YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 14

14
ԱԲՐԱՄ ՂՈՎՏԸ ԿԸ ՓՐԿԷ
1Չորս թագաւորներ՝ Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին, Ելլասարի Արիովք թագաւորին, Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին եւ Գոյիմի Թադգաղ թագաւորին ժամանակները, 2Սոդոմի Բարա թագաւորին եւ Գոմորի Բարսա թագաւորին ու Ադամայի Սենաբ թագաւորին եւ Սեբոյիմի Սիմոբոր թագաւորին ու Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորին հետ պատերազմեցան։ 3Ասոնք ամէնքը հաւաքուեցան Սիդդէմ ձորին մէջ, որ է Աղի ծովը։ 4Տասներկու տարի Քոդողագոմորի ծառայութիւն ըրին ու տասներեքերորդ տարին ապստամբեցան։ 5Եւ տասնըչորրորդ տարին Քոդողագոմոր ու իրեն հետ եղող թագաւորները եկան ու Աստարովթ Կառնայիմի մէջ եղող Ռափայինները ու Համի մէջ եղող Զուզեցիները եւ Շաւէ Կարիաթեմի մէջ Էմիմները 6Եւ Քոռեցիները իրենց Սէիր լերանը վրայ՝ մինչեւ անապատին քով եղող #14:6 Այսինքն, Փառանի բեւեկնինԷլփառանը զարկին։ 7Ապա դարձան եկան #14:7 Այսինքն, դատաստանի աղբիւրԵնմասեփաթ, այսինքն՝ Կադէս եւ Ամաղեկացիներուն բոլոր նահանգը ու Ասասանթամարի մէջ բնակող Ամօրհացիներն ալ զարկին։ 8Եւ Սոդոմի թագաւորը ու Գոմորի թագաւորը եւ Ադմայի թագաւորը ու Սեբոյիմի թագաւորը եւ Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորը ելլելով Սիդդիմ ձորին մէջ անոնց հետ պատերազմելու շարուեցան, 9Այսինքն Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին ու Գայիմի Թադգաղ թագաւորին ու Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին եւ Ելլասարի Արիովք թագաւորին հետ, այս չորս թագաւորը այն հինգին հետ։ 10Եւ Սիդդիմ ձորը նաւթի հորերով լեցուն էր։ Սոդոմի ու Գոմորի թագաւորները փախան եւ հոն ինկան ու մնացածները լեռը փախան։ 11Եւ անոնք Սոդոմի ու Գոմորի բոլոր ունեցածնին ու անոնց բոլոր պաշարները առին ու գացին։ 12Սոդոմի մէջ բնակող Աբրամի եղբօրորդին Ղովտը ու անոր բոլոր ստացուածքն ալ առին ու գացին։
13Փախստական մը եկաւ ու այս բաները Եբրայեցի Աբրամին պատմեց։ Աբրամ Եսքողի ու Աների եղբօրը Ամօրհացի Մամբրէի կաղնիներուն մէջ կը բնակէր. վասն զի ասոնք Աբրամին հետ դաշնակից էին։ 14Աբրամ երբ իր եղբօր գերի առնուիլը լսեց, իր տանը մէջ ծնած երեք հարիւր տասնըութը կրթուած ծառաները հանեց ու անոնց ետեւէն ինկաւ մինչեւ Դան։ 15Ինքն ու իր ծառաները գիշերով գունդ գունդ անոնց վրայ յարձակեցան ու զարկին զանոնք եւ քշեցին զանոնք մինչեւ Քոբա, որ Դամասկոսի հիւսիսային կողմն է։ 16Եւ բոլոր ստացուածքը ետ բերաւ եւ իր եղբայրը Ղովտն ալ ու անոր ունեցածները եւ կիները ու ժողովուրդն ալ ետ բերաւ։
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ Կ’ՕՐՀՆԷ ԱԲՐԱՄԸ
17Աբրամ Քոդողագոմորը ու անոր հետ եղող թագաւորները զարնելէն ու դառնալէն ետքը, Սոդոմի թագաւորը զանիկա դիմաւորելու ելաւ դէպի Շաւէ ձորը (այսինքն՝ Թագաւորի ձորը)։ 18Եւ Սաղէմի թագաւորը՝ Մելքիսեդեկ՝ հաց ու գինի հանեց ու անիկա Բարձրեալ Աստուծոյ քահանան էր։ 19Եւ օրհնեց Աբրամը ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Աբրամ, երկնքի ու երկրի Տէրը եղող Բարձրեալ Աստուծմէն։ 20Օրհնեալ ըլլայ Բարձրեալ Աստուածը, որ քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնեց»։ Աբրամ ամենէն տասանորդ տուաւ անոր։
21Սոդոմի թագաւորը ըսաւ Աբրամին. «Մարդիկը ինծի տուր, բայց ստացուածքը դուն քեզի առ»։ 22Եւ Աբրամ ըսաւ Սոդոմի թագաւորին. «Երկնքի ու երկրի տէրը եղող Բարձրեալ Տէր Աստուծոյ վերցուցի իմ ձեռքս, 23Որ դերձանէն մինչեւ կօշիկի կապը բան մը չառնեմ քու ունեցածներէդ, որ չըլլայ թէ Աբրամը ես հարստացուցի ըսես, 24Բացի տղաքներուն կերածէն ու ինծի հետ եկող մարդոցը, այսինքն Աների ու Եսքողի ու Մամբրէի բաժիններէն. թող անոնք իրենց բաժինը առնեն»։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 14: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in