YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 30

30
1Երբ Ռաքէլ տեսաւ, որ ինք Յակոբին զաւակներ չծնաւ, իր քրոջ նախանձեցաւ ու Յակոբին ըսաւ. «Ինծի զաւակներ տուր, եթէ ոչ՝ կը մեռնիմ»։ 2Յակոբին բարկութիւնը բորբոքեցաւ Ռաքէլին դէմ ու ըսաւ. «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ, որ արգանդի պտուղը քեզմէ արգիլեց»։ 3Ռաքէլ ըսաւ. «Ահա իմ աղախինս Բաղղա, անոր մտիր ու անիկա իմ ծունկերուս վրայ ծնանի եւ ես ալ անկէ որդիներ ստանամ»։ 4Իր Բաղղա աղախինը անոր կին ըլլալու տուաւ։ Յակոբ անոր մտաւ։ 5Բաղղա յղացաւ ու Յակոբին որդի մը ծնաւ։ 6Ռաքէլ ըսաւ. «Աստուած ինծի դատաստան ըրաւ ու իմ ձայնս ալ լսեց եւ ինծի որդի մը տուաւ»։ Անոր համար անոր անունը #30:6 Այսինքն, դատողԴան դրաւ։ 7Ռաքէլի աղախինը Բաղղա դարձեալ յղացաւ ու Յակոբին երկրորդ որդի մը ծնաւ։ 8Եւ Ռաքէլ ըսաւ. «Իմ քրոջս հետ մեծ ըմբշամարտութիւնով մարտնչեցայ եւ յաղթեցի»։ Ու անոր անունը #30:8 Այսինքն, ըմբշամարտութիւնսՆեփթաղիմ դրաւ։
9Երբ Լիա տեսաւ, որ ինք ծնանելէ դադարեցաւ, իր աղախինը Զեփղան առաւ ու Յակոբին կին ըլլալու տուաւ զանիկա։ 10Լիային աղախինը Զեփղա Յակոբին որդի մը ծնաւ։ 11Լիա ըսաւ. «Բաղդս յաջողեցաւ»։ Ու անոր անունը #30:11 Այսինքն, բաղդԳադ դրաւ։ 12Լիային աղախինը Զեփղա երկրորդ որդի մը ծնաւ Յակոբին։ 13Լիա ըսաւ. «Երանելի եմ ես. քանզի աղջիկները ինծի երանի՜ պիտի ըսեն»։ Ու անոր անունը #30:13 Այսինքն, երանելիԱսեր դրաւ։
14Ռուբէն գնաց ցորենի հունձքի օրերը ու արտին մէջ մանրագորներ գտաւ ու իր մօրը Լիային բերաւ։ Ռաքէլ ըսաւ Լիային. «Կ’աղաչեմ, տո՛ւր ինծի որդիիդ մանրագորներէն»։ 15Անիկա ըսաւ անոր. «Իմ այրս առնելդ քի՞չ եկաւ, որ իմ որդիիս մանրագորներն ալ պիտի առնես»։ Ռաքէլ ըսաւ. «Ուստի քու որդիիդ մանրագորներուն համար այս գիշեր քեզի հետ թող պառկի»։ 16Իրիկունը երբ Յակոբ դաշտէն կու գար, Լիա զանիկա դիմաւորելու ելաւ ու ըսաւ. «Ինծի պիտի մտնես, քանզի իրաւցընէ վարձքով առի քեզ իմ որդիիս մանրագորներովը»։ Այն գիշեր անոր հետ պառկեցաւ։ 17Եւ Աստուած լսեց Լիային ձայնը ու յղացաւ ու Յակոբին հինգերորդ որդի մը ծնաւ։ 18Եւ Լիա ըսաւ. «Աստուած ինծի վարձք տուաւ, որովհետեւ աղախինս իմ էրկանս տուի»։ Անոր անունը #30:18 Այսինքն, վարձքԻսաքար դրաւ։ 19Լիա նորէն յղացաւ ու Յակոբին վեցերորդ որդի մը ծնաւ։ 20Եւ Լիա ըսաւ. «Աստուած ինծի բարի պարգեւ մը պարգեւեց. այս անգամ այրս ինծի հետ պիտի բնակի, որովհետեւ իրեն վեց որդի ծնայ»։ Անոր անունը #30:20 Այսինքն, բնակութիւնԶաբուղոն դրաւ։ 21Անկէ յետոյ աղջիկ մը ծնաւ ու անոր անունը #30:21 Այսինքն, դատաստանԴինա դրաւ։
22Եւ Աստուած յիշեց Ռաքէլը ու Աստուած լսեց անոր աղօթքը եւ անոր արգանդը բացաւ 23Ու յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ ըսաւ. «Աստուած իմ նախատինքս վերցուց» 24Եւ անոր անունը #30:24 Այսինքն, պիտի աւելցնէՅովսէփ դրաւ ու ըսաւ. «Տէրը ինծի ուրիշ որդի մըն ալ պիտի աւելցնէ»։
ՅԱԿՈԲ ԼԱԲԱՆԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ՍԱԿԱՐԿԷ
25Երբ Ռաքէլ Յովսէփը ծնաւ, Յակոբ ըսաւ Լաբանին. «Թող տուր որ իմ տեղս ու իմ երկիրս երթամ. 26Իմ կիներս ու տղաքներս, որոնց համար քեզի ծառայեցի, տո՛ւր ինծի որ երթամ. քանզի քեզի ըրած ծառայութիւնս դուն գիտես»։ 27Լաբան ըսաւ անոր. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ քեզի, կեցի՛ր. քանզի #30:27 Եբր., հմայեցիփորձով գիտցայ՝ ՝ որ Տէրը քեզի համար զիս օրհնեց» 28Եւ ըսաւ. «Քու վարձքդ ինծի իմացուր ու պիտի վճարեմ»։ 29Յակոբ ըսաւ անոր. «Դուն գիտես թէ ես ի՛նչպէս ծառայեցի քեզի, քու անասուններդ ի՛նչպէս էին իմ քովս. 30Վասն զի իմ գալէս առաջ քիչ էր քու ունեցածդ եւ խիստ շատցաւ ու Տէրը քեզ օրհնեց իմ գալովս եւ հիմա ես ալ իմ տանս համար ե՞րբ պիտի աշխատիմ»։ 31Անիկա ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ տամ»։ Յակոբ ըսաւ. «Ինծի բան մը մի՛ տար. եթէ այս բանը ինծի ընես, նորէն քու հօտերդ կ’արածեմ ու կը պահեմ։ 32Այսօր քու բոլոր հօտերուդ մէջէն անցնիմ, անկէ ամէն պիսակ ու խայտախարիւ ոչխարը եւ ամէն սեւ ոչխարը ու խայտախարիւ եւ պիսակ այծերը զատեմ ու իմ վարձքս անոնք ըլլան։ 33Եւ #30:33 Եբր., վաղըասկէ ետեւ՝ իմ արդարութիւնս քու առջեւդ պիտի յայտնուի, երբ իմ վարձքիս հոգ տանիս։ Իմ քովս գտնուած ամէն պիսակ ու խայտախարիւ չեղած այծ ու սեւ չեղած ոչխար գողցուած սեպուի»։ 34Եւ Լաբան ըսաւ. «Թող քու ըսածիդ պէս ըլլայ»։ 35Այն օրը զատեց բոլորախայտ ու խայտախարիւ նոխազները եւ բոլոր պիսակ ու խայտախարիւ էգ այծերը եւ ամէն ճերմակ ունեցողը ու բոլոր սեւ ոչխարները եւ իր որդիներուն ձեռքը տուաւ։ 36Եւ իր ու Յակոբին մէջտեղ երեք օրուան ճամբայի միջոց մը դրաւ։ Յակոբ Լաբանին մնացած հօտերը կ’արածէր։
37Յակոբ իրեն դալար կաղամախի եւ նուշի ու սօսիի գաւազաններ առաւ եւ անոնց կեղեւները տեղ տեղ հանեց, այնպէս որ գաւազաններուն մէջ եղած ճերմակը կ’երեւնար։ 38Եւ իր կեղուած գաւազանները ջուր խմցնելու աւազաններուն մէջ դրաւ, որպէս զի երբ հօտերը ջուր խմելու գան, այն գաւազանները ոչխարներուն առջեւ ըլլան եւ անոնք՝ խմելու եկած ատենին տաքնան։ 39Ու ոչխարները գաւազաններուն առջեւ տաքնալով՝ բոլորախայտ, պիսակ եւ խայտախարիւ գառներ կը ծնանէին։ 40Եւ Յակոբ կը զատէր գառները ու հօտերուն երեսը Լաբանի հօտերուն մէջ եղած բոլորախայտ ու ամէն սեւ ոչխարներուն կը դարձնէր եւ իր հօտերը զատ դրաւ ու զանոնք Լաբանի հօտերուն քով չդրաւ։ 41Երբ զօրաւոր ոչխարները կը տաքնային, Յակոբ այն գաւազանները ոչխարներուն աչքին առջեւ՝ աւազաններուն մէջ կը դնէր, որպէս զի գաւազաններուն առջեւ տաքնան։ 42Բայց տկար ոչխարներուն չէր դներ. այսպէս տկարները Լաբանին ու զօրաւորները՝ Յակոբին կ’ըլլային։ 43Եւ Յակոբ խիստ հարստացաւ եւ շատ հօտեր եւ աղախիններ ու ծառաներ եւ ուղտեր ու էշեր ունեցաւ։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 30: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in