Այսպէս պատահեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։ Իր մայրը՝ Մարիամ, նշանուած էր Յովսէփի հետ, սակայն նախ քան ամուսնութիւնը Մարիամ յղի մնաց Սուրբ Հոգիէն։
Յովսէփ՝ անոր նշանածը, արդար մարդ մը ըլլալուն՝ չուզեց հանրութեան առջեւ խայտառակել զայն, այլ խորհեցաւ լռելեայն ետ ընել իրենց նշանախօսութիւնը։