1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:35
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ։
ប្រៀបធៀប
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:35
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:63
Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ. մարդս բան մը չի կրնար ընել։ Այն խօսքերը որ ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գան եւ կեանք կու տան։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:63
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:27
Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:27
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:40
Հօրս կամքը հետեւեալն է.– Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:40
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:29
Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:29
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:37
Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ.
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:37
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:68
Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. – Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:68
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:51
Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Հացը որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:51
9
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:44
Ոեւէ մէկը չի կրնար ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն ինծի չբերէ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:44
10
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:33
Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:33
11
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:48
Ե՛ս եմ կեանքի հացը։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:48
12
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:11-12
Յիսուս առաւ հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բաժնեց նստողներուն։ Ձուկերը առնելով՝ նոյնը ըրաւ, եւ ժողովուրդը առաւ՝ ո՛րքան որ ուզեց։ Երբ կշտացան, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. – Հաւաքեցէ՛ք աւելցած կտորները, որպէսզի բան չկորսուի։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:11-12
13
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:19-20
Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին։ Բոլորը սարսափեցան։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ես եմ, մի՛ վախնաք։
រុករក ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:19-20
ទំព័រដើម
ព្រះគម្ពីរ
គម្រោងអាន
វីដេអូ