YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 22

22
ԱՍՏՈՒԱԾ ԱԲՐԱՀԱՄԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ
1Այս բաներէն ետքը Աստուած փորձեց Աբրահամը ու ըսաւ անոր. «Ո՛վ Աբրահամ» եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ 2Աստուած ըսաւ. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու Մօրիայի երկիրը գնա եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներէն մէկուն վրայ, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։ 3Աբրահամ առտուն կանուխ ելաւ ու իր իշուն համետը դրաւ եւ իրեն հետ երկու ծառայ ու իր Իսահակ որդին առաւ եւ ողջակէզի համար փայտ ճեղքեց ու ելաւ գնաց այն տեղը, որ Աստուած իրեն ըսաւ։ 4Երրորդ օրը Աբրահամ իր աչքերը վեր վերցուց ու հեռուէն տեսաւ այն տեղը։ 5Աբրահամ ըսաւ իր ծառաներուն. «Դուք իշուն հետ հոս կեցէք եւ ես ու տղան մինչեւ հոն երթանք ու երկրպագութիւն ընենք եւ նորէն ձեզի դառնանք»։ 6Աբրահամ ողջակէզին փայտերը առաւ ու իր որդիին Իսահակի վրայ դրաւ եւ ինք իր ձեռքը առաւ կրակը ու դանակը ու երկուքը մէկտեղ գացին։ 7Եւ Իսահակ իր հօրը Աբրահամին ըսաւ. «Հայր իմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ, որդիս» եւ Իսահակ ըսաւ. «Ահա կրակը ու փայտը, բայց ողջակէզ ըլլալու գառը ո՞ւր է»։ 8Եւ Աբրահամ ըսաւ. «Աստուած իրեն ողջակէզ ըլլալու գառը պիտի պատրաստէ, որդեակ իմ»։ 9Այսպէս երկուքը մէկտեղ գացին ու հասան այն տեղը, որ Աստուած անոր ըսեր էր։ Աբրահամ հոն սեղան մը շինեց ու փայտերը շարեց եւ իր որդին Իսահակը կապեց ու զանիկա սեղանին փայտերուն վրայ դրաւ։ 10Աբրահամ իր ձեռքը երկնցուց ու դանակը առաւ, որպէս զի իր որդին մորթէ։ 11Տէրոջը հրեշտակը երկնքէն կանչեց ու ըսաւ. «Աբրահա՛մ, Աբրահա՛մ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ 12Հրեշտակը ըսաւ. «Տղուն ձեռք մի՛ դպցներ եւ անոր բան մը մի՛ ըներ. քանզի հիմա գիտցայ թէ Աստուծմէ կը վախնաս. որովհետեւ քու մէկ հատիկ որդիդ ինծմէ չխնայեցիր»։ 13Աբրահամ իր աչքերը վեր վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա իր ետեւը խիտ մացառներուն մէջ եղջիւրներէն բռնուած խոյ մը կար։ Աբրահամ գնաց ու խոյը բերաւ եւ զանիկա իր որդիին տեղ ողջակէզ մատուցանեց։ 14Աբրահամ այն տեղին անունը #22:14 Այսինքն, Տէրը պիտի տեսնէ կամ, Տէրը պիտի պատասխանէԵհովայիրէ կոչեց, որ մինչեւ այսօր կ’ըսուի։ Տէրը լերանը մէջ պիտի երեւնայ։ 15Տէրոջը հրեշտակը երկրորդ անգամ երկնքէն Աբրահամը կանչեց 16Ու ըսաւ. «Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որովհետեւ այս բանը ըրիր ու ինծի համար քու մէկ հատիկ որդիդ չխնայեցիր, 17Քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ 18Ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր»։ 19Այսպէս Աբրահամ իր ծառաներուն դարձաւ ու ելան ու մէկտեղ Բերսաբէէ գացին եւ Աբրահամ Բերսաբէէի մէջ կը բնակէր։
ՆԱՔՈՎՐԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
20Ժամանակ մը յետոյ Աբրահամին պատմուեցաւ՝ ըսելով. «Ահա Մեղքա ինք ալ որդիներ ծնաւ քու եղբօրդ Նաքովրին։ 21Անդրանիկ որդին Հուսը եւ անոր եղբայրը Բուզը ու Արամին հայրը Կամուէլը 22Եւ Քազադը ու Ասաւը եւ Փաղդասը ու Յեդլափը եւ Բաթուէլը։ 23Բաթուէլ ծնաւ Ռեբեկան. այս ութը որդիները Մեղքա ծնաւ Աբրահամին եղբօր Նաքովրին 24Եւ անոր հարճը, որուն անունը Ռէումա էր, անիկա ալ ծնաւ Տէբաքը եւ Գաամը ու Թաքասը եւ Մաաքան։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 22: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in