YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 13

13
ԱԲՐԱՄ ԵՒ ՂՈՎՏ ԿԸ ԲԱԺՆՈՒԻՆ
1Եւ Աբրամ իր կնոջ հետ ու իր բոլոր ունեցածներով Եգիպտոսէն դէպի Քանանի հարաւակողմը գնաց ու Ղովտ ալ իրեն հետ։ 2Աբրամ շատ հարուստ էր անասուններով, արծաթով ու ոսկիով։ 3Եւ իր առաջին իջեւանած տեղէն գնաց հարաւային կողմը, մինչեւ Բեթէլ, այն տեղը ուր էր առաջ իր վրանը, Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ, 4Այն սեղանին տեղը, որ առաջ շիներ էր։ Աբրամ Տէրոջը անունը կանչեց։
5Եւ Աբրամին հետ գացող Ղովտն ալ ոչխարներ ու արջառներ ու վրաններ ունէր։ 6Այն երկիրը բաւական չէր անոնց, որ մէկտեղ բնակին. քանզի անոնց ստացուածքը շատ ըլլալով՝ չէին կրնար մէկտեղ բնակիլ։ 7Աբրամին անասուններուն հովիւներուն ու Ղովտի անասուններուն հովիւներուն միջեւ վէճ կ’ըլլար։ Նոյն ատեն Քանանացիներ ու Փերեզացիներ ալ կը բնակէին այդ երկրին մէջ։ 8Աբրամ ըսաւ Ղովտին. «Կ’աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, վասն զի մենք եղբայր ենք։ 9Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ’աղաչեմ, զատուէ ինծմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ’երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ’երթամ»։ 10Ղովտ աչքերը վեր վերցուց ու Յորդանանի ամէն կողմը նայեցաւ եւ տեսաւ որ ամէն տեղ ջրարբի էր, Տէրը Սոդոմը ու Գոմորը կորսնցնելէն առաջ մինչեւ Սեգովր Տէրոջը դրախտին կամ Եգիպտոսի երկրին պէս էր։ 11Եւ Ղովտ իրեն համար Յորդանանի հովիտը ընտրեց ու դէպի արեւելք չուեց եւ իրարմէ զատուեցան։ 12Աբրամ Քանանի երկրին մէջ բնակեցաւ, Ղովտն ալ դաշտի քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ ու իր վրանը Սոդոմի քով բացաւ։ 13Եւ Սոդոմի մարդիկը խիստ չար ու մեղաւոր էին Տէրոջը առջեւ։
ԱԲՐԱՄ ԴԷՊԻ ՔԵԲՐՈՆ ԿԸ ՉՈՒԷ
14Եւ Տէրը Աբրամին ըսաւ՝ Ղովտին զատուելէն ետքը. «Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու քու եղած տեղէդ դէպի հիւսիս ու հարաւ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք դիտէ. 15Վասն զի այդ բոլոր երկիրը, որ կը տեսնես, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ յաւիտեան։ 16Եւ քու սերունդդ երկրի փոշիին պէս անթիւ պիտի ընեմ, այնպէս որ եթէ մէկը երկրի փոշին կարենայ համրել, քու սերունդդ ալ համրէ։ 17Ելի՛ր, այդ երկիրը պտըտէ անոր երկայնութեանը ու լայնութեանը համեմատ, քանզի զանիկա քեզի պիտի տամ»։ 18Եւ Աբրամ վերցուց իր վրանը ու գնաց բնակեցաւ Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, որ Քեբրոնի մէջ է եւ հոն սեղան շինեց Տէրոջը։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 13: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in