1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:10
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար։ Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան։
Karşılaştır
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:10 keşfedin
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:11
Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար.
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:11 keşfedin
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:27
Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:27 keşfedin
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:28
եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին։ Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքէս։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:28 keşfedin
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:9
Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:9 keşfedin
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:14
Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:14 keşfedin
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:29-30
Հայրս այդ ոչխարները ինծի տուաւ, եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք իմ Հօրս ձեռքէն, որովհետեւ Հայրս բոլորէն աւելի մեծ է։ Ես եւ Հայրս մէկ ենք։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:29-30 keşfedin
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:15
այնպէս՝ ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ ես՝ Հայրը։ Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:15 keşfedin
9
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:18
Ոչ ոք կրնայ կեանքս ինձմէ խլել։ Ես իմ կամքովս կեանքս կու տամ։ Իրաւունք ունիմ զայն տալու, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունիմ զայն կրկին առնելու։ Ահա այսպէս պատուիրեց Հայրս ինծի։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:18 keşfedin
10
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:7
Ուստի Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց. – Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:7 keşfedin
11
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:12
մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ՝ կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի, ձգելով որ գայլը յափշտակէ եւ ցրուէ ոչխարները
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:12 keşfedin
12
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:1
Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ.
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:1 keşfedin
Ana Sayfa
Kutsal Kitap
Okuma Planları
Videolar