1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:35
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ։
Karşılaştır
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:35 keşfedin
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:63
Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ. մարդս բան մը չի կրնար ընել։ Այն խօսքերը որ ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գան եւ կեանք կու տան։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:63 keşfedin
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:27
Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:27 keşfedin
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:40
Հօրս կամքը հետեւեալն է.– Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:40 keşfedin
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:29
Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:29 keşfedin
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:37
Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ.
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:37 keşfedin
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:68
Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. – Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:68 keşfedin
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:51
Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Հացը որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:51 keşfedin
9
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:44
Ոեւէ մէկը չի կրնար ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն ինծի չբերէ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:44 keşfedin
10
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:33
Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:33 keşfedin
11
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:48
Ե՛ս եմ կեանքի հացը։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:48 keşfedin
12
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:11-12
Յիսուս առաւ հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բաժնեց նստողներուն։ Ձուկերը առնելով՝ նոյնը ըրաւ, եւ ժողովուրդը առաւ՝ ո՛րքան որ ուզեց։ Երբ կշտացան, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. – Հաւաքեցէ՛ք աւելցած կտորները, որպէսզի բան չկորսուի։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:11-12 keşfedin
13
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:19-20
Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին։ Բոլորը սարսափեցան։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ես եմ, մի՛ վախնաք։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 6:19-20 keşfedin
Ana Sayfa
Kutsal Kitap
Okuma Planları
Videolar