1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:41
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք։ Հոգին յօժար կրնայ ըլլալ, բայց մարմինը տկար է։
താരതമ്യം
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:41 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:38
Այն ատեն ըսաւ անոնց. – Հոգիս մեռնելու աստիճան տրտում է. հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթո՛ւն մնացէք։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:38 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:39
Ապա քիչ մը առաջ գնաց եւ երեսին վրայ գետին փռուելով աղօթեց, ըսելով. – Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է, այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ ինչպէս որ ես կ՚ուզեմ, այլ ինչպէս որ դո՛ւն կ՚ուզես։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:39 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:28
Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա իմ արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերու թողութեան համար։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:28 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:26
Եւ մինչ անոնք կ՚ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց եւ բաժնեց աշակերտներուն, ըսելով. – Առէք, կերէք, ասիկա իմ մարմինս է։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:26 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:27
Ապա առաւ բաժակը, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ իր աշակերտներուն, ըսելով.
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:27 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
7
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:40
Յետոյ վերադարձաւ երեք աշակերտներուն մօտ եւ զանոնք քնացած գտաւ։ Պետրոսի ըսաւ. – Չկրցա՞ք ժամ մը արթուն մնալ ինծի հետ։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:40 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
8
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:29
Բայց նաեւ կ՚ըսեմ ձեզի.– Այլեւս այս գինիէն պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ ձեզի հետ պիտի խմեմ նոր գինին՝ իմ Հօրս արքայութեան մէջ։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:29 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
9
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:75
Պետրոս յիշեց Յիսուսի խօսքը, թէ «Տակաւին աքաղաղը չկանչած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Եւ դուրս ելլելով՝ լացաւ դառնագին։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:75 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
10
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:46
Ելէք երթա՛նք այստեղէն, որովհետեւ զիս մատնողը ահաւասիկ հասաւ։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:46 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക
11
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:52
Յիսուս ըսաւ անոր. – Սուրդ տեղը դիր, որովհետեւ ո՛վ որ սուր կ՚առնէ՝ սուրով պիտի մեռնի։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 26:52 പര്യവേക്ഷണം ചെയ്യുക