաճարին աշտարակին վրայ 6ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ, վասն զի գրուած է թէ Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ ձեռքերնուն վրայ վերցնեն քեզ, որպէս զի չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես»։ 7Յիսուս ըսաւ անոր. «Դարձեալ գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուածդ չփորձես’»։
8Սատանան նորէն առաւ հանեց զանիկա խիստ բարձր լերան մը վրայ եւ ցուցուց անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը. 9ու ըսաւ անոր. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես»։ 10Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «[Ետիս] գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։ 11Այն ատեն Սատանան զանիկա թողուց եւ հրեշտակները եկան ու անոր սպասաւորութիւն կ’ընէին։
ՅԻՍՈՒՍ ԳԱԼԻԼԻՈՅ ՄԷՋ ԻՐ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՍԿՍԻ
(Մարկ. 1.14-15, Ղուկ. 4.14-15)
12Երբ լսեց Յիսուս թէ Յովհաննէս մատնուեցաւ, ելաւ գնաց Գալիլիա 13ու ձգելով Նազարէթը, եկաւ բնակեցաւ Կափառնայում, ծովեզերեայ քաղաքը, Զաբուղոնի ու Նեփթաղիմի սահմաններուն մէջ, 14որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. 15«Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը, ծովու ճամբով Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան. 16խաւարի մէջ նստող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ եւ լոյս ծագեցաւ անոնց՝ որոնք մահուան երկրին ու շուքին մէջ կը նստէին»։ 17Անկէ յետոյ Յիսուս սկսաւ քարոզել ու ըսել. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։
ՅԻՍՈՒՍ ՉՈՐՍ ՁԿՆՈՐՍՆԵՐ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
(Մարկ. 1.16-20, Ղուկ. 5.1-11)
18Երբ Յիսուս Գալիլիացիներուն ծովուն քովերը կը պտըտէր, տեսաւ երկու եղբայրներ, Պետրոս կոչուած Սիմոնը եւ անոր եղբայրը Անդրէասը, որոնք ծովը ուռկան կը ձգէին, վասն զի ձկնորս էին։ 19Ըսաւ անոնց. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։ 20Անոնք ալ շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։ 21Անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ ուրիշ երկու եղբայրներ, Զեբեդեան Յակոբոսը ու անոր եղբայրը Յովհաննէսը, նաւին մէջ իրենց հօրը Զեբեդիոսի հետ, իրենց ուռկանները կը կարկտնէին ու կանչեց զանոնք. 22անոնք ալ շուտ մը նաւն ու հայրերնին թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ, ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ, ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Ղուկ. 6.17-19)
23Յիսուս բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու ժողովուրդին մէջի ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը կը բժշկէր։ 24Անոր համբաւը բոլոր Սուրիա տարածուեցաւ եւ բերին անոր՝ բոլոր հիւանդները, որոնք կերպ կերպ ցաւերով ու տանջանքներով կը նեղուէին եւ դիւահարներ ու լուսնոտներ եւ անդամալոյծներ ու բժշկեց զանոնք։ 25Եւ շատ ժողովուրդներ անոր ետեւէն կ’երթային, Գալիլիայէն ու Դեկապոլիսէն եւ Երուսաղէմէն ու Հրէաստանէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն։
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017