YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 18

18
ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ԶԱՒԱԿ ՄԸ ԽՈՍՏԱՑՈՒԵՑԱՒ
1Տէրը երեւցաւ Աբրահամին Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, երբ անիկա օրուան տաք ատենը վրանին դուռը նստեր էր 2Եւ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, ահա երեք մարդիկ կայներ էին իրեն մօտ ու երբ տեսաւ զանոնք, վրանին դռնէն վազեց զանոնք դիմաւորելու ու մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրաւ 3Եւ ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, հիմա եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, կ’աղաչեմ քեզի, քու ծառայիդ բնակարանէն մի՛ անցնիր. 4Կ’աղաչեմ ձեզի, քիչ մը ջուր բերուի ու ոտքերնիդ լուացէք ու ծառին տակ հանգստացէ՛ք. 5Եւ պատառ մը հաց բերեմ ու սրտերնիդ զօրացուցէք, ետքը անցէք. քանզի ասոր համար ձեր ծառային քով եկաք»։ Անոնք ըսին. «Ինչպէս ըսիր, այնպէս ըրէ»։ 6Աբրահամ արտորալով դէպի վրանը Սառայի գնաց ու ըսաւ. «Շուտով երեք գրիւ բարակ ալիւր շաղէ ու շօթեր շինէ»։ 7Եւ Աբրահամ վազեց արջառներուն ու մատղաշ ու աղէկ հորթ մը առաւ ու պատանիի մը տուաւ. ան ալ շուտով պատրաստեց զանիկա։ 8Եւ կոգի ու կաթ ու իր պատրաստած հորթը առաւ եւ անոնց առջեւ դրաւ ու ինք ծառին տակ անոնց քով կայնեցաւ։ Անոնք կերան 9Եւ ըսին իրեն. «Ո՞ւր է քու Սառա կինդ» ու ինք ըսաւ. «Ահա վրանին մէջ է»։ 10Տէրը ըսաւ. «#18:10 Եբր., Կեանքի ժամանակինԳալ տարի՝ ՝ անշուշտ քեզի պիտի դառնամ եւ ահա քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ունենայ»։ Սառա մտիկ կ’ընէր վրանին դրանը մէջ՝ որ անոր ետեւն էր. 11Աբրահամ ու Սառա ծերացած էին ու օրերնին անցուցած եւ Սառայէն պակսած էր կանանց օրէնքին մէջ ըլլալը։ 12Սառա իր մտքին մէջ խնդաց՝ ըսելով. «Ես պառաւնալէս ետքը զուարճութի՞ւն պիտի ունենամ, արդէն տէրս ալ ծերացած է»։ 13Եւ Տէրը ըսաւ Աբրահամին. «Սառան ինչո՞ւ խնդաց՝ ըսելով. ‘Միթէ ես իրաւցընէ՞ պիտի ծնանիմ, որ պառաւցեր եմ’։ 14Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք։ Սահմանուած ժամանակին, գալ տարի, քեզի պիտի դառնամ ու Սառան որդի մը պիտի ունենայ»։ 15Բայց Սառա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չխնդացի». քանզի վախցաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ո՛չ, խնդացիր»։
ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ՉՔՄԵՂԱՆՔԸ ՍՈԴՈՄԻՆ ՀԱՄԱՐ
16Մարդիկը ելան անկէ ու երեսնին դէպի Սոդոմ շտկեցին։ Աբրահամ զանոնք ճամբեցնելու համար անոնց հետ գնաց։ 17Եւ Տէրը ըսաւ. «Միթէ Աբրահամէն պիտի պահե՞մ ինչ որ պիտի ընեմ. 18Որովհետեւ Աբրահամ անշուշտ մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ըլլայ ու երկրի բոլոր ազգերը անով պիտի օրհնուին։ 19Քանզի գիտեմ զանիկա, որ իր որդիներուն ու իրմէ ետքը իր տանը պիտի պատուիրէ եւ անոնք արդարութիւն ու իրաւունք ընելու համար՝ Տէրոջը ճամբան պիտի պահեն. որպէս զի Տէրը Աբրահամին վրայ բերէ, ինչ որ խօսեցաւ»։ 20Եւ Տէրը ըսաւ. «Որովհետեւ Սոդոմի ու Գոմորի աղաղակը շատցաւ եւ անոնց մեղքը խիստ ծանրացաւ, 21Հիմա պիտի իջնեմ տեսնելու՝ թէ բոլորովին ինծի եկած աղաղակին պէս ըրի՞ն եւ եթէ ոչ՝ գիտնամ»։ 22Այն մարդիկը անկէ ելան ու դէպի Սոդոմ գացին։ Աբրահամ տակաւին Տէրոջը առջեւ կայներ էր։
23Եւ Աբրահամ մօտեցաւ ու ըսաւ. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես. 24Թերեւս այն քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան. արդեօք անոր մէջ եղած յիսուն արդարին համար չխնայելով պիտի կորսնցնե՞ս այն տեղը։ 25Քա՛ւ լիցի որ այսպիսի բան մը կատարես, որ արդարը ամբարշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարշտի պէս ըլլայ։ Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։ 26Եւ Տէրը ըսաւ. «Եթէ Սոդոմի մէջ յիսուն արդար գտնեմ, անոնց համար բոլորին պիտի խնայեմ»։ 27Աբրահամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա հիմա, ես որ հող ու մոխիր եմ, Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ. 28Թերեւս յիսուն արդարէն հինգ պակաս ըլլայ, այն հինգին համար բոլոր քաղաքը պիտի կորսնցնե՞ս»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ հոն քառասունըհինգ տեսնեմ, չեմ կորսնցներ»։ 29Դարձեալ խօսեցաւ Աբրահամ ու ըսաւ. «Թերեւս հոն քառասուն գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Քառասունին համար ալ պիտի չընեմ»։ 30Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու խօսիմ. Թերեւս հոն երեսուն գտնուի»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ հոն երեսուն գտնուի, պիտի չընեմ»։ 31Եւ ինք ըսաւ. «Ահա իմ Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ. Թերեւս հոն քսան գտնուի»։ Անիկա ըսաւ. «Քսանին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։ 32Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ. Թերեւս հոն տասը գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Տասին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։ 33Եւ Տէրը Աբրահամին հետ խօսիլը լմնցուցածին պէս՝ գնաց։ Աբրահամ ալ իր տեղը դարձաւ։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 18: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in