YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 31

31
ՅԱԿՈԲ ԼԱԲԱՆԷՆ ԿԸ ՓԱԽՉԻ
1Յակոբ լսեց Լաբանի որդիներուն խօսածները, որոնք կ’ըսէին. «Յակոբ մեր հօրը բոլոր ունեցածը առաւ ու բոլոր այս հարստութիւնը մեր հօրը ստացուածքէն ստացաւ»։ 2Յակոբ Լաբանին երեսը տեսաւ եւ ահա իրեն երէկուան ու միւս օրուան պէս չէր։ 3Տէրը ըսաւ Յակոբին. «Քու հայրերուդ երկիրը ու քու ազգականներուդ դարձիր ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։
4Յակոբ մէկը ղրկեց ու Ռաքէլը եւ Լիան դաշտը իր հօտերուն քով կանչել տուաւ 5Ու ըսաւ անոնց. «Ես ձեր հօրը երեսը կը տեսնեմ, որ ինծի երէկուան ու միւս օրուան պէս չէ. բայց իմ հօրս Աստուածը ինծի հետ եղաւ։ 6Եւ դուք գիտէք, որ ես իմ բոլոր զօրութիւնովս ձեր հօրը ծառայեցի. 7Իսկ ձեր հայրը զիս խաբեց ու իմ վարձքս տասը անգամ փոխեց. բայց Աստուած չթողուց զանիկա, որ ինծի վնաս մը հասցնէ։ 8Վասն զի եթէ անիկա այսպէս ըսէր՝ ‘Քու վարձքդ պիսակները ըլլան’, այն ատեն բոլոր ոչխարները պիսակ պիտի ծնանէին եւ եթէ այսպէս ըսէր՝ ‘Քու վարձքդ բոլորախայտները ըլլան’, այն ատեն բոլոր ոչխարները բոլորախայտ պիտի ծնանէին։ 9Այսպէս Աստուած ձեր հօրը հօտերը առաւ ու ինծի տուաւ։ 10Եւ եղաւ որ հօտերուն ջերմացած ատենը, աչքերս վերցուցի ու երազի մէջ տեսայ եւ ահա հօտերուն հետ զուգաւորող նոխազները ու խոյերը ամէնքն ալ խայտախարիւ, պիսակ եւ գորշախայտ էին։ 11Եւ Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ ինծի երազի մէջ. ‘Ո՛վ Յակոբ’ ու ես ըսի՝ ‘Ահա հոս եմ’։ 12Եւ ըսաւ. ‘Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու հօտերուն հետ զուգաւորող նոխազներուն նայէ. քանզի Լաբանին բոլոր քեզի ըրածները տեսայ։ 13Ես եմ Բեթէլի Աստուածը, ուր արձան օծեցիր եւ հոն ինծի ուխտ ըրիր։ Հիմա ելի՛ր գնա այս երկրէն ու քու ծննդեանդ երկիրը դարձիր’»։
14Ռաքէլ ու Լիա պատասխան տուին ու ըսին. «Տակաւին մեր հօրը տունը մեզի համար բաժին ու ժառանգութիւն կա՞յ։ 15Մենք օտարականներ չսեպուեցա՞նք անոր, քանզի մեզ ծախեց ու մեր ստակն ալ բոլորովին կերաւ։ 16Վասն զի բոլոր հարստութիւնը որ Աստուած մեր հօրմէն վերցուց, մերն է ու մեր զաւակներունն է եւ հիմա ինչ որ Աստուած քեզի ըսաւ, ըրէ՛»։
17Ուստի Յակոբ ելաւ ու իր որդիները ու կիները ուղտերու վրայ հեծցուց 18Եւ իր բոլոր անասունները ու իր բոլոր ստացուածքը որ ինք ստացաւ, իր ստացած անասունները, որոնք Միջագետքի մէջ ստացաւ, ճամբայ հանեց Քանանի երկիրը՝ դէպի իր Իսահակ հայրը երթալու։ 19Լաբան իր խաշինքը ասրակտուր ընելու գացեր էր ու Ռաքէլ իր հօրը #31:19 Եբր., թերափիմներըկուռքերը գողցաւ։ 20Յակոբ Ասորի #31:20 Եբր., Լաբանին սիրտը գողցաւԼաբանէն գաղտուկ փախաւ՝ ՝, քանզի իր փախչիլը չգիտցուց անոր։ 21Այսպէս անիկա իր բոլոր ունեցածովը փախաւ ու ելաւ ու Գետէն անցաւ եւ իր երեսը դէպի Գաղաադ լեռը շտկեց։
22Երրորդ օրը Յակոբին փախչիլը Լաբանին պատմուեցաւ։ 23Անիկա իր եղբայրները հետը առնելով, անոր ետեւէն եօթը օրուայ ճամբայ գնաց ու անոր հասաւ Գաղաադ լեռը։ 24Աստուած գիշերը երազի մէջ Ասորի Լաբանին եկաւ ու ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցիր որ Յակոբին աղէկ կամ գէշ չխօսիս»։ 25Երբ Լաբան հասաւ Յակոբին, ան իր վրանը լեռը կանգնեցուցեր էր։ Լաբան իր եղբայրներուն հետ Գաղաադ լեռը ելաւ։
26Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Ի՞նչ է այս քու ըրածդ, որ ինծմէ գաղտուկ փախար եւ իմ աղջիկներս սուրով առնուած գերիներու պէս վարեցիր։ 27Ինչո՞ւ փախչիլդ գաղտուկ պահեցիր եւ ինծմէ փախար ու ինծի չիմացուցիր, որ ես քեզ ուրախութեամբ ու երգերով, թմբուկներով ու քնարներով ղրկէի։ 28Եւ չթողուցիր, որ իմ որդիներս ու աղջիկներս համբուրէի. հիմա այս բանը անմտութեամբ ըրիր։ 29Ձեզի չարիք ընելու զօրութիւնը ունիմ, բայց ձեր հօրը Աստուածը երէկ գիշեր ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զգո՛յշ կեցիր, որ Յակոբին աղէկ կամ գէշ չխօսիս’։ 30Եւ հիմա՝ թէպէտեւ քու հօրդ տունը կարօտցած ըլլալուդ համար գացիր, բայց ինչո՞ւ իմ աստուածներս գողցար»։ 31Եւ Յակոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Լաբանին. «Գաղտուկ երթալուս պատճառը այն էր, որ վախցայ, քանզի ըսի. ‘Չըլլայ որ քու աղջիկներդ բռնութեամբ ինծմէ առնես’. 32Բայց քու աստուածներդ որու քով որ գտնես, թող անիկա չապրի։ Մեր եղբայրներուն առջեւ քննէ ու նայէ՛, եթէ իմ քովս քու մէկ բանդ գտնես՝ ա՛ռ». քանզի Յակոբ չէր գիտեր թէ Ռաքէլ գողցեր էր զանոնք։ 33Լաբան Յակոբին վրանը ու Լիային վրանը եւ երկու աղախիններուն վրանը մտաւ, բայց չգտաւ. ետքը Լիային վրանէն ելաւ ու Ռաքէլին վրանը մտաւ։ 34Ռաքէլ առաւ կուռքերը ու զանոնք ուղտի պատատին մէջ դրաւ ու վրան նստաւ. Լաբան բոլոր վրանը փնտռեց, բայց չգտաւ։ 35Եւ անիկա իր հօրը ըսաւ. «Իմ տիրոջս աչքերուն ծանր չերեւնայ, որ քու առջեւդ չեմ կրնար ոտքի ելլել. քանզի կանանց սովորութեանը մէջ եմ»։ Այսպէս փնտռեց, բայց կուռքերը չգտաւ։
36Յակոբ բարկացաւ ու Լաբանին հետ կը վիճէր։ Յակոբ պատասխան տուաւ ու Լաբանին ըսաւ. «Ի՞նչ է իմ յանցանքս, ի՞նչ է իմ մեղքս, որ տաքութիւնով ետեւէս ինկար։ 37Քանի որ իմ բոլոր կարասիներս խառնեցիր, քու տանդ ամէն կարասիքէն ինչ որ գտար, իմ եղբայրներուս ու քու եղբայրներուդ առջեւ դիր, որպէս զի երկուքիս մէջտեղ դատաստան կտրեն։ 38Լման քսան տարի է, որ քեզի հետ եմ. ոչխարներդ ու այծերդ չվիժեցան եւ քու հոտիդ խոյերը չկերայ։ 39Գազաններէն գիշատուածը չբերի քեզի, վնասը ես կը քաշէի. ցորեկը գողցուածը ու գիշերը գողցուածը իմ ձեռքէս կը պահանջէիր։ 40Այսպէս էի. ցորեկը տաքը ու գիշերը ցուրտը կը մաշէր զիս եւ աչքերէս քունս կը փախչէր։ 41Այսպէս եղայ քսան տարի քու տանդ մէջ. քու երկու աղջիկներուդ համար տասնըչորս տարի ծառայեցի քեզի եւ հօտերուդ համար վեց տարի ծառայեցի եւ իմ վարձքս տասը անգամ փոխեցիր։ 42Եթէ իմ հօրս Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Երկիւղը ինծի հետ չըլլային, իրաւցընէ զիս հիմա դատարկ կը ղրկէիր։ Աստուած իմ տառապանքս ու իմ ձեռքիս աշխատութիւնը տեսաւ ու երէկ գիշեր քեզ յանդիմանեց»։
ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱԿՈԲԻՆ ԵՒ ԼԱԲԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ
43Լաբան պատասխան տուաւ ու ըսաւ Յակոբին. «Այս աղջիկները իմ աղջիկներս են եւ այս որդիները իմ որդիներս են եւ այս հօտերը իմ հօտերս են եւ ինչ որ կը տեսնես, իմս են։ Ի՞նչ ընեմ այսօր այս իմ աղջիկներուս կամ իրենց ծնած զաւակներուն։ 44Ուստի հիմա եկուր, ես ու դուն ուխտ ընենք, որ իմ ու քու մէջտեղ վկայութեան համար ըլլայ»։ 45Յակոբ քար մը առաւ ու իբր արձան կանգնեցուց։ 46Յակոբ իր ազգականներուն ըսաւ. «Քարեր հաւաքեցէ՛ք»։ Անոնք քարեր առին ու դիզեցին եւ հոն դէզին վրայ հաց կերան։
47Լաբան անոր անունը #31:47 Այսինքն, վկայութեան դէզ (Քաղդերէն)Եկար Սահատութա դրաւ, բայց Յակոբ անոր անունը #31:47 Այսինքն, վկայութեան դէզ (Եբրայեցերէն)Գաղաադ դրաւ։ 48Լաբան ըսաւ. «Այս դէզը իմ ու քու մէջտեղ վկայ մըն է այսօր». անոր համար անոր անունը Գաղաադ ըսուեցաւ։ 49Եւ #31:49 Այսինքն, դիտանոցՄասփա ալ ըսուեցաւ. քանզի ըսաւ. «Մեր՝ իրարմէ զատուած ատենը՝ իմ ու քու մէջտեղ Տէրը դիտէ։ 50Եթէ իմ աղջիկներս վշտացնես եւ կամ եթէ իմ աղջիկներուս վրայ ուրիշ կիներ առնես, մեզի հետ մէկը չկայ. ահա իմ ու քու մէջտեղ վկայ Աստուած է»։ 51Եւ Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Ահա այս դէզը եւ ահա մեր մէջտեղ իմ կանգնեցուցած արձանս։ 52Այս դէզը վկայ ու այս արձանը վկայ ըլլան, որ այս դէզէն չանցնիմ քեզի գալու եւ դուն այս դէզէն ու այս արձանէն չանցնիս ինծի գալու, չարիք ընելու համար։ 53Աբրահամին Աստուածը եւ Նաքովրին Աստուածը, անոնց հայրերուն Աստուածը մեր մէջ դատաւոր ըլլայ». Յակոբ իր հօրը Իսահակին Երկիւղովը երդում ըրաւ։
54Յակոբ զոհեր մատուցանեց լերանը վրայ ու իր ազգականները հաց ուտելու հրաւիրեց եւ հաց կերան ու գիշերը լեռը մնացին։ 55Եւ Լաբան առտուն կանուխ ելաւ ու իր որդիները ու իր աղջիկները համբուրեց ու օրհնեց զանոնք։ Ապա Լաբան գնաց ու իր տեղը դարձաւ։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 31: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in