YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 15

15
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒԽՏԸ ԱԲՐԱՄԻՆ ՀԵՏ
1Այս բաներէն ետքը տեսիլքի մէջ Տէրոջը խօսքը Աբրամին եղաւ՝ ըսելով. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Աբրամ, ես քեզի վահան եմ ու քու վարձքդ խիստ շատ պիտի ըլլայ»։ 2Աբրամ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ի՞նչ պիտի տաս, քանի որ առանց զաւակի կը մնամ եւ իմ տանս տիրողը այս Դամասկոսցի Եղիազարն է»։ 3Նաեւ ըսաւ Աբրամ. «Որովհետեւ ինծի սերունդ չտուիր, ահա իմ տանս ծառան ինծի ժառանգորդ պիտի ըլլայ»։ 4Ահա Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Անիկա քու ժառանգորդդ պիտի չըլլայ. բայց ա՛ն պիտի ըլլայ քու ժառանգորդդ՝ որ քու մէջքէդ պիտի ելլէ»։ 5Եւ դուրս հանեց զանիկա ու ըսաւ. «Հիմա դէպի երկինք նայէ ու աստղերը համրէ, եթէ զանոնք համրել կրնաս»։ Եւ ըսաւ անոր. «Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ»։ 6Աբրամ հաւատաց Տէրոջը, որը Աբրամին արդարութիւն սեպուեցաւ։
7Տէրը ըսաւ անոր. «Ես եմ Տէրը, որ քեզ Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցի՝ այս երկիրը բերի զայն քեզի իբր ժառանգութիւն տալու համար»։ 8Ան ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ի՞նչպէս գիտնամ թէ ես զանիկա պիտի ժառանգեմ»։ 9Տէրը ըսաւ անոր. «Ինծի երեք տարեկան երինջ մը ու երեք տարեկան այծ մը եւ երեք տարեկան խոյ մը ու տատրակ մը եւ աղաւնիի ձագ մը բեր»։ 10Աբրամ բոլոր ասոնք բերաւ ու զանոնք մէջտեղէն կտրեց եւ ամէն մէկ կտորը իր մասին հետ դէմ դիմաց դրաւ, բայց թռչունները չկտրեց։ 11Եւ երբ դիակներուն վրայ գիշատիչ թռչուններն իջան, Աբրամ վռնտեց զանոնք։ 12Ու երբ արեւը մարը կը մտնէր, Աբրամին վրայ խորունկ քուն մը իջաւ եւ ահա անոր վրայ մեծ մթութեան սոսկում մը ինկաւ։ 13Եւ Տէրը ըսաւ Աբրամին. «Ստոյգ գիտցիր որ քու սերունդդ իրենցը չեղած երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլան եւ ծառայութիւն պիտի ընեն ու հոն չորս հարիւր տարի պիտի չարչարուին։ 14Բայց այն ազգը որուն պիտի ծառայեն, ես պիտի դատեմ եւ անկէ ետքը շատ ստացուածքով պիտի ելլեն։ 15Եւ դուն խաղաղութեամբ քու հայրերուդ պիտի երթաս, աղէկ մը ծերացած պիտի թաղուիս։ 16Եւ անոնք չորրորդ դարուն մէջ հոս պիտի դառնան. վասն զի Ամօրհացիներուն անօրէնութիւնը դեռ լեցուած չէ»։ 17Երբ արեւը մարը մտաւ ու խաւար եղաւ, ահա մխացող հնոց մը ու վառուած ջահ մը այն կտորներուն մէջտեղէն անցան։ 18Այն նոյն օրը Տէրը Աբրամին հետ ուխտ մը ըրաւ՝ ըսելով. «Քու սերունդիդ տուի այս երկիրը Եգիպտոսի գետէն մինչեւ մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը՝ 19Կենեցիները եւ Կենեզացիները ու Կեդմոնացիները 20Եւ Քետացիները ու Փերեզացիները 21Եւ Ռափայինները եւ Ամօրհացիները ու Քանանացիները եւ Գերգեսացիները ու Յեբուսացիները։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 15: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in