Logo ng YouVersion
Hanapin ang Icon

ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 2

2
Մոգերուն այցը
1 Հերովդէս թագաւորի օրերուն էր, որ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ։ Եւ ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ 2եւ հարցուցին.
– Ո՞ւր է Հրեաներու նորածին թագաւորը. մենք տեսանք անոր աստղը արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու իրեն։
3Երբ Հերովդէս թագաւոր լսեց ասիկա՝ վրդովեցաւ, եւ իրեն հետ՝ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները։ 4Կանչեց ժողովուրդի բոլոր աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները եւ հարցուց անոնց, թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը։
5Անոնք պատասխանեցին.
– Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ, որովհետեւ Միքիա մարգարէն այսպէս գրած է.–
6 «Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի քաղաք,
հռչակով նուազ չես Յուդայի միւս քաղաքներէն.
որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ իշխան մը,
որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը»։
7Այն ատեն Հերովդէս գաղտնաբար իր մօտ կանչեց մոգերը եւ անոնցմէ ստուգեց աստղին երեւելուն ժամանակը։ 8Ապա զանոնք Բեթլեհէմ ղրկեց, պատուիրելով.
– Գացէք եւ ստոյգ տեղեկութիւններ քաղելով գտէ՛ք երեխան, եւ երբ գտնէք՝ ինծի իմացուցէք, որպէսզի ե՛ս ալ գամ եւ երկրպագեմ իրեն։
10Թագաւորին այս հրահանգը լսելէ ետք, մոգերը մեկնեցան։ Անոնք չափազանց ուրախացան, երբ կրկին տեսան այն աստղը, որ արեւելքի մէջ տեսեր էին. եւ ահա աստղը առաջնորդեց զիրենք մինչեւ որ եկաւ ու կեցաւ այն վայրին վրայ ուր երեխան կը գտնուէր։ 11Երբ տուն մտան, տեսան երեխան իր մօրը՝ Մարիամի հետ, եւ մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագեցին մանուկին։ Ապա բացին իրենց արկղերը եւ Յիսուսի ընծայեցին իրենց նուէրները՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս։
12Յետոյ ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը, առանց Հերովդէսի հանդիպելու, ինչպէս որ Աստուած երազի մը մէջ հրահանգեց իրենց։
Փախուստ դէպի Եգիպտոս
13Երբ մոգերը Բեթլեհէմէն մեկնեցան, Տիրոջ հրեշտակը Յովսէփի երեւցաւ երազի մը մէջ եւ ըսաւ.
– Ե՛լ, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը եւ փախիր Եգիպտոս. հո՛ն մնա մինչեւ որ ըսեմ քեզի, որովհետեւ Հերովդէս կը փնտռէ մանուկը՝ զայն սպաննելու համար։
14Յովսէփ արթնցաւ, գիշերով առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ գնաց Եգիպտոս, 15Շուր մնաց մինչեւ Հերովդէսի մահը։ Այս ձեւով իրականացաւ Տիրոջ խօսքը, Ովսիա մարգարէի բերնով ըսուած. «Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս»։
Մանուկներու ջարդը
16Իսկ Հերովդէս, երբ տեսաւ որ մոգերը զինք խաղի բերին, սաստիկ զայրացաւ եւ մարդիկ ղրկեց, որպէսզի սպաննեն Բեթլեհէմի մէջ եւ անոր շրջակայքը գտնուող բոլոր երեխաները, որոնք երկու տարեկան եւ կամ աւելի փոքր էին, նկատի առնելով Յիսուսի ծննդեան ժամանակը, որ ստուգած էր մոգերէն։ 17Այսպէս իրականացաւ այն՝ ինչ որ Տէրը Երեմիա մարգարէին բերնով կ՚ըսէ.–
18 «Գոյժ մը լսուեցաւ Ռամայի մէջ, ողբ, հեծեծանք եւ լացուկոծ դառնագին.
Ռաքէլ իր զաւակներուն համար կու լար եւ մխիթարուիլ չէր ուզեր,
քանի այլեւս անոնք չկային»։
Եգիպտոսէն վերադարձ
19Հերովդէսի մահէն ետք, ահա Տիրոջ հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ Յովսէփի երեւցաւ երազի մը մէջ 20եւ ըսաւ.
– Ե՛լ, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը եւ վերադարձիր Իսրայէլի երկիրը, որովհետեւ մանուկը սպաննել ուզողները մեռան։
21Յովսէփ ելաւ, առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ վերադարձաւ Իսրայէլի երկիրը։ 22Սակայն երբ լսեց որ Արքեղայոսը թագաւորած է Հրէաստանի վրայ՝ իր հօրը Հերովդէսի տեղ, հոն երթալու վախցաւ։ Փոխարէնը, երազի մը մէջ իրեն հրամայուածին համաձայն՝ գնաց Գալիլեայի կողմերը 23եւ եկաւ բնակեցաւ Նազարէթ քաղաքին մէջ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը կ՚ըսէ մարգարէներուն միջոցաւ, թէ Նազովրեցի պիտի կոչուի։

Haylayt

Ibahagi

Kopyahin

None

Gusto mo bang ma-save ang iyong mga hinaylayt sa lahat ng iyong device? Mag-sign up o mag-sign in