1
ՂՈԻԿԱՍ 17:19
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Եւ ըսաւ անոր. «Ելի՛ր, գնա՛, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։
Porovnať
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 17:19
2
ՂՈԻԿԱՍ 17:4
Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ ու օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի ու ըսէ. ‘Կ’ապաշխարեմ’, պէտք է ներես անոր»։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 17:4
3
ՂՈԻԿԱՍ 17:15-16
Անոնցմէ մէկը, երբ տեսաւ թէ բժշկուեցաւ, ետ դարձաւ ու մեծ ձայնով փառք կու տար Աստուծոյ ու երեսի վրայ անոր ոտքը իյնալով՝ շնորհակալ կ’ըլլար անոր։ Ինք Սամարացի էր։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 17:15-16
4
ՂՈԻԿԱՍ 17:3
Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն։ Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 17:3
5
ՂՈԻԿԱՍ 17:17
Յիսուս ըսաւ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 17:17
6
ՂՈԻԿԱՍ 17:6
Տէրը ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենայիք, այս թթենիին կրնայիք ըսել. ‘Արմատաքի խլուէ ու ծովուն մէջ տնկուէ’, ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի»։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 17:6
7
ՂՈԻԿԱՍ 17:33
Ով որ իր կեանքը կ’ուզէ ապրեցնել՝ պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ կը կորսնցնէ՝ պիտի ապրեցնէ զանիկա։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 17:33
8
ՂՈԻԿԱՍ 17:1-2
Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չի գան. բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքով կու գան։ Աւելի աղէկ է, որ անոր պարանոցէն իշու ջաղացքի քար մը կախուի ու ծովը ձգուի, քան թէ այս պզտիկներէն մէկը գայթակղեցնէ։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 17:1-2
9
ՂՈԻԿԱՍ 17:26-27
ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին, էրկան կը տրուէին, մինչեւ այն օրը՝ որ Նոյ տապանը մտաւ եւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը կորսնցուց։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 17:26-27
Domov
Biblia
Plány
Videá