YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 23

23
ՍԱՌԱ ԿԸ ՄԵՌՆԻ, ԱԲՐԱՀԱՄ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ՄԸ ԿԸ ԳՆԷ
1Սառա հարիւր քսանըեօթը տարի ապրեցաւ. այսքան եղան Սառային կեանքին տարիները։ 2Սառա մեռաւ Կարիաթ Արբայի մէջ, որ է Քեբրոն, Քանանի երկրին մէջ։ Աբրահամ Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ։ 3Աբրահամ իր մեռելին քովէն ելաւ ու Քետի որդիներուն հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. 4«Ես ձեր մէջ օտարական ու պանդուխտ եմ. ձեր մէջ ինծի գերեզմանի համար կալուած մը տուէք, որպէս զի իմ երեսիս առջեւէն մեռելս թաղեմ»։ 5Եւ Քետի որդիները պատասխան տուին Աբրահամին ու անոր ըսին. 6«Տէ՛ր իմ, մտիկ ըրէ մեզի, դուն մեր մէջ Աստուծոյ իշխանն ես։ Մեր ամենէն ընտիր գերեզմանին մէջ թաղէ քու մեռելդ։ Քու մեռելդ թաղելու համար՝ մեզմէ մէ՛կը չի խնայեր իր գերեզմանը քեզի»։ 7Աբրահամ ելաւ ու խոնարհութիւն ըրաւ այն երկրին ժողովուրդին, Քետի որդիներուն 8Եւ անոնց ըսաւ. «Եթէ կը հաճիք, որ ես իմ երեսիս առջեւէն մեռելս թաղեմ, ինծի մտիկ ըրէք եւ ինծի համար Սահառի որդիին Եփրոնին հետ խօսեցէք, 9Որ իր արտին ծայրը եղած #23:9 Այսինքն, կրկնութիւնՄաքփելայի այրը ինծի տայ։ Անիկա ձեր մէջ ինծի գերեզմանի կալուած ըլլալու համար թող լման գնով տայ»։ 10Եփրոն՝ Քետի որդիներուն մէջ կը նստէր։ Քետացի Եփրոն պատասխան տուաւ Աբրահամին, երբ իր քաղաքին դուռը մտնող բոլոր Քետի որդիները կը լսէին ու ըսաւ. 11«Ո՛չ, տէր իմ, ինծի մտիկ ըրէ։ Արտը քեզի կու տամ եւ հոն եղած այրն ալ քեզի կու տամ։ Իմ ժողովուրդիս որդիներուն առջեւ զայն քեզի տուի, թաղէ՛ քու մեռելդ»։ 12Աբրահամ այն երկրին ժողովուրդին առջեւ խոնարհութիւն ըրաւ 13Ու Եփրոնին խօսեցաւ, երբ այն երկրին ժողովուրդը կը լսէին ու ըսաւ. «Բայց եթէ զայն ինծի պիտի տաս, կ’աղաչեմ քեզի, ինծի մտիկ ըրէ. ես արտին ստակը տամ. առ ինծմէ որ ես իմ մեռելս հոն թաղեմ»։ 14Եւ Եփրոն պատասխան տուաւ Աբրահամին ու ըսաւ. 15«Տէ՛ր իմ, լսէ՛ ինծի. գետինը չորս հարիւր սիկղ արծաթ կ’արժէ. իմ ու քու մէջտեղ այն ի՞նչ արժէք ունի. ուրեմն թաղէ՛ քու մեռելդ»։ 16Աբրահամ Եփրոնին մտիկ ըրաւ ու կշռեց արծաթը ու տուաւ Եփրոնին, ինչպէս անիկա Քետի որդիներուն առջեւ խօսեր էր, այսինքն չորս հարիւր սիկղ արծաթ՝ վաճառականներուն մէջ անցած գնով։ 17Եփրոնին արտը, որ Մաքփելայի մէջ Մամբրէի առջեւ է ու հոն եղած այրը ու անոր բոլորտիքի սահմաններուն մէջ եղած արտին մէջի բոլոր ծառերը 18Իբր Աբրահամին կալուած հաստատուեցան՝ քաղաքին դռնէն մտնող բոլոր Քետի որդիներուն առջեւ։ 19Անկէ ետքը Աբրահամ իր կինը Սառան թաղեց Մամբրէի դիմաց եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ է Քեբրոն՝ Քանանի երկրին մէջ։ 20Արտը ու հոն եղած այրը Քետի որդիներէն Աբրահամին իբր գերեզմանի կալուած հաստատուեցան։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 23: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in