YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 25

25
ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ՄԻՒՍ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
(Ա. Մնաց. 1:32-33)
1Աբրահամ նորէն կին մը առաւ, որուն անունը Քետուրա էր։ 2Անիկա Զեմրանը ու Յեկսանը եւ Մադանը ու Մադիանը եւ Յեսբոկը ու Սովէն ծնաւ անոր։ 3Յեկսան ծնաւ Սաբան ու Դեդանը. Դեդանին որդիները Ասուրիմ ու Լատուսիմ եւ Լովովմիմ էին։ 4Մադիանին որդիները Գեփա ու Ափէր եւ Ենովք ու Աբիդա եւ Ելդագա էին։ Ասոնք ամէնքը Քետուրային որդիներն էին։
5Եւ Աբրահամ իր բոլոր ունեցածը Իսահակին տուաւ. 6Բայց իր հարճերուն որդիներուն պարգեւներ տուաւ եւ իր կենդանութեան ատենը զանոնք իր որդիին Իսահակին քովէն դէպի արեւելք՝ արեւելեան երկիրը ղրկեց։
ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ՄԱՀՆ ՈՒ ԹԱՂՈՒՄԸ
7Աբրահամին կեանքին տարիներուն օրերը որ ինք ապրեցաւ, հարիւր եօթանասունըհինգ տարի էին։ 8Եւ Աբրահամ աղէկ ծերութեամբ ծերացած ու իր օրերը լեցուած՝ աւանդեց իր հոգին ու մեռաւ եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։ 9Եւ իր որդիները՝ Իսահակ ու Իսմայէլ, թաղեցին զանիկա Մաքփելայի այրին մէջ, որ Քետացի Սահառի որդիին Եփրոնին արտին մէջ, Մամբրէի դէմ է. 10Այն արտը, որ Աբրահամ Քետի որդիներէն ծախու առած էր։ Հոն թաղուեցան Աբրահամ եւ իր կինը Սառան։
11Աբրահամին մեռնելէն ետքը Աստուած օրհնեց անոր որդին Իսահակը եւ Իսահակ Լահայրոյի ջրհորին քով բնակեցաւ։
ԻՍՄԱՅԷԼԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
12Ասոնք են Աբրահամին որդիին Իսմայէլին ծնունդները, որ Սառային Եգիպտացի աղախինը Հագար ծնաւ Աբրահամին։ 13Իսմայէլի որդիներուն անուններն են՝ իրենց անուններովը ու իրենց ծնունդներովը. Իսմայէլին անդրանիկը Նաբէօթ, ետքը Կեդար, Ադբեէլ, Մաբսամ, 14Մասմա, Դումա, Մասսէ, Քոդադ, 15Թեմա, Յետուր, Նափէս ու Կեդմա։ 16Ասոնք են Իսմայէլին որդիները։ Իրենց վրաններովն ու իրենց գիւղերովը իրենց անունները ասոնք են. իրենց ազգերուն համեմատ տասներկու իշխաններ էին։ 17Իսմայէլի կեանքին օրերը հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան եւ իր հոգին աւանդելով մեռաւ ու իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։ 18Եւ Իսմայէլացիները բնակեցան Եւիլայէ մինչեւ Սուր, որ Եգիպտոսի դիմաց Ասորեստան երթալու ճամբուն վրայ է. բոլոր իր եղբայրներուն առջեւ #25:18 Եբր., ինկաւբնակեցաւ։
ԵՍԱՒԻՆ ՈՒ ՅԱԿՈԲԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ
19Եւ Աբրահամի որդիին Իսահակին ծնունդները ասոնք են. Աբրահամ ծնաւ Իսահակը։ 20Իսահակ քառասուն տարեկան էր, երբ #25:20 Եբր., Փատան արամէՄիջագետքէն Ասորի Բաթուէլին աղջիկը, Ասորի Լաբանին քոյրը Ռեբեկան իրեն կին առաւ։ 21Իսահակ աղաչեց Տէրոջը իր կնոջ համար՝ ամուլ ըլլալուն պատճառով եւ Տէրը անոր աղաչանքը ընդունեց ու անոր կինը Ռեբեկան յղացաւ։ 22Եւ տղաքները անոր արգանդին մէջ կը կռուէին ու ըսաւ. «Եթէ այսպէս է, ինչո՞ւ եղաւ ինծի ասիկա» եւ Տէրոջը հարցնելու գնաց։ 23Ու Տէրը ըսաւ անոր. «Երկու ազգ կան արգանդիդ մէջ եւ քու որովայնէդ երկու ժողովուրդ պիտի զատուի ու ժողովուրդին մէկը միւսէն զօրաւոր պիտի ըլլայ եւ մեծը պիտի ծառայէ պզտիկին»։ 24Ու երբ անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան, ահա երկուորեակ էին անոր արգանդին մէջ։ 25Առաջինը ելաւ կարմրագոյն, բոլոր մարմինը մազոտ վերարկուի պէս էր ու անոր անունը #25:25 Այսինքն, մազոտԵսաւ դրին։ 26Եւ անկէ ետքը անոր եղբայրը ելաւ ու անոր ձեռքը Եսաւի գարշապարէն բռներ էր եւ անոր անունը #25:26 Այսինքն, գարշապար բռնող, եւս խաբողՅակոբ դրին ու անոնց ծնած ատենը Իսահակ վաթսուն տարեկան էր։ 27Եւ մանուկները մեծցան ու Եսաւ դաշտի մարդ՝ վարպետ որսորդ եղաւ. իսկ Յակոբ՝ հանդարտ բարքով մարդ էր ու վրաններու մէջ կը բնակէր։ 28Եւ Իսահակ կը սիրէր Եսաւը, վասն զի անոր որսէն կ’ուտէր, բայց Ռեբեկա Յակոբը կը սիրէր։
ԵՍԱՒ ԿԸ ԾԱԽԷ ԱՆԴՐԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
29 Օր մը երբ Յակոբ ապուր կ’եփէր, Եսաւ դաշտէն եկաւ եւ անօթութենէն կը մարէր։ 30Եսաւ Յակոբին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, այդ շիկաթանէն տուր որ ուտեմ, քանզի կը մարիմ»։ Անոր համար անոր անունը #25:30 Այսինքն, կարմիրԵդովմ կոչուեցաւ։ 31Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ծախէ՛ ինծի այսօր քու անդրանկութեանդ իրաւունքը»։ 32Եսաւ ըսաւ. «Ահա մեռնելու կը մօտենամ եւ անդրանկութենէն ինծի ի՞նչ օգուտ կայ»։ 33Եւ Յակոբ ըսաւ. «Այսօր ինծի երդում ըրէ»։ Անիկա երդում ըրաւ անոր ու իր անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց Յակոբին։ 34Այն ատեն Յակոբ հաց ու ոսպէ ապուր տուաւ Եսաւին եւ անիկա կերաւ ու խմեց ու ելաւ գնաց։ Այսպէս Եսաւ իր անդրանկութիւնը անարգեց։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 25: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in