1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:35
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ։
Харьцуулах
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:35 г судлах
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:63
Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ. մարդս բան մը չի կրնար ընել։ Այն խօսքերը որ ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գան եւ կեանք կու տան։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:63 г судлах
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:27
Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:27 г судлах
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:40
Հօրս կամքը հետեւեալն է.– Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:40 г судлах
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:29
Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:29 г судлах
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:37
Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ.
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:37 г судлах
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:68
Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. – Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:68 г судлах
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:51
Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Հացը որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:51 г судлах
9
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:44
Ոեւէ մէկը չի կրնար ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն ինծի չբերէ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:44 г судлах
10
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:33
Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:33 г судлах
11
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:48
Ե՛ս եմ կեանքի հացը։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:48 г судлах
12
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:11-12
Յիսուս առաւ հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բաժնեց նստողներուն։ Ձուկերը առնելով՝ նոյնը ըրաւ, եւ ժողովուրդը առաւ՝ ո՛րքան որ ուզեց։ Երբ կշտացան, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. – Հաւաքեցէ՛ք աւելցած կտորները, որպէսզի բան չկորսուի։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:11-12 г судлах
13
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:19-20
Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին։ Բոլորը սարսափեցան։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ես եմ, մի՛ վախնաք։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:19-20 г судлах
Нүүр хуудас
Библи
Тѳлѳвлѳгѳѳнүүд
Бичлэгүүд