ՂՈԻԿԱՍ 23

23
ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՂԱՏՈՍԻՆ ԱՌՋԵՒ
(Մատթ. 27.1-2,11-14, Մարկ. 15.1-5, Յովհ. 18.28-38)
1Բոլոր բազմութիւնը ոտքի ելլելով՝ տարին զանիկա Պիղատոսին 2ու սկսան անոր վրայով ամբաստանութիւն ընել եւ ըսել. «Ասիկա գտանք, որ մեր ազգը կը մոլորեցնէր ու Կայսրին հարկ տալէ կ’արգիլէր եւ իրեն համար կ’ըսէր թէ ինք Քրիստոս ու թագաւոր է»։ 3Պիղատոս հարցուց անոր ու ըսաւ. «Հրէից թագաւորը դո՞ւն ես»։ Անիկա ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Դուն կ’ըսես»։ 4Այն ատեն Պիղատոս քահանայապետներուն ու ժողովուրդին ըսաւ. «Ես այս մարդուն վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։ 5Բայց անոնք ոտք կը կոխէին ու կ’ըսէին թէ՝ «Ժողովուրդը իրար կ’անցնէ ու բոլոր Հրէաստանի մէջ կը սորվեցնէ՝ Գալիլիայէն սկսած մինչեւ այստեղ»։
ՅԻՍՈՒՍ ՀԵՐՈՎԴԷՍԻՆ ԱՌՋԵՒ
6Պիղատոս երբ լսեց Գալիլիայի համար, հարցուց թէ այդ մարդը Գալիլիացի՞ է։ 7Երբ իմացաւ թէ Հերովդէսին իշխանութեան տակէն է, զանիկա Հերովդէսին ղրկեց, քանզի ան ալ այն օրերը Երուսաղէմ էր։
8Հերովդէս երբ Յիսուսը տեսաւ շատ ուրախացաւ, վասն զի ինք շատոնց կը փափաքէր զանիկա տեսնել. քանզի անոր վրայով շատ բաներ լսած էր եւ կը յուսար անկէ նշան մը տեսնել։ 9Ու շատ խօսքերով հարցուփորձ ըրաւ, բայց անիկա բնաւ պատասխան մը չտուաւ։ 10Քահանայապետներն ու դպիրներն ալ կեցեր էին եւ սաստիկ ամբաստանութիւն կ’ընէին անոր վրայ։ 11Հերովդէս անարգեց զանիկա իր զօրականներուն հետ ու ծաղր ընելէն յետոյ փառաւոր հանդերձներ հագցուց անոր եւ նորէն Պիղատոսին ղրկեց։ 12Այն օրը Պիղատոս եւ Հերովդէս իրարու հետ բարեկամ եղան, որովհետեւ առաջ իրենց մէջտեղ թշնամութիւն կար։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
(Մատթ. 27.15-26, Մարկ. 15.6-15, Յովհ. 18.39—19.16)
13Պիղատոս քահանայապետներն ու իշխանները եւ ժողովուրդը մէկտեղ կանչեց 14եւ ըսաւ անոնց. «Այս մարդը առջեւս բերիք ժողովուրդը մոլորեցնողի մը պէս, բայց ես ձեր առջեւ քննութիւն ընելով՝ ատոր համար ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն յանցանք մը չգտայ այդ մարդուն վրայ. 15ո՛չ ալ Հերովդէս, վասն զի ձեզ անոր ղրկեցի եւ ահա ատիկա մահու արժանի գործ մը ըրած չէ։ 16Ուրեմն պատիժ մը տամ անոր ու արձակեմ»։ 17(Իսկ տօնին ատենը պէտք էր որ մէկը արձակէր անոնց). 18բոլոր բազմութիւնը մէկտեղ աղաղակեցին՝ ըսելով. «Վերցուր ատիկա ու Բարաբբան արձակէ մեզի», 19(որ քաղաքին մէջ եղած խռովութեան մը եւ մարդասպանութեան համար բանտը դրուած էր)։ 20Պիղատոս՝ Յիսուսը արձակել ուզելով՝ նորէն խօսեցաւ անոնց։ 21Բայց անոնք կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Խա՛չը հանէ ատիկա, խաչը հանէ»։ 22Ինք երրորդ անգամ ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրած է ատիկա. ես ատոր վրայ մահու արժանի յանցանք մը չգտայ. ուրեմն պատիժ մը տամ ատոր ու արձակեմ»։ 23Իսկ անոնք մեծաձայն աղաղակներով ոտք կը կոխէին ու կ’ուզէին որ անիկա խաչուի. եւ անոնց ու քահանայապետներուն ձայները զօրաւոր եղան։ 24Ու Պիղատոս վճռեց որ անոնց խնդիրքը գործադրուի։ 25Եւ անոնց ուզած մարդը, որ խռովութեան եւ մարդասպանութեան համար բանտը դրուած էր, արձակեց անոնց եւ Յիսուսը իրենց կամքին յանձնեց։
ՅԻՍՈՒՍ ԽԱՉԻՆ ՎՐԱՅ ԳԱՄՈՒԵՑԱՒ
(Մատթ. 27.32-44, Մարկ. 15.21-32, Յովհ. 19.17-27)
26Երբ զանիկա կը տանէին, Սիմոն Կիւրենացի ըսուած մէկը բռնեցին, որ արտէն կու գար եւ խաչը անոր վրայ դրին, որպէս զի Յիսուսին ետեւէն տանի։ 27Անոր ետեւէն կ’երթար ժողովուրդը մեծ բազմութեամբ, նաեւ կիներ, որոնք կ’ողբային ու կու լային անոր ետեւէն։ 28Յիսուս դարձաւ անոնց ու ըսաւ. «Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, իմ վրաս մի՛ լաք, հապա ձեր անձերուն վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ լացէք։ 29Վասն զի ահա օրեր պիտի գան, որոնց մէջ պիտի ըսեն. ‘Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն որոնք չծնան եւ ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին’։ 30Այն ատեն պիտի սկսին ըսել լեռներուն. ‘Մեր վրայ ինկէք’ ու բլուրներուն՝ ‘Մեզ ծածկեցէք’։ 31Վասն զի եթէ դալար փայտին այսպէս կ’ընեն, հապա չորին ի՞նչ պիտի ընեն»։
32Ուրիշ երկու հոգի ալ՝ չարագործներ՝ բերուեցան անոր հետ սպաննուելու։ 33Երբ Գագաթ ըսուած տեղը հասան, հոն խաչը հանեցին զանիկա եւ այն չարագործներն ալ, մէկը աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը խաչեցին։ 34Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։ Ու անոր հանդերձները բաժնելու ատեննին վիճակ ձգեցին։ 35Եւ ժողովուրդը կայներ կը նայէր. իշխաններն ալ անոնց հետ կը նախատէին զանիկա ու կ’ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, թող ինքզինք ալ ազատէ, եթէ ատիկա է Քրիստոսը, Աստուծոյ ընտրեալը»։ 36Զինուորներն ալ կը ծաղրէին. առջեւը կու գային, քացախ կը մատուցանէին անոր, 37ու կ’ըսէին. «Եթէ դուն ես Հրէից թագաւորը, քու անձդ ազատէ»։ 38Ուր գիր մը գրուած էր Յունարէն, Լատիներէն եւ Եբրայեցերէն գրերով, թէ «Ասիկա է Հրէից թագաւորը»։
39Այն կախուած չարագործներէն մէկը հայհոյութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Եթէ դուն Քրիստոսն ես, ազատէ քու անձդ ու մեզ ալ»։ 40Իսկ միւսը զանիկա յանդիմանելով՝ ըսաւ. «Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես։ 41Մենք իրաւունքով, քանզի ահա մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը կ’առնենք. բայց ասիկա գէշ բան մը չըրաւ»։ 42Եւ ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ 43Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Դուն այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’»։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՀԸ
(Մատթ. 27.45-56, Մարկ. 15.33-41, Յովհ. 19.28-30)
44Ժամը վեցին ատեններն էր ու բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ Արեւը խաւարեցաւ 45ու տաճարին վարագոյրը մէջտեղէն պատռուեցաւ։ 46Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ Ու երբ այս ըսաւ, հոգին տուաւ։
47Հարիւրապետը եղածը տեսնելով՝ Աստուծոյ փառք տուաւ ու ըսաւ. «Իրաւցնէ այս մարդը արդար էր»։ 48Այս տեսարանը դիտելու համար ժողվուած բազմութիւնը եղած բաները տեսնելով կուրծքերնուն կը զարնէին ու ետ կը դառնային։ 49Իր բոլոր ճանչուորներն ալ հեռուն կայներ էին, նոյնպէս ալ կիները՝ որոնք իր ետեւէն եկեր էին Գալիլիայէն ու կը տեսնէին այս բաները։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԹԱՂՈՒՄԸ
(Մատթ. 27.57-61, Մարկ. 15.42-47, Յովհ. 19.38-42)
50Մարդ մը՝ Յովսէփ անունով, որ խորհրդական էր, բարի ու արդար մարդ մը, 51(ասիկա անոնց խորհուրդին ու գործին հաւանութիւն տուած չէր), Հրեաներուն Արիմաթիա քաղաքէն, որ ինք ալ Աստուծոյ թագաւորութեանը կ’սպասէր։ 52Ասիկա Պիղատոսին գնաց ու Յիսուսին մարմինը խնդրեց։ 53Եւ զանիկա խաչէն իջեցնելով՝ կտաւով փաթթեց ու քարէ փորուած գերեզմանի մը մէջ դրաւ, ուր բնաւ մէկը դրուած չէր։ 54Այն օրը Ուրբաթ էր ու Շաբաթը պիտի #23.54 Յուն., լուսնարսկսէր։
55Անոր ետեւէն գացին այն կիները, որոնք իրեն հետ Գալիլիայէն եկած էին ու տեսան գերեզմանը, թէ ի՛նչպէս անոր մարմինը հոն դրուեցաւ։ 56Եւ դառնալով՝ խունկեր ու իւղեր պատրաստեցին եւ Շաբաթ օրը հանգստացան պատուիրանքին համեմատ։

ที่ได้เลือกล่าสุด:

ՂՈԻԿԱՍ 23: WA2017

เน้นข้อความ

แบ่งปัน

คัดลอก

None

ต้องการเน้นข้อความที่บันทึกไว้ตลอดทั้งอุปกรณ์ของคุณหรือไม่? ลงทะเบียน หรือลงชื่อเข้าใช้