ՄԱՏԹԷՈՍ 2

2
ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ
1Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլէհէմին մէջ Հերովդէս թագաւորին օրերը, ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ, 2ու ըսին. «Ո՞ւր տեղ է ան՝ որ Հրեաներուն թագաւոր ծնաւ. վասն զի մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու»։ 3Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց, խռովեցաւ եւ բոլոր Երուսաղէմ իրեն հետ։ 4Ապա ժողվելով բոլոր քահանայապետները ու ժողովուրդին դպիրները, հարցուց անոնց թէ՝ Քրիստոսը ո՞ւր պիտի ծնանի։ 5Անոնք ալ իրեն ըսին. «Հրէաստանի Բեթլէհէմին մէջ։ Վասն զի այսպէս գրուած է մարգարէին ձեռքով. 6‘Դուն, Բե՛թլէհէմ, Յուդայի երկիր, Յուդայի իշխաններուն մէջ բնաւ պզտիկ մը չես. վասն զի քեզմէ իշխան մը պիտի ելլէ որ իմ Իսրայէլ ժողովուրդս պիտի հովուէ’»։ 7Այն ատեն Հերովդէս ծածկաբար մոգերը կանչեց ու ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ատենը։ 8Զանոնք Բեթլէհէմ ղրկելով՝ ըսաւ. «Գացէք ստոյգը իմացէք այն մանուկին վրայով ու երբ գտնէք, ինծի իմացուցէք, որպէս զի ես ալ երթամ, անոր երկրպագութիւն ընեմ»։ 9Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ տեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ։ 10Երբ տեսան աստղը, շատ ուրախացան։ 11Տունը մտնելով՝ տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ ու ինկան երկրպագութիւն ըրին անոր եւ իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր՝ ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս։ 12Ու երազի մէջ հրաման առնելով, որ նորէն Հերովդէսին չդառնան, ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը։
ՓԱԽՈՒՍՏ ԴԷՊԻ ԵԳԻՊՏՈՍ
13Երբ անկէ գացին անոնք, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփին ու ըսաւ. «Ելի՛ր, առ մանուկը ու անոր մայրը ու Եգիպտոս փախիր, հոն կեցիր մինչեւ ես քեզի ըսեմ, քանզի Հերովդէս պիտի փնտռէ այդ մանուկը կորսնցնելու համար»։ 14Ան ալ ելաւ, մանուկը ու անոր մայրը գիշերով առաւ, գնաց Եգիպտոս եւ մինչեւ Հերովդէսի մահը հոն էր։ 15Որպէս զի մարգարէին միջոցով Տէրոջմէն ըսուածը կատարուի, որ կ’ըսէ. «Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս»։
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՋԱՐԴԸ
16Երբ Հերովդէս տեսաւ թէ #2.16 Յուն., ծաղրուեցաւխաբուեցաւ մոգերէն, սաստիկ սրդողեցաւ ու ղրկեց ջարդեց Բեթլէհէմի եւ անոր ամէն սահմաններուն մէջ գտնուած բոլոր տղաքը՝ երկու տարեկան եւ անկէ վար, այն ժամանակին համեմատ որ մոգերէն ստուգեց։ 17Այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուածը, որ կ’ըսէ. «Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, ողբ, լաց ու մեծ կոծ. 18Ռաքէլ կու լար իր տղոցը համար ու չէր ուզեր մխիթարուիլ, վասն զի չկային»։
ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ
19Երբ Հերովդէս մեռաւ, Տէրոջը հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ Յովսէփին երեւցաւ ու ըսաւ. 20«Ելի՛ր, ա՛ռ մանուկը ու անոր մայրը եւ գնա Իսրայէլի երկիրը, քանզի մեռան անոնք որ մանուկին կեանքը կը փնտռէին»։ 21Ան ալ ելաւ, մանուկը ու անոր մայրը առաւ եւ դարձաւ Իսրայէլի երկիրը։ 22Իսկ երբ լսեց թէ Արքեղայոս թագաւորեց Հրէաստանի վրայ՝ իր հօրը Հերովդէսին տեղ, վախցաւ հոն երթալու ու երազի մէջ պատգամ առնելով՝ Գալիլիայի կողմերը գնաց. 23եւ Նազարէթ ըսուած քաղաքը բնակեցաւ, որպէս զի մարգարէներուն խօսքը կատարուի, թէ՝ «Նազովրեցի պիտի կոչուի»։

Šiuo metu pasirinkta:

ՄԱՏԹԷՈՍ 2: WA2017

Paryškinti

Dalintis

Kopijuoti

None

Norite, kad paryškinimai būtų įrašyti visuose jūsų įrenginiuose? Prisijunkite arba registruokitės