1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:22
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Եւ աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք։
താരതമ്യം
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:22 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:21
Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Վստահ եղէք, որ եթէ հաւատք ունենաք եւ չկասկածիք, ո՛չ միայն պիտի կարենաք կատարել թզենիին պատահածը, այլ նոյնիսկ եթէ այս լերան ըսէք՝ «Ել եւ ծով ինկիր», պիտի կատարուի։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:21 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:9
Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ՚երթար կամ կը հետեւէր իրեն, կ՚աղաղակէր.– «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին»։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:9 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:13
եւ ըսաւ անոնց. – Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի», մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:13 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:5
«Երուսաղէմի ըսէք.– Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ»։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:5 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:42
Ապա Յիսուս ըսաւ. – Սուրբ գիրքերուն մէջ չէ՞ք կարդացած.– «Այն քարը որ շինողները մերժեցին գործածել, ինք անկիւնաքարը եղաւ։ Ասիկա Տէրը կատարեց, ու մեր աչքերուն սքանչելի է»։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:42 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
7
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:43
Ասոր համար կ՚ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի եւ տրուի ժողովուրդի մը, որ պտղաբեր կը դարձընէ զայն։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 21:43 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക