YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 38

38
ՅՈՒԴԱ ԵՒ ԹԱՄԱՐ
1Պատահեցաւ որ Յուդա իր եղբայրներուն քովէն իջաւ ու Ոդողոմացի մէկուն քով գնաց, որուն անունը Իրաս էր։ 2Յուդա Շաւա անունով Քանանացիի մը աղջիկը տեսաւ ու առաւ զանիկա եւ մտաւ անոր։ 3Անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Էր դրաւ։ 4Ու նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Օնան դրաւ։ 5Եւ դարձեալ որդի մըն ալ ծնաւ ու անոր անունը Սելօմ դրաւ։ Երբ զանիկա ծնաւ՝ Յուդա Քեզիբի մէջ էր։
6Յուդա իր անդրանիկ տղուն՝ Էրի՝ կին մը առաւ, որուն անունն էր Թամար։ 7Յուդայի անդրանիկ Էրը չար էր Տէրոջը առջեւ։ Ու Տէրը մեռցուց զանիկա։ 8Եւ Յուդա ըսաւ Օնանին. «Մտիր քու եղբօրդ կնոջ ու տագրութեան իրաւունքդ կատարէ անոր եւ քու եղբօրդ սերունդ հանէ»։ 9Օնան գիտցաւ որ սերունդը իրենը պիտի չըլլայ, անոր համար երբ իր եղբօրը կնոջ կը մտնէր, սերմը գետին կը թափէր, որպէս զի եղբօրը սերունդ չտայ։ 10Այս ըրած բանը Տէրոջը առջեւ գէշ երեւցաւ ու զանիկա ալ մեռցուց։ 11Յուդա իր Թամար հարսին ըսաւ. «Որբեւարի նստէ քու հօրդ տունը մինչեւ իմ Սելօմ որդիս մեծնայ». քանզի ըսաւ. «Չըլլայ որ աս ալ իր եղբայրներուն պէս մեռնի»։ Թամար գնաց ու իր հօրը տունը նստաւ։
12Շատ օրեր յետոյ մեռաւ Շաւայի աղջիկը՝ Յուդային կինը։ Երբ Յուդա մխիթարուեցաւ, Թամնա գնաց իր հօտերը ասրակտուր ընողներուն քով՝ ինք ու իր բարեկամը Ոդողոմացի Իրաս։ 13Ըսուեցաւ Թամարին թէ՝ «Ահա քու կեսրայրդ դէպի Թամնա կ’ելլէ՝ իր ոչխարները ասրակտուր ընելու»։ 14Ան ալ իր որբեւարութեան հանդերձները հանեց իր վրայէն ու քօղով մը ծածկուեցաւ ու փաթթուեցաւ եւ Թամնայի ճամբուն մէջ եղող Ենայիմի մուտքը նստաւ, քանզի տեսաւ որ Սելօմ մեծցաւ ու ինք անոր կին ըլլալու չտրուեցաւ։ 15Երբ Յուդա տեսաւ զանիկա, բոզ կարծեց, քանզի իր երեսը ծածկեր էր։ 16Ճամբան անոր դարձաւ ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քեզի մտնեմ», քանզի չէր գիտեր թէ անիկա իր հարսն է։ Անիկա ըսաւ. «Ինծի մտնելու համար ի՞նչ կու տաս ինծի»։ 17Յուդա ըսաւ. «Ես քեզի այծի ուլ մը կը ղրկեմ հօտերէն»։ Կինը ըսաւ. «Գրաւ մը կու տա՞ս մինչեւ ղրկելդ»։ 18Յուդա ըսաւ. «Ի՞նչ գրաւ տամ քեզի»։ Անիկա ըսաւ. «Քու կնիքդ ու ժապաւէնդ եւ ձեռքիդ գաւազանը տուր»։ Ան ալ տուաւ անոր ու մտաւ անոր։ Թամար անկէ յղի մնաց։ 19Ապա ելաւ ու գնաց ու իր վրայէն քօղը հանեց ու իր որբեւարութեան հանդերձները հագաւ։ 20Յուդա իր բարեկամին, Ոդողոմացիին ձեռքով այծին ուլը ղրկեց, որպէս զի կնոջ ձեռքէն գրաւը առնէ. բայց չգտաւ զանիկա։ 21Այն տեղի մարդոց հարցուց՝ ըսելով. «Ճամբուն վրայ Ենայիմի մէջ եղած բոզը ո՞ւր է»։ Անոնք ըսին. «Հոս բոզ չկայ»։ 22Բարեկամը դարձաւ Յուդային ու ըսաւ. «Չգտայ զանիկա եւ այն տեղի մարդիկն ալ ըսին թէ ‘Հոս բոզ չկայ’»։ 23Յուդա ըսաւ. «Իրեն թող ըլլայ, որպէս զի խայտառակ չըլլանք. ահա ես այս ուլը ղրկեցի ու դուն չգտար զանիկա»։ 24Երեք ամիս յետոյ Յուդային պատմուեցաւ՝ ըսելով. «Քու հարսդ Թամար պոռնկացաւ, նաեւ ահա պոռնկութենէն յղի մնաց»։ Յուդա ըսաւ. «Հանեցէք զանիկա, որ այրուի»։ 25Երբ զանիկա դուրս կը հանէին, գրաւները իր կեսրայրին ղրկեց՝ ըսելով. «Ես այս բաներուն տիրոջմէն յղի եմ»։ Նաեւ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, գիտցի՛ր թէ այս կնիքն ու ժապաւէնը եւ գաւազանը որո՞ւնն են»։ 26Յուդա ճանչցաւ ու ըսաւ. «Անիկա ինծմէ արդար է, վասն զի զանիկա իմ որդիիս Սելօմին չտուի»։ Անգամ մըն ալ չգիտցաւ զանիկա։
27Երբ ծնանելու ատենը հասաւ՝ անոր արգանդին մէջ երկուորեակ էին։ 28Երբ կը ծնանէր, մէկը ձեռքը երկնցուց եւ մանկաբարձը առաւ ու անոր ձեռքին վրայ կարմիր դերձան կապեց՝ ըսելով. «Առաջ աս ելաւ»։ 29Անիկա իր ձեռքը ետ քաշածին պէս՝ անոր եղբայրը ելաւ։ Մանկաբարձը ըսաւ. «Ինչո՞ւ ցանկը պատռեցիր. այս պատառումը քու վրադ ըլլայ»։ Անոր համար անոր անունը #38:29 Այսինքն, պատառումՓարէս դրուեցաւ։ 30Ու ետքը ձեռքին վրայ կարմիր դերձան ունեցող եղբայրը ելաւ եւ անոր անունը Զարա դրուեցաւ։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 38: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in