ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4

4
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՍԱՄԱՐԱՑԻ ԿԻՆԸ
1Արդ երբ Տէրը իմացաւ որ Փարիսեցիները լսեր են՝ թէ Յիսուս Յովհաննէսէն աւելի աշակերտներ կ’առնէ եւ կը մկրտէ, 2(թէպէտ՝ ո՛չ թէ Յիսուս ինք կը մկրտէր, հապա իր աշակերտները), 3թողուց Հրէաստանը ու նորէն Գալիլիա գնաց։ 4Ու պէտք եղաւ որ Սամարիայի մէջէն անցնի։ 5Ուստի եկաւ Սամարացիներուն քաղաքը, որուն անունը Սուքար էր, այն տեղին մօտ՝ որ Յակոբ իր որդիին Յովսէփին տուաւ։ 6Հոն էր Յակոբին ջրհորը։ Յիսուս յոգնած ըլլալով՝ այն ջրհորին քով նստաւ։ Գրեթէ ժամը վեցն էր։
7Սամարիայէն կին մը եկաւ ջուր հանելու։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի ջուր տուր խմելու». 8(քանզի իր աշակերտները քաղաքը գացեր էին, որպէս զի ուտելիք առնեն)։ 9Այն ատեն Սամարացի կինը ըսաւ անոր. «Դուն որ Հրեայ ես, ի՞նչպէս կ’ուզես ջուր խմել ինծմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը՝ վասն զի Հրեաները Սամարացիներուն հետ չեն հաղորդակցիր»։ 10Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՞վ է ան, որ քեզի կ’ըսէ, ‘Ինծի ջուր տուր խմելու’, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ ինք քեզի կենդանի ջուր պիտի տար»։ 11Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն բան մը չունիս ջուր քաշելու ու այս հորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս այն կենդանի ջուրը։ 12Միթէ դուն մեր Յակոբ հօրմէն աւելի մե՞ծ ես, որ այս հորը մեզի տուաւ եւ ասկէ խմեցին ինք ու իր որդիները եւ իր անասունները»։ 13Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Ամէն ով որ այս ջուրէն խմէ, նորէն պիտի ծարաւի, բայց ո՛վ որ խմէ այն ջուրէն որ ես անոր պիտի տամ, յաւիտեան պիտի չծարաւի։ 14Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի»։ 15Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, տուր ինծի այն ջուրը, որպէս զի չծարաւիմ եւ հոս չգամ ջուր հանելու»։ 16Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛ քու այրդ կանչէ ու հոս եկուր»։ 17Կինը պատասխան տալով ըսաւ. «Ես այր չունիմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղէկ ըսիր թէ այր չունիմ, 18վասն զի դուն հինգ այր ունեցեր ես եւ ան որ հիմա ունիս՝ քու այրդ չէ. ատիկա շիտակ ըսիր»։ 19Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, կը տեսնեմ թէ դուն մարգարէ մըն ես։ 20Մեր հայրերը այս լերան վրայ երկրպագութիւն ըրին. բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘Միայն Երուսաղէմ է տեղը, ուր պէտք է երկրպագութիւն ընել’»։ 21Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, հաւատա ինծի, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը։ 22Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար. մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք, որը կը ճանչնանք. վասն զի փրկութիւնը Հրեաներէն է։ 23Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։ 24Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։ 25Կինը ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ, (Քրիստոս ըսուածը), երբ ինք գայ՝ ամէն բան մեզի պիտի պատմէ»։ 26Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ»։ 27Այս խօսքին վրայ իր աշակերտները եկան ու զարմացան որ այն կնոջ հետ կը խօսէր, բայց անոնցմէ մէ՛կը չըսաւ թէ «Ի՞նչ կ’ուզես, կամ ի՞նչ կը խօսիս ատոր հետ»։ 28Այն ատեն կինը ձգեց իր սափորը ու քաղաքը գնաց եւ ըսաւ քաղաքացիներուն. 29«Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, մարդ մը՝ որ ըսաւ ինծի ամէն ինչ որ գործեր եմ. արդեօք անիկա՞ է Քրիստոսը»։ 30Անոնք քաղաքէն ելան ու անոր եկան։
31Այս միջոցին աշակերտները իրեն կ’աղաչէին ու կ’ըսէին. «Ռաբբի՛, հաց կեր»։ 32Անիկա ըսաւ անոնց. «Ես կերակուր ունիմ ուտելու՝ որ դուք չէք գիտեր»։ 33Այն ատեն աշակերտները կ’ըսէին իրարու. «Արդեօք մէկը իրեն ուտելու բա՞ն մը բերաւ»։ 34Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ։ 35Չէ՞ որ դուք կ’ըսէք թէ տակաւին չորս ամիս կայ հունձքի։ Ահա ես ձեզի կ’ըսեմ. Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են։ 36Ան որ կը հնձէ՝ վարձք կ’առնէ ու յաւիտենական կեանքի համար պտուղ կը ժողվէ, որպէս զի սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ ուրախանան։ 37Վասն զի ճշմարիտ է այն խօսքը թէ՝ ‘Ուրիշը կը սերմանէ եւ ուրիշը կը հնձէ’։ 38Ես ձեզ ղրկեցի հնձելու այն որուն համար չաշխատեցաք. ուրիշները աշխատեցան ու դուք անոնց աշխատանքէն օգտուեցաք»։
39Այն քաղաքէն շատ Սամարացիներ իրեն հաւատացին այն կնոջ խօսքին համար, որ վկայեց, ըսելով թէ՝ «Ինչ որ ես գործեր էի՝ բոլորը ինծի ըսաւ»։ 40Երբ Սամարացիներն անոր եկան, կ’աղաչէին անոր որ իրենց քով կենայ։ Երկու որ հոն կեցաւ։ 41Շատերը իրեն հաւատացին իր խօսքին համար։ 42Ու կ’ըսէին կնոջը. «Ասկէ ետք ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար կը հաւատանք, այլ մենք անձամբ լսեցինք եւ գիտենք թէ անիկա է ճշմարտապէս աշխարհի Փրկիչը՝ Քրիստոս»։
43Երկու օրէն յետոյ ելաւ անկէ եւ Գալիլիա գնաց, 44վասն զի Յիսուս ինք վկայեց թէ «Մարգարէ մը իր գաւառին մէջ պատիւ չունենար»։ 45Երբ Գալիլիա հասաւ, Գալիլիացիները զինք ընդունեցին, քանզի տեսած էին այն բոլոր հրաշքները, որոնք ինք ըրաւ տօնին ատենը՝ Երուսաղէմի մէջ. վասն զի իրենք ալ այն տօնին գացեր էին։
ՅԻՍՈՒՍ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆԻ ՄԸ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
46Յիսուս նորէն եկաւ Գալիլիացիներուն Կանա քաղաքը, ուր ջուրը գինիի փոխած էր։ Հոն ազնուական մը կար, որուն որդին հիւանդ էր՝ Կափառնայումի մէջ։ 47Ասիկա լսելով, որ Յիսուս Հրէաստանէն Գալիլիա եկեր է, եկաւ անոր ու կ’աղաչէր, որ երթայ եւ իր որդին բժշկէ, վասն զի մեռնելու վրայ է։ 48Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ նշաններ ու հրաշքներ չտեսնէք, բնաւ պիտի չհաւատաք»։ 49Ազնուականը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եկուր, քանի իմ տղաս մեռած չէ»։ 50Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, քու որդիդ ողջ է»։ Մարդն ալ հաւատաց այն խօսքին, որ Յիսուս իրեն ըսաւ ու գնաց։ 51Երբ կ’երթար, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ աւետիս տուին ըսելով. «Քու տղադ ողջ է»։ 52Այն ատեն հարցուց անոնց թէ «Ո՞ր ժամուն սկսաւ աղէկի դառնալ»։ Ըսին իրեն. «Երէկ ժամը եօթին տենդը թողուց զանիկա»։ 53Այն ատեն գիտցաւ անոր հայրը թէ այն ժամն էր երբ Յիսուս իրեն ըսաւ թէ Քու որդիդ ողջ է’ ու հաւատաց ինք եւ իր բոլոր տունը։ 54Այս երկրորդ հրաշքն էր որ Յիսուս ըրաւ, երբ Հրէաստանէն Գալիլիա եկաւ։

ที่ได้เลือกล่าสุด:

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4: WA2017

เน้นข้อความ

แบ่งปัน

คัดลอก

None

ต้องการเน้นข้อความที่บันทึกไว้ตลอดทั้งอุปกรณ์ของคุณหรือไม่? ลงทะเบียน หรือลงชื่อเข้าใช้