YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 17

17
ԹԼՓԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒԽՏԻՆ ՆՇԱՆ
1Երբ Աբրամ իննիսունըինը տարեկան էր, Տէրը Աբրամին երեւցաւ ու ըսաւ անոր. «Ես եմ ամենակարող Աստուածը. իմ առջեւս քալէ՛ ու կատարեալ եղի՛ր։ 2Եւ իմ ու քու մէջտեղ ուխտ պիտի ընեմ ու խիստ պիտի շատցնեմ քեզ»։ 3Աբրամ իր երեսին վրայ ինկաւ ու Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. 4Ահա իմ ուխտս քեզի հետ է։ Ազգերու բազմութեան հայր պիտի ըլլաս 5Ու այսուհետեւ քու անունդ #17:5 Այսինքն, հայր բարձրԱբրամ չըսուի, հապա քու անունդ #17:5 Այսինքն, հայր բազմութեանԱբրահամ թող ըլլայ. վասն զի քեզ ազգերու բազմութեան հայր ըրի։ 6Քեզ խիստ պիտի աճեցնեմ ու քեզ ազգեր պիտի ընեմ ու քեզմէ թագաւորներ պիտի ելլեն։ 7Իմ ու քու մէջտեղ ու քու սերունդիդ մէջտեղ եւ իրենց ազգերուն մէջտեղ ուխտս պիտի հաստատեմ։ Յաւիտենական ուխտ մը, որ քեզի ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ Աստուած պիտի ըլլամ։ 8Եւ պիտի տամ քեզի ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ իբր յաւիտենական ժառանգութիւն այն երկիրը, ուր պանդուխտ եղար՝ բոլոր Քանանի երկիրը ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ»։ 9Եւ Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Ուստի դուն ու քեզմէ ետքը քու սերունդդ իրենց ազգերուն մէջ՝ պահեցէք իմ ուխտս։ 10Այս է իմ ու ձեր մէջտեղ եւ քեզմէ ետքը քու սերունդիդ մէջտեղ եղած իմ ուխտս՝ որ պիտի պահէք. 11Ձեզմէ ամէն արուն պէտք է թլփատուի. Ձեր անթլփատութեան մարմինը թլփատէք ու ասիկա իմ ու ձեր մէջտեղ եղած ուխտին նշանը թող ըլլայ։ 12Ձեր ազգերուն մէջ ամէն ութ օրուան արու զաւակ, կամ տունը ծնածը, կամ քու սերունդէդ չեղող բոլոր օտարականներէն ստակով ծախու առնուածը՝ պէտք է թլփատուի։ 13Քու տունդ ծնածը եւ ստակովդ ծախու առնուածը անշուշտ պիտի թլփատուի եւ իմ ուխտս ձեր մարմինին մէջ յաւիտենական ուխտ մը ըլլայ։ 14Եւ անթլփատ արուն՝ որուն անթլփատութեան մարմինը թլփատուած չէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պիտի #17:14 Եբր. կտրուիկորսուի. անիկա իմ ուխտս անարգած կ’ըլլայ»։
15Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Քու կնոջդ Սարային անունը՝ Սարա մի՛ կանչեր, հապա անոր անունը #17:15 Այսինքն, իշխանուհիՍառա թող ըլլայ։ 16Զանիկա պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի ու պիտի օրհնեմ զանիկա ու ազգերու մայր պիտի ըլլայ եւ ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ»։ 17Աբրահամ երեսի վրայ ինկաւ ու խնդաց եւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Հարիւր տարեկան մարդուն զաւակ պիտի ըլլա՞յ արդեօք եւ Սառա, որ իննիսուն տարեկան է, պիտի ծնանի՞»։ 18Եւ Աբրահամ ըսաւ Աստուծոյ. «Թող Իսմայէլ ապրի քու առջեւդ»։ 19Եւ Աստուած ըսաւ. «Այո՛, քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ծնանի քեզի ու անոր անունը #17:19 Այսինքն, խնդութիւնԻսահակ պիտի դնես։ Անոր հետ ու անկէ ետքը անոր սերունդին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, յաւիտենական ուխտ մը։ 20Եւ Իսմայէլի համար ալ լսեցի քեզի։ Ահա օրհնեցի զանիկա ու պիտի աճեցնեմ զանիկա ու խիստ պիտի շատցնեմ։ Անիկա տասներկու իշխան պիտի ծնանի եւ մեծ ազգ մը պիտի ընեմ զանիկա։ 21Բայց գալ տարի այս ատեն Սառայի քեզի ծնանելու Իսահակին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ»։
22Տէրը անոր հետ խօսիլը լմնցուց ու Աստուած Աբրահամին քովէն վեր ելաւ։ 23Աբրահամ առաւ իր որդին Իսմայէլը եւ բոլոր իր տունը ծնածները եւ բոլոր ստակով ծախու առնուածները, իր ընտանիքին մէջ գտնուած ամէն արու ու նոյն օրը անոնց անթլփատութեան մարմինը թլփատեց, ինչպէս Աստուած անոր ըսեր էր։ 24Աբրահամ իննիսունըինը տարեկան էր երբ իր անթլփատութեան մարմինը թլփատուեցաւ։ 25Եւ իր որդին Իսմայէլ տասներեք տարեկան էր, երբ իր անթլփատութեան մարմինը թլփատուեցաւ։ 26Նոյն օրը թլփատուեցան Աբրահամ ու իր որդին Իսմայէլ։ 27Եւ իր տանը բոլոր մարդիկը, թէ՛ իր տունը ծնած եւ թէ օտարականներէն ստակով առնուած, իրեն հետ թլփատուեցան։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 17: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in