YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 32

32
ՅԱԿՈԲ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵՍԱՒԻՆ ՀԱՆԴԻՊԵԼՈՒ
1Յակոբ իր ճամբան գնաց ու Աստուծոյ հրեշտակները անոր պատահեցան։ 2Յակոբ երբ տեսաւ զանոնք, ըսաւ. «Այս Աստուծոյ բանակն է» եւ այն տեղին անունը #32:2 Այսինքն, երկու բանակներՄանայիմ դրաւ։
3Յակոբ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց իր եղբօրը Եսաւին՝ դէպի Սէիր երկիրը, Եդովմի գաւառը. 4Եւ պատուիրեց անոնց՝ ըսելով. «Իմ տիրոջս Եսաւին այսպէս ըսէք. ‘Քու ծառադ Յակոբ այսպէս կ’ըսէ. Լաբանին քով պանդխտութիւն ըրի ու մինչեւ հիմա ուշացայ. 5Ես ունիմ արջառներ ու էշեր, հօտեր ու ծառաներ եւ աղախիններ եւ ղրկեցի իմ տիրոջս իմացնելու, որպէս զի քու առջեւդ շնորհք գտնեմ’»։ 6Եւ պատգամաւորները դարձան Յակոբին ու ըսին. «Քու եղբօրդ Եսաւին գացինք ու անիկա ալ չորս հարիւր մարդով քեզ դիմաւորելու կու գայ»։
7Յակոբ խիստ վախցաւ ու խռովեցաւ։ Իրեն հետ եղած ժողովուրդը ու հօտերը եւ արջառները եւ ուղտերը երկու խումբի բաժնեց 8Ու ըսաւ. «Եթէ Եսաւ մէկ խումբին հասնի ու զայն զարնելու ըլլայ, միւս խումբը կ’ազատի»։ 9Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ո՛վ իմ հօրս Աբրահամին Աստուածը ու իմ հօրս Իսահակին Աստուածը, ո՛վ Տէր, որ ըսիր ինծի՝ ‘Քու երկիրդ ու քու հայրենիքդ դարձիր ու քեզի բարիք ընեմ’. 10Արժանի չեմ այն ամէն ողորմութիւններուն եւ ամէն հաւատարմութեանը, որ դուն քու ծառայիդ ցուցուցիր, քանզի իմ գաւազանովս անցայ այս Յորդանանէն եւ հիմա երկու խումբի տէր եղայ։ 11Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս իմ եղբօրս Եսաւին ձեռքէն. որովհետեւ ես անկէ կը վախնամ, որ չըլլայ թէ գայ ու զարնէ զիս ու մայրը տղաքներովը։ 12Դուն ըսիր թէ՝ ‘Անշուշտ քեզի բարիք պիտի ընեմ ու քու սերունդդ ծովի աւազին չափ պիտի ընեմ, որ շատութենէն չհամրուիր’»։
13Այն գիշերը հոն կեցաւ ու իր ձեռքը գտնուածէն իր եղբօրը Եսաւին համար ընծաներ պատրաստեց։ 14Երկու հարիւր այծ եւ քսան նոխազ, երկու հարիւր էգ ոչխար եւ քսան խոյ, 15Երեսուն ծիծ տուող ուղտ իրենց ձագերովը, քառասուն կով ու տասը ցուլ, քսան էգ էշ եւ տասը աւանակ։ 16Ամէն մէկ հօտը զատ զատ իր ծառաներուն ձեռքը յանձնեց ու ըսաւ իր ծառաներուն. «Առջեւս անցէք ու հօտերը իրարմէ քիչ մը հեռու թողուցէք»։ 17Առջեւէն գացողին պատուիրեց՝ ըսելով. «Երբ իմ եղբայրս Եսաւ քեզի պատահի ու հարցնէ, ըսելով՝ ‘Դուն որո՞ւնն ես եւ ո՞ւր կ’երթաս եւ այս առջեւդ եղածները որո՞ւնն են’. 18Այն ատեն ըսէ թէ քու ծառայիդ Յակոբինն է, իմ տիրոջս Եսաւին ղրկած ընծան է եւ ահա ինք ալ ետեւնիս է»։ 19Եւ այսպէս երկրորդին ու երրորդին եւ հօտերուն ետեւէն բոլոր գացողներուն պատուիրեց՝ ըսելով. «Այս խօսքին պէս ըսէք Եսաւին երբ որ զինք գտնէք, 20Ահա քու ծառադ Յակոբ ալ ետեւնիս է»։ Քանզի ըսաւ. «Առջեւէս գացող ընծաներով անոր երեսը կը կակուղցնեմ եւ անկէ ետքը անոր երեսը կը տեսնեմ. թերեւս զիս ընդունի»։ 21Այսպէս ընծաները անոր առջեւէն գացին, իսկ ինք այն գիշերը հոն մնաց բանակին մէջ։ 22Նոյն գիշերը ելաւ ու իր երկու կիները եւ իր երկու աղախինները ու իր տասնըմէկ որդիները առաւ եւ Յաբոկի անցքէն անցաւ։ 23Առաւ զանոնք ու վտակէն անցուց եւ իր բոլոր ունեցածը անցուց։
ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՒԷԼԻ ՄԷՋ ԿԸ ԳՕՏԵՄԱՐՏԻ
24Յակոբ մինակ մնաց ու մարդ մը կը գօտեմարտէր անոր հետ մինչեւ արշալոյս 25Եւ երբ մարդը տեսաւ թէ անոր չյաղթեց, անոր զիստին ամոլաջիլին դպաւ եւ անոր հետ գօտեմարտած ատենը Յակոբին զստին ամոլաջիլը #32:25 Կամ, թմրեցաւխախտեցաւ։ 26Եւ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, քանզի արշալոյսը #32:26 Եբր., ելաւերեւցաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Չեմ թողուր քեզ, մինչեւ որ զիս չօրհնես»։ 27Անիկա ըսաւ իրեն. «Ի՞նչ է անունդ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յակոբ է»։ 28Անիկա ըսաւ. «Ալ անգամ մըն ալ քու անունդ Յակոբ չըսուի, հապա #32:28 Այսինքն, Աստուծոյ հետ մարտնչողԻսրայէլ. վասն զի Աստուծոյ հետ ու մարդոց հետ մարտնչեցար եւ յաղթեցիր»։ 29Եւ Յակոբ հարցուց ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, անունդ ըսէ ինծի»։ Անիկա ըսաւ. «Ինչո՞ւ իմ անունս կը հարցնես» եւ հոն օրհնեց զանիկա։ 30Յակոբ այն տեղին անունը #32:30 Այսինքն, Աստուծոյ երեսըՓանուէլ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած դէմ առ դէմ տեսայ ու իմ անձս ողջ մնաց»։
31Եւ Փանուէլէն անցածին պէս արեւը անոր վրայ ծագեցաւ ու իր զստին վրայ կը կաղար։ 32Անոր համար Իսրայէլի որդիները զստին վրայի #32:32 Կամ, ամոլաջիլըթմրած ջիղը՝ ՝ չեն ուտեր մինչեւ այսօր, որովհետեւ Յակոբին զստին #32:32 Կամ, ամոլաջիլինթմրած ջիղին՝ ՝ դպաւ։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 32: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in