YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 39

39
ՅՈՎՍԷՓ ԵՒ ՊԵՏԱՓՐԷՍԻ ԿԻՆԸ
1Յովսէփը Եգիպտոս իջեցուցին եւ Փարաւոնին ներքինին՝ Եգիպտացի Պետափրէս դահճապետը ծախու առաւ զանիկա Իսմայելացիներուն ձեռքէն, որոնք զանիկա հոն իջեցուցին։ 2Տէրը Յովսէփին հետ էր ու անիկա յաջողակ մարդ մըն էր ու իր Եգիպտացի տիրոջը տունն էր անիկա։ 3Անոր տէրը տեսաւ որ Տէրը անոր հետ է եւ թէ ինչ որ ընէր, Տէրը կը յաջողցնէր անոր ձեռքով։ 4Յովսէփ շնորհք գտաւ անոր առջեւ ու կը ծառայէր անոր, որ իր տանը վրայ վերակացու ըրաւ զանիկա եւ իր բոլոր ունեցածը անոր ձեռքը յանձնեց։ 5Այն օրէն, երբ Յովսէփը իր տանը ու իր բոլոր ունեցածին վրայ վերակացու եղաւ, Տէրը Եգիպտացիին տունը օրհնեց Յովսէփին համար։ Թէ՛ տանը մէջ եւ թէ՛ դաշտին մէջ անոր բոլոր ունեցածին վրայ Տէրոջը օրհնութիւնը եղաւ։ 6Պետափրէս իր բոլոր ունեցածը Յովսէփին ձեռքը թողուց ու ինչ որ կար անոր քով՝ չէր գիտեր՝ իր կերած հացէն զատ։ Յովսէփ գեղեցիկ էր դէմքով ու գեղեցիկ՝ տեսքով։
7Ժամանակ մը յետոյ՝ անոր տիրոջը կինը աչք տնկեց Յովսէփին վրայ ու ըսաւ. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ 8Բայց Յովսէփ չհաճեցաւ։ Իր տիրոջը կնոջը ըսաւ. «Ահա իմ տէրս տանը մէջ իմ քովս ինչ որ կայ՝ չի գիտեր եւ իր բոլոր ունեցածը իմ ձեռքս յանձնեց. 9Այս տանը մէջ ինծմէ մեծը չկայ ու բա՛ն մը ինծմէ չարգիլեց՝ քեզմէ զատ, վասն զի դուն անոր կինն ես. ուրեմն ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ 10Թէեւ կինը օրէ օր Յովսէփին կ’ըսէր, բայց անիկա մտիկ չէր ըներ անոր՝ որ հետը պառկի կամ հետը ըլլայ։ 11Օր մը Յովսէփ գործի համար տուն եկաւ եւ հոն տանը մէջ տանը մարդոցմէն մէ՛կը չկար։ 12Տիկինը բռնեց անոր հանդերձէն՝ ըսելով. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Յովսէփ իր հանդերձը անոր ձեռքը թողուց ու փախաւ, դուրս ելաւ։ 13Երբ կինը տեսաւ որ Յովսէփ հանդերձը իր ձեռքը թողուց ու դուրս փախաւ, 14Իր տանը մարդիկը կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, տէրս մեզի Եբրայեցի մը բերաւ մեզ խայտառակ ընելու համար։ Անիկա ինծի եկաւ՝ ինծի հետ պառկելու համար, բայց ես բարձր ձայնով պոռացի։ 15Ու երբ լսեց իմ բարձր ձայնով պոռալս, իր հանդերձը քովս թողուց եւ փախաւ դուրս ելաւ»։ 16Ու մինչեւ որ անոր տէրը տուն եկաւ, անոր հանդերձը իր քով պահեց։ 17Ապա խօսեցաւ անոր այս խօսքերը՝ ըսելով. «Այն Եբրայեցի ծառան, որ դուն մեզի բերիր, զիս խայտառակ ընելու համար եկաւ ինծի։ 18Ու երբ իմ ձայնս վերցուցի ու պոռացի, իր հանդերձը քովս թողուց ու դուրս փախաւ»։
19Երբ անոր տէրը լսեց իր կնոջ խօսքերը, որոնք խօսեցաւ իրեն՝ ըսելով. «Քու ծառադ ինծի այսպէս ըրաւ», իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ 20Յովսէփին տէրը առաւ զանիկա ու բանտը դրաւ, այն տեղը, ուր թագաւորին բանտարկեալները կապուած էին։ Հոն բանտին մէջ մնաց։ 21Բայց Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր եւ բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ անոր։ 22Բանտապետը Յովսէփին ձեռքը յանձնեց բանտին մէջ եղած բոլոր բանտարկեալները։ Հոն ամէն գործ տեսնողը ան էր։ 23Բանտապետը անոր ձեռքը եղած մէ՛կ բանին չէր նայեր. վասն զի Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 39: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in