ՄԱՏԹԷՈՍ 6
6
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ
1 «Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջեւ չընէք՝ անոնց երեւնալու համար, եթէ ոչ՝ վարձք չէք առներ ձեր Հօրմէն որ երկինքն է։ 2Ուստի երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ կ’ընեն, որպէս զի մարդոցմէ փառաւորուին. ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։ 3Իսկ դուն երբ ողորմութիւն կ’ընես, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ինչ տալը, 4որպէս զի քու ողորմութիւնդ գաղտուկ ըլլայ եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԱՂՕԹՔԻ ՇՈՒՐՋ
(Ղուկ. 11.2-4)
5 «Ու երբ աղօթք կ’ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէս զի մարդոց երեւնան. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան։ 6Իսկ դուն երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։ 7Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին։ 8Ուրեմն անոնց մի՛ նմանիք, վասն զի ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած»։ 9Ուստի այսպէս աղօթք ըրէք դուք.
«Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. 10քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ. 11մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր, 12մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն. 13ու մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ. քանզի քուկդ է թագաւորութիւնը եւ զօրութիւնը ու փառքը յաւիտեանս։ Ամէն»։
14 «Վասն զի եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. 15իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ
16 «Երբ ծոմ կը պահէք, կեղծաւորներուն պէս տրտումերես մի՛ ըլլաք. քանզի իրենց երեսները կ’աւրեն որպէս զի մարդոց երեւնան թէ ծոմ կը պահեն. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։ 17Բայց դուն երբ ծոմ կը պահես, գլուխդ օծէ ու երեսդ լուա, 18որպէս զի մարդոց ծոմ պահողի պէս չերեւնաս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի։ Քու հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, #6.18 Ոմանք, քեզի յայտնապէսքեզի հատուցում պիտի ընէ»։
ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԳԱՆՁԵՐ
(Ղուկ. 12.33-34)
19 «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. 20հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան։ 21քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
ՄԱՐՄՆԻՆ ՃՐԱԳԸ
(Ղուկ. 11.34-36)
22 «Մարմնին ճրագը աչքն է, ուրեմն եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ։ 23Բայց եթէ քու աչքդ վատ է, բոլոր մարմինդ մութ կ’ըլլայ. ուրեմն եթէ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար է, ալ այն խաւարը ո՜րչափ է»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՍՏԱՑՈՒԱԾՔ
(Ղուկ. 16.13, 12.22-31)
24 «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ #6.24 Կամ, մէկը պիտի մեծարէմէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային։ 25Ուստի կ’ըսեմ ձեզի. Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. չէ՞ որ կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը հագուստէն։ 26Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք։ 27Հիմա ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ 28Ու հագուստի համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք. նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՞նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. 29բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ։ 30Ուստի եթէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը փուռը կը ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ 31Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք’։ 32(Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն). վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ 33Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։ 34Ուստի վաղուան համար հոգ մի ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը»։
ప్రస్తుతం ఎంపిక చేయబడింది:
ՄԱՏԹԷՈՍ 6: WA2017
హైలైట్
షేర్ చేయి
కాపీ
మీ పరికరాలన్నింటి వ్యాప్తంగా మీ హైలైట్స్ సేవ్ చేయబడాలనుకుంటున్నారా? సైన్ అప్ చేయండి లేదా సైన్ ఇన్ చేయండి
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017

: