YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 29

29
ՅԱԿՈԲ ԼԱԲԱՆԻՆ ՏՈՒՆԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ
1Եւ Յակոբ #29:1 Եբր., ոտքերը վերցուցճամբայ ելաւ՝ ՝ ու արեւելեան ժողովուրդներուն երկիրը հասաւ։ 2Եւ նայեցաւ ու ահա դաշտին մէջ հոր մը կար եւ որուն քով ոչխարներու երեք հօտ պառկեր էր. քանզի այն հորէն կը խմցնէին հօտերը ու հորին բերանը մեծ քար մը կար։ 3Բոլոր հօտերը հոն կը հաւաքուէին ու հովիւները հորին բերնէն քարը մէկդի կը գլորէին ու հօտերուն կը խմցնէին, ապա քարը նորէն իր տեղը՝ հորին բերանը կը դնէին։ 4Եւ Յակոբ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ եղբայրներս, ուրկէ՞ էք դուք»։ Անոնք ըսին. «Մենք Խառանէն ենք»։ 5Ըսաւ անոնց. «Նաքովրի որդին Լաբանը կը ճանչնա՞ք»։ Անոնք ըսին. «Կը ճանչնանք»։ 6Ըսաւ անոնց. «Ողջ առո՞ղջ է»։ Անոնք ըսին. «Ողջ է եւ ահա անոր Ռաքէլ աղջիկը ոչխարներուն հետ կու գայ»։ 7Անիկա ըսաւ. «Տակաւին իրիկուն ըլլալու շատ ատեն կայ եւ հօտերուն հաւաքուելու ատենը չէ. ոչխարներուն խմցուցէք, գացէք արածեցէ՛ք»։ 8Անոնք ըսին. «Մենք չենք կրնար, մինչեւ բոլոր հօտերը մէկտեղ հաւաքուին ու երբ հորին բերնի քարը մէկդի գլորեն, այն ատեն ոչխարներուն կը խմցնենք»։ 9Երբ տակաւին անոնց հետ կը խօսէր, Ռաքէլ իր հօրը ոչխարներուն հետ եկաւ. վասն զի անիկա էր անոնց հովիւը։ 10Երբ Յակոբ իր մօրեղբօրը Լաբանին Ռաքէլ աղջիկը ու իր մօրեղբօրը Լաբանին ոչխարները տեսաւ, այն ատեն Յակոբ մօտեցաւ, քարը հորին բերնէն գլորեց ու իր մօրեղբօրը Լաբանին ոչխարներուն խմցուց։ 11Եւ Յակոբ համբուրեց Ռաքէլը ու ձայնը վերցնելով լացաւ։ 12Յակոբ յայտնեց Ռաքէլին թէ ինք անոր հօրը ազգականը ու Ռեբեկային որդին է։ Ռաքէլ վազեց ու իր հօրը պատմեց։ 13Երբ Լաբան իր քրոջը որդիին Յակոբին վրայով լսեց, զանիկա դիմաւորելու վազեց եւ գրկեց ու համբուրեց զանիկա ու իր տունը տարաւ։ Յակոբ Լաբանին պատմեց բոլոր այս բաները։ 14Լաբան ըսաւ անոր. «Իրաւցընէ դուն իմ ոսկորս ու մարմինս ես» եւ անոր հետ լման ամիս մը կեցաւ։
ՅԱԿՈԲ ԼԱԲԱՆԻՆ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ՌԱՔԷԼԻՆ ԵՒ ԼԻԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ
15Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Դուն իմ եղբայրս ըլլալուդ համար ինծի ձրի՞ պիտի ծառայես։ Ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ պիտի ըլլայ քու վարձքդ»։ 16Լաբան երկու աղջիկ ունէր, մեծին անունը Լիա ու պզտիկին անունը Ռաքէլ էր։ 17Լիային աչքերը տկար էին, բայց Ռաքէլ դէմքով ու տեսքով գեղեցիկ էր։ 18Յակոբ սիրեց Ռաքէլը ու ըսաւ. «Քու պզտիկ աղջկանդ Ռաքէլին համար եօթը տարի քեզի կը ծառայեմ»։ 19Լաբան ըսաւ. «Անիկա քեզի տալը ուրիշ մարդու մը տալէն աղէկ է. բնակէ ինծի հետ»։ 20Եւ Յակոբ Ռաքէլին համար եօթը տարի ծառայեց ու զանիկա սիրելուն պատճառաւ իրեն քանի մը օրուան չափ երեւցաւ։
21Եւ Յակոբ ըսաւ Լաբանին. «Իմ կինս տուր. քանզի օրերս լեցուած են, որպէս զի անոր մտնեմ»։ 22Եւ Լաբան այն տեղին բոլոր մարդիկը հաւաքեց ու խնճոյք ըրաւ։ 23Սակայն իրիկունը իր Լիա աղջիկը առաւ եւ անոր բերաւ։ Անիկա անոր մտաւ։ 24Եւ Լաբան իր աղախինը Զեղփան իր աղջկան Լիային իբր աղախին տուաւ։ 25Առտուն՝ ահա անիկա Լիան էր։ Յակոբ Լաբանին ըսաւ. «Ի՞նչ է այս քու ինծի ըրածդ. ես քեզի Ռաքէլին համար չծառայեցի՞. ուստի ինչո՞ւ զիս խաբեցիր»։ 26Լաբան ըսաւ. «Մեր երկրին մէջ այսպիսի բան չըլլար, պզտիկը մեծէն առաջ տալ։ 27Լմնցուր ասոր հարսանիքին շաբաթը եւ ինծի եօթը տարի ալ ծառայելուդ համար՝ զայն ալ քեզի տամ»։ 28Յակոբ այնպէս ըրաւ ու Լիային շաբաթը լմնցուց։ Լաբան իր Ռաքէլ աղջիկը անոր կին ըլլալու տուաւ։ 29Լաբան իր Բաղղա աղախինը իր աղջկան Ռաքէլին իբր աղախին տուաւ։ 30Յակոբ Ռաքէլին ալ մտաւ, բայց Ռաքէլը Լիայէն աւելի սիրեց։ Յակոբ եօթը տարի ալ ծառայեց Լաբանին։
ՅԱԿՈԲԻՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ԿԸ ԾՆԱՆԻՆ
31Տէրը, երբ Լիային ատելի ըլլալը տեսաւ, անոր արգանդը բացաւ. բայց Ռաքէլ ամուլ էր։ 32Լիա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը #29:32 Այսինքն, ահա որդիՌուբէն դրաւ. քանզի ըսաւ. «Տէրը իմ տառապանքիս նայելուն համար, ասկէ ետեւ այրս զիս պիտի սիրէ»։ 33Նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ Տէրը իմ ատելի ըլլալս լսեց, անոր համար ինծի այս որդին ալ տուաւ»։ Անոր անունը #29:33 Այսինքն, լսելըՇմաւոն դրաւ։ 34Եւ դարձեալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ ու ըսաւ. «Հիմա այս անգամ այրս ինծի հետ պիտի միաւորի, քանզի երեք որդի ծնայ իրեն»։ Անոր համար անոր անունը #29:34 Այսինքն, միաւորութիւնՂեւի դրաւ։ 35Եւ անգամ մըն ալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ ըսաւ. «Այս անգամ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն»։ Անոր համար անոր անունը #29:35 Այսինքն, գոհութիւնՅուդա դրաւ ու դադարեցաւ ծնանելէ։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 29: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in