YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 19

19
ՄԵՂՍԱԼԻՑ ՍՈԴՈՄԸ
1Այն երկու հրեշտակները իրիկուան դէմ Սոդոմ գացին։ Ղովտ Սոդոմի դուռը նստեր էր։ Ղովտ տեսնելով՝ զանոնք դիմաւորելու ելաւ ու իր երեսը մինչեւ գետին ծռելով խոնարհութիւն ըրաւ 2Ու ըսաւ. «Աղէ՜, իմ տէրերս, կ’աղաչեմ, ձեր ծառային տունը մտէք եւ գիշերը հոն կեցէք ու ոտքերնիդ լուացէք ու առտուն կանուխ ելէք ու ձեր ճամբան գացէք»։ Անոնք ըսին. «Ո՛չ, գիշերը փողոցը կը կենանք»։ 3Ղովտ շատ բռնադատեց զանոնք ու անոր դարձան եւ անոր տունը մտան ու անոնց խնճոյք ըրաւ եւ բաղարջ եփեց ու կերան։
4Բայց անոնց պառկելէն առաջ քաղաքին մարդիկը, այսինքն Սոդոմացիները, երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, ամէն կողմէն բոլոր ժողովուրդը տունը շրջապատեցին 5Եւ Ղովտը կանչեցին ու անոր ըսին. «Ո՞ւր են այն մարդիկը, որոնք այս գիշեր քեզի եկան. զանոնք դուրս հանէ մեզի, որ գիտնանք զանոնք»։ 6Եւ Ղովտ դռնէն դուրս ելաւ անոնց քով ու իր ետեւէն դուռը գոցեց 7Եւ ըսաւ. «Եղբայրներս, կ’աղաչեմ ձեզի, չարութիւն մի՛ ընէք։ 8Ահա հիմա երկու աղջիկ ունիմ, որոնք այր մարդ չեն գիտեր. զանոնք հիմա ձեզի դուրս հանեմ ու ձեր աչքին առջեւ աղէկ եղածը ըրէք անոնց, բայց միայն այս մարդոցը բան մը մի՛ ընէք. քանզի անոնք իմ յարկիս շուքին տակ մտան»։ 9Անոնք ըսին. «Մէկդի՛ կեցիր» ու ըսին ալ. «Ասիկա պանդխտութեան եկաւ ու դատաստան ընել կ’ուզէ։ Հիմա քեզի անոնցմէ գէշը կ’ընենք»։ Սաստիկ բռնադատեցին մարդը, այսինքն Ղովտը ու դուռը կոտրելու մօտեցան։ 10Բայց այն մարդիկը ձեռքերնին երկնցուցին ու Ղովտը տանը մէջ քովերնին առին ու դուռը գոցեցին 11Եւ դուռը կայնած մարդիկը կուրութեամբ զարկին՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ այնպէս որ դուռը փնտռելէն յոգնեցան։
ՂՈՎՏ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ՍՈԴՈՄԷՆ
12Մարդիկը ըսին Ղովտին. «Հոս ուրիշ ո՞վ ունիս. փեսաներդ ու որդիներդ եւ աղջիկներդ ու քաղաքին մէջ ո՛վ որ ունիս այս տեղէն հանէ, 13Վասն զի մենք այս տեղը պիտի կորսնցնենք. քանզի անոնց աղաղակը Տէրոջը առջեւ մեծ եղաւ ու Տէրը մեզ ղրկեց զանիկա կորսնցնելու»։ 14Ղովտ ելաւ ու իր աղջիկները առնող փեսաներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ելէ՛ք ու այս տեղէն գացէ՛ք, վասն զի Տէրը պիտի կորսնցնէ այս քաղաքը»։ Բայց իր փեսաներուն ծաղրելի մէկը երեւցաւ։
15Առտու եղածին պէս՝ հրեշտակները արտորցուցին Ղովտը՝ ըսելով. «Ելի՛ր, կինդ ու հոս գտնուած երկու աղջիկդ առ, որպէս զի #19:15 Կամ, պատիժինանօրէնութեանը մէջ չլորսուիս»։ 16Երբ անիկա կը տնտնար, այն մարդիկը բռնեցին անոր ձեռքէն ու անոր կնոջ ձեռքէն եւ անոր աղջիկներուն ձեռքէն, Տէրոջը անոր ողորմելովը ու հանեցին զանիկա եւ քաղաքին դուրսի դին դրին։ 17Ու երբ զանոնք դուրս հանեցին, մէկը ըսաւ. «Անձդ ազատելու համար փախիր. ետիդ մի՛ նայիր եւ բոլոր դաշտին մէջ մի՛ կայնիր. լեռը փախիր, չըլլայ որ կորսուիս»։ 18Եւ Ղովտ ըսաւ անոնց. «Ո՛չ, Տէր իմ, շնորհք ըրէ. 19Ահա հիմա ծառադ քու առջեւդ շնորհք գտաւ ու իմ կեանքս ազատելով ինծի մեծ բարիք ըրիր եւ ես չեմ կրնար լեռը փախչիլ, չըլլայ որ չարիք հասնի ինծի ու մեռնիմ։ 20Ահա այս քաղաքը՝ որ հոն մօտ է ու պզտիկ է. շնորհք ըրէ, հոն փախչիմ, (չէ՞ որ անիկա պզտիկ է,) եւ իմ անձս ողջ մնայ»։ 21Ան ըսաւ իրեն. «Ահա այդ բանին մէջ ալ քու աղաչանքդ ընդունեցի, որ այդ քաղաքը չկորսնցնեմ՝ որուն համար խօսեցար։ 22Շո՛ւտ ըրէ, հո՛ն փախիր, քանզի դուն մինչեւ հոն չհասնիս, ես բան մը չեմ կրնար ընել»։ Անոր համար այն քաղաքին անունը #19:22 Այսինքն, պզտիկՍեգովր դրաւ։
ՍՈԴՈՄԻ ԵՒ ԳՈՄՈՐԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
23Արեւը երկրի վրայ կը ծագէր, երբ Ղովտ Սեգովր մտաւ։ 24Այն ատեն Սոդոմի ու Գոմորի վրայ ծծումբ ու կրակ տեղաց Տէրոջը կողմանէ՝ երկնքէն։ 25Այն քաղաքներուն բոլոր բնակիչները ու երկրի վրայ բուսածը կորսնցուց։ 26Բայց ետեւէն անոր կինը ետին նայեցաւ ու աղի արձան եղաւ։
27Աբրահամ առտուն կանուխ ելլելով՝ Տէրոջը առջեւ կայնած տեղը եկաւ 28Եւ Սոդոմի ու Գոմորի ու բոլոր դաշտի երկրին վրայ նայելով՝ տեսաւ որ ահա այն երկրէն հնոցի մուխի պէս մուխ կ’ելլէր։
29Երբ Աստուած այն դաշտին քաղաքները պիտի կործանէր, Աբրահամը միտքը բերաւ ու երբ Ղովտին բնակած քաղաքները պիտի կորսնցնէր, այն կործանումէն Ղովտը ազատել ուզեց։
ՄՈՎԱԲԻ ԵՒ ԱՄՄՈՆԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
30Ղովտ Սեգովրէ ելաւ ու լեռը բնակեցաւ եւ իր երկու աղջիկները իրեն հետ. քանզի Սեգովրի մէջ բնակելու կը վախնար ու այրի մը մէջ բնակեցան ինք ու իր երկու աղջիկները։ 31Մեծ աղջիկը պզտիկին ըսաւ. «Մեր հայրը ծեր է ու երկրի մէջ մէ՛կը չկայ, որ ամէն երկրի սովորութեանը պէս մեզի մտնէ։ 32Եկուր, մեր հօրը գինի խմցնենք ու իրեն հետ պառկինք ու մեր հօրմէն սերունդ պահենք»։ 33Այն գիշերը իրենց հօրը գինի խմցուցին ու մեծ աղջիկը մտաւ ու իր հօրը հետ պառկեցաւ եւ Ղովտ չիմացաւ անոր պառկիլը ու ելլելը։ 34Հետեւեալ օրը մեծ աղջիկը պզտիկին ըսաւ. «Ահա երէկ գիշեր հօրս հետ պառկեցայ. այս գիշեր ալ անոր գինի խմցնենք եւ մտիր ու իրեն հետ պառկէ ու մեր հօրմէն սերունդ պահենք»։ 35Այն գիշեր ալ իրենց հօրը գինի խմցուցին եւ պզտիկ աղջիկը ելաւ ու անոր հետ պառկեցաւ եւ Ղովտ չիմացաւ անոր պառկիլն ու ելլելը։ 36Այսպէս՝ Ղովտին երկու աղջիկները իրենց հօրմէն յղի մնացին։ 37Մեծը որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Մովաբ դրաւ։ Ասիկա Մովաբացիներու հայրն է մինչեւ այսօր։ 38Պզտիկն ալ որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Բենամմի դրաւ։ Ասիկա Ամմոնացիներուն հայրն է մինչեւ այսօր։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 19: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in