YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 24

24
ԻՍԱՀԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԻՆ ՄԸ
1Աբրահամ օրերն անցուցած ու ծերացած էր։ Տէրը ամէն բանի մէջ օրհնեց Աբրահամը։ 2Աբրահամ ըսաւ իր տանը երէց ծառային, որ իր բոլոր ունեցածին վերակացուն էր. «Կ’աղաչեմ քեզի, ձեռքդ իմ երանքիս տակ դիր 3Եւ քեզ երդմնցնեմ Տէրոջմով, որ երկնքի ու երկրի Աստուածն է, որ իմ որդիիս կին չառնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց մէջ ես կը բնակիմ. 4Հապա իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս երթաս ու իմ որդիիս Իսահակին անկէ կին առնես»։ 5Ծառան ըսաւ անոր. «Գուցէ կինը իմ ետեւէս այս երկիրը գալ չուզէ, կ’ուզե՞ս որ քու որդիդ այն երկիրը դարձնեմ ուրկէ դուն ելար»։ 6Աբրահամ ըսաւ անոր. «Զգուշացի՛ր, իմ որդիս հոն մի՛ դարձներ։ 7Երկնքի Տէր Աստուածը, որ զիս իմ հօրս տունէն ու իմ ծննդեան երկրէս հանեց եւ որ խօսեցաւ ինծի ու երդում ըրաւ ինծի՝ ըսելով՝ ‘Այս երկիրը քու սերունդիդ պիտի տամ’, անիկա իր հրեշտակը քու առջեւէդ պիտի ղրկէ ու դուն անկէ իմ որդիիս կին պիտի առնես։ 8Եթէ կինը քու ետեւէդ գալ չուզէ, այս իմ երդումէս դուն անպարտ կ’ըլլաս. միայն թէ իմ որդիս հոն մի՛ դարձներ»։ 9Եւ ծառան իր տիրոջը Աբրահամին երանքին տակ դրաւ իր ձեռքը ու այս բանին համար երդում ըրաւ անոր։
10Ծառան իր տիրոջը ուղտերէն տասը ուղտ առաւ, քանզի իր տիրոջ բոլոր բարիքները իր ձեռքն էին եւ ելաւ ու դէպի #24:10 Եբր., Արամ նահարայիմՄիջագետք Նաքովրի քաղաքը գնաց։ 11Ուղտերը քաղաքէն դուրս ջրհորի մը քով նստեցուց իրիկուան դէմ՝ կիներուն ջուր քաշելու եկած ատենը 12Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, կ’աղաչեմ քեզի, յաջողութիւն տուր ինծի այսօր եւ իմ տիրոջս Աբրահամին բարերարութիւն ըրէ։ 13Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ այս քաղաքին բնակիչներուն աղջիկները ջուր հանելու պիտի գան։ 14Եւ երբ աղջկան մը ըսեմ՝ ‘Շնորհք ըրէ, սափորդ իջեցուր որպէս զի խմեմ’ ու անիկա ըսէ թէ՝ ‘Խմէ ու քու ուղտերուդ ալ խմցնեմ’, անիկա թող ըլլայ քու Իսահակ ծառայիդ համար սահմանածդ եւ ասով գիտնամ թէ իմ տիրոջս բարերարութիւն ըրիր»։
15Տակաւին իր խօսքը չլմնցուցած, ահա Աբրահամին եղբօրը Նաքովրին կնոջ Մեղքայի որդիին Բաթուէլի ծնած Ռեբեկան եկաւ, իր ուսին վրայ սափոր մը ունենալով։ 16Աղջիկը խիստ գեղեցիկ տեսքով կոյս մըն էր ու այր մարդ մը զանիկա գիտցած չէր։ Անիկա իջաւ աղբիւրը ու իր սափորը լեցուց ու կը դառնար։ 17Եւ ծառան զանիկա դիմաւորելու վազեց ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու սափորէդ ինծի քիչ մը ջուր խմցուր»։ 18Անիկա ըսաւ. «Խմէ՛, տէ՛ր իմ» ու շուտով սափորը իր ուսէն իջեցուց եւ տուաւ որ խմէ։ 19Երբ ան խմեց, աղջիկը ըսաւ. «Ուղտերուդ ալ ջուր քաշեմ, մինչեւ ամէնն ալ խմեն»։ 20Շուտով սափորը աւազանին մէջ պարպեց ու նորէն հորը վազեց ջուր քաշելու եւ անոր բոլոր ուղտերուն համար ջուր քաշեց։ 21Եւ մարդը զարմանալով անոր վրայ՝ լուռ կը մնար, մտածելով թէ արդեօք Տէրը իր ճամբան յաջողցո՞ւց թէ ոչ։ 22Ու երբ բոլոր ուղտերը խմեցին, մարդը կէս սիկղ ոսկիէ օղակ մը եւ անոր ձեռքերուն համար տասը սիկղ ոսկիէ երկու ապարանջան հանեց ու անոր տուաւ 23Ու ըսաւ. «Դուն որո՞ւն աղջիկն ես, կ’աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի. քու հօրդ տունը մեզի համար գիշերը կենալու տեղ կա՞յ»։ 24Անիկա ըսաւ անոր. «Ես Մեղքայի որդիին Բաթուէլին աղջիկն եմ, որ Մեղքա Նաքովրին ծնաւ»։ 25Նաեւ ըսաւ անոր. «Մենք շատ յարդ ու ճարակ ունինք եւ գիշերը կենալու տեղ ալ»։ 26Ու մարդը խոնարհեցաւ ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ 27Եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ տիրոջս Աբրահամին Տէր Աստուածը, որ իմ տէրս իր ողորմութենէն ու իր ճշմարտութենէն չզրկեց. քանի որ ես ճամբուն մէջ էի, Տէրը զիս իմ տիրոջս եղբայրներուն տունը առաջնորդեց»։ 28Աղջիկը վազեց ու այս բաները իր մօրը տունը պատմեց։
29Ռեբեկա եղբայր մը ունէր՝ Լաբան անունով։ Լաբան վազեց դէպի աղբիւրը մարդուն քով, 30Վասն զի տեսնելով օղակը եւ իր քրոջը ձեռքերուն վրայի ապարանջանները ու լսելով իր քրոջը Ռեբեկային խօսքերը, որ կ’ըսէր թէ ‘Այն մարդը այսպէս խօսեցաւ ինծի’, մարդուն եկաւ եւ ահա անիկա ուղտերուն քով աղբիւրին մօտ կայներ էր։ 31Լաբան ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր, ո՛վ Տէրոջը օրհնեալը, ինչո՞ւ դուրսը կայներ ես. քանզի տունը պատրաստեցի եւ ուղտերուն համար տեղ մը»։ 32Լաբան մարդը տունը տարաւ եւ ուղտերը քակեց եւ անոնց յարդ ու ճարակ եւ անոր ոտքերն ու անոր հետ մարդոց ոտքերը լուալու ջուր տուաւ։ 33Անոր առջեւ կերակուր դրուեցաւ. բայց անիկա ըսաւ. «Մինչեւ իմ խօսքերս չըսեմ, չեմ ուտեր»։ 34Լաբան ըսաւ. «Խօսէ՛»։ Ու անիկա ըսաւ. 35«Ես Աբրահամին ծառան եմ։ Տէրը մեծապէս օրհնեց իմ տէրս ու մեծ մարդ մը եղաւ։ Անոր հօտեր ու արջառներ եւ արծաթ ու ոսկի եւ ծառաներ ու աղախիններ եւ ուղտեր ու էշեր տուաւ։ 36Եւ իմ տիրոջս կինը՝ Սառա՝ իր պառաւութեան ատենը որդի մը ծնաւ իմ տիրոջս, որուն տուաւ իր բոլոր ունեցածը։ 37Եւ իմ տէրս ինծի երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. ‘Չըլլայ որ իմ որդիիս կին առնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց երկիրը ես կը բնակիմ. 38Հապա իմ հօրս տունը ու իմ ազգատոհմիս երթաս ու իմ որդիիս կին բերես’։ 39Ես իմ տիրոջս ըսի. ‘Գուցէ կինը իմ ետեւէս չգայ’։ 40Եւ անիկա ինծի ըսաւ. ‘Տէրը, որուն առջեւ ես կը քալեմ, իր հրեշտակը քեզի հետ պիտի ղրկէ ու քու ճամբադ պիտի յաջողցնէ եւ իմ որդիիս իմ ազգատոհմէս ու իմ հօրս տունէն կին պիտի առնես։ 41Իսկ դուն այն ատեն իմ երդումէս անպարտ պիտի ըլլաս, եթէ իմ ազգատոհմիս երթաս, բայց քեզի մէ՛կը չտան’։ 42Ես աղբիւրն եկայ այսօր ու ըսի. ‘Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, իմ ճամբաս եթէ դուն ընտրած ես, 43Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ երբ աղջիկ մը ջուր քաշելու գայ եւ ես անոր ըսեմ թէ՝ ‘Շնորհք ըրէ, ինծի քու սափորէդ քիչ մը ջուր խմցուր’ 44Եւ անիկա ինծի՝ ‘Դուն ալ խմէ եւ ուղտերուդ համար ալ ջուր քաշեմ’ ըսէ, թող անիկա ըլլայ Տէրոջը սահմանած կինը իմ տիրոջս որդիին համար։ 45Դեռ իմ սրտիս մէջ խօսքս չլմնցուցած՝ ահա Ռեբեկան եկաւ սափորը իր ուսին վրայ եւ աղբիւրը իջաւ ու ջուր քաշեց, երբ ըսի անոր. ‘Շնորհք ըրէ, ինծի ջուր խմցուր’։ 46Եւ անիկա շուտով սափորը իր ուսէն վար առաւ ու ըսաւ. ‘Խմէ եւ ուղտերուդ ալ խմցնեմ’. ուստի ես խմեցի եւ ուղտերուն ալ խմցուց։ 47Այն ատեն հարցուցի անոր. ‘Դուն որո՞ւն աղջիկն ես’ եւ անիկա ըսաւ. ‘Մեղքայի Նաքովրին ծնած որդիին Բաթուէլին աղջիկն եմ’, ես ալ օղակը անոր քիթը ու ապարանջանները անոր ձեռքերուն վրայ դրի։ 48Եւ խոնարհեցայ ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրի եւ իմ տիրոջս Աբրահամին Տէր Աստուածը օրհնեցի, որ իմ տիրոջս եղբօրը աղջիկը իր որդիին առնելու համար զիս ուղիղ ճամբան առաջնորդեց։ 49Եւ հիմա եթէ իմ տիրոջս շնորհք ու ճշմարտութիւն պիտի ընէք, ըսէք ինծի եւ եթէ ոչ՝ նորէն ինծի ըսէք, որ ես աջ կողմը կամ ձախ կողմը դառնամ»։ 50Լաբան ու Բաթուէլ պատասխան տուին ու ըսին. «Այս բանը Տէրոջմէն է. մենք քեզի գէշ կամ աղէկ չենք կրնար ըսել։ 51Ահա Ռեբեկան քու առջեւդ է, ա՛ռ ու գնա՛ եւ Տէրոջը կարգադրածին պէս թող քու տիրոջդ որդիին կին ըլլայ»։ 52Երբ Աբրահամին ծառան անոնց խօսքերը լսեց, մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագութիւն ըրաւ Տէրոջը։ 53Ապա ծառան արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր եւ հանդերձներ հանեց ու Ռեբեկային տուաւ եւ անոր եղբօրը ու մօրը պատուական ընծաներ տուաւ։ 54Եւ կերան ու խմեցին ինք ու իրեն հետ եղող մարդիկը ու գիշերը հոն մնացին եւ առտուն ելան ու ինք ըսաւ. «Զիս իմ տիրոջս ղրկեցէք»։ 55Աղջկան եղբայրն ու մայրը ըսին. «Թող աղջիկը քանի մը օր՝ գոնէ տասը օր՝ մեր քով կենայ ու ետքը գացէք»։ 56Բայց ինք ըսաւ անոնց. «Զիս մի՛ արգիլէք, քանի որ Տէրը իմ ճամբաս յաջողցուց, թո՛ղ տուէք զիս որ տիրոջս երթամ»։ 57Անոնք ըսին. «Աղջիկը կանչենք ու անոր բերանը փնտռենք»։ 58Եւ կանչեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Այս մարդուն հետ կ’երթա՞ս»։ Անիկա «Կ’երթամ», ըսաւ։ 59Ու իրենց քոյրը Ռեբեկան ու անոր դայեակը եւ Աբրահամին ծառան ու անոր մարդիկը ղրկեցին։ 60Եւ օրհնեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Դուն մեր քոյրն ես. հազարաւոր բիւրերու մայր ըլլաս եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն #24:60 Եբր., դուռըքաղաքները ժառանգէ»։ 61Ռեբեկա ու իր աղախինները ելան եւ ուղտերը հեծան ու այն մարդուն ետեւէն գացին։ Ծառան առաւ Ռեբեկան ու գնաց։
62Եւ Իսահակ Լահայրոյի ջրհորէն դարձած կու գար. վասն զի անիկա հարաւային երկիրը կը բնակէր։ 63Եւ Իսահակ իրիկուան դէմ դաշտը ելեր էր #24:63 Կամ, աղօթքմտածելու համար։ Երբ իր աչքերը վերցուց՝ տեսաւ որ ահա ուղտերը կու գային։ 64Նոյն ատեն Ռեբեկան իր աչքերը վերցուց ու երբ Իսահակը տեսաւ, ուղտէն վար իջաւ 65Եւ ըսաւ ծառային. «Դաշտին մէջ դէպի մեզ եկող այդ մարդը ո՞վ է»։ Ծառան ըսաւ. «Իմ տէրս է»։ Ինք քօղը առաւ ու ծածկուեցաւ։ 66Եւ ծառան իր բոլոր ըրած բաները պատմեց Իսահակին։ 67Իսահակ զանիկա իր մօրը Սառային վրանը տարաւ ու առաւ Ռեբեկան, որ իր կինը եղաւ եւ ինք սիրեց զանիկա։ Ու Իսահակ մխիթարուեցաւ իր մօրը #24:67 Կամ, մահուանէն յետոյվրայով։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 24: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in